Ուիքիճամբար՝ Փորթուկալի մէջ

«Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, 17-25 Օգոստոս թուականներու միջեւ Փորթուկալի Քատավալ շրջանին մէջ կազմակերպուեցաւ հերթական Ուիքիճամբարը։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ հովանաւորուող նախագիծին մասնակից էին Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն, Յունաստանէն, Ֆրանսայէն շուրջ 50 պատանիներ ու երիտասարդներ։ «Ուիքիմետիա Հայաստան»ի արեւմտահայերէնի համակարգող Ազնիւ Ստեփանեան մէկ շաբաթ շարունակ «Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարան»ի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց մասնակիցներուն, որոնք ստեղծեցին նոր յօդուածներ կամ խմբագրեցին ու սրբագրեցին արդէն իսկ եղածները։ Ճամբարի վերջին օրը երիտասարդները այցելեցին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կեդրոնը, ինչպէս նաեւ շրջեցան Լիզպոնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ