Աւանդը նոր առաքեալին կը սպասէ

ԱՂԱՒՆԻ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ

Մօտ չորս հազար տարուայ ակունքներ ունեցող հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ բնորոշիչ յատկութիւն ունի Մեծ Եղեռնը։ Հայոց վերջին հարիւր տարուայ պատմութիւնը հիւսուեցաւ ցեղասպանութենէ վերապրողներուն այդ սարսափազդու աղէտի պատճառած վէրքերը դարմանելու ջանքերով։

Գիտնականներ, արուեստագէտներ, հոգեւորականներ, քաղաքական գործիչներ ամէն մէկը փորձեցին իրենց ներդրումը ունենալ համազգային սպիացման շրջանին։ Այս բնոյթի ջանքերուն կարեւոր մէկ մասը, եթէ ուղղուած էր հայրենազուրկ դարձած հայորդիներու իրենց նոր կեանքին մէջ զօրակցելու, մէկ մասն ալ ուղղուեցաւ հարազատ երկրի մէջ գոյատեւելով հանդերձ ազգային յատկութիւնները մաշածներուն, նոյնիսկ հետզհետէ կորածներուն վերականգման գործին։

Այս ընթացքին մէջ շատ մեծ աւանդ մը ունեցաւ պոլսահայոց երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքը։ Շնորհք Արք. Գալուստեան ինք ալ հազիւ երկու տարեկան հասակին այդ աղէտի հետեւանքով որբացաւ։ Ամուրի մայրը գերմարդկային ճիգերով ապահովեց իր որդւոյն՝ աւազանի անունով Արշակի հայապահպանումը։ Փոքրիկ որբը նախ ղրկուեցաւ Թալասի Ամերիկեան Քոլէժը ու ապա Լիբանան, Պէյրութի Նահր Իպրահիմ Որբանոցը։ Ան աւելի ետք ուսում ստացաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի ճեմարանին մէջ եւ ապա լուծուեցաւ իբրեւ հոգեւորական իր ժողովուրդին ծառայելու առաքելութեան։ Պայմաններու բերումով վերադարձաւ Թուրքիա եւ կեանքի վերջին 29 տարիներուն ստանձնեց այս երկրի հայ ժողովուրդի հովուապետութեան աշխատութեան։

Արդարացնելու համար հովուապետ կոչումը մեծ ջանք վատնեց կորած ոչխարները ետ բերելու համար։ Բարեբախտութիւն է որ, այդ դժուարին պայմաններուն տակ գտաւ իր հոգը կիսող հոգեւորականներ։ Անոնք մերթ Հայ Առաքելական քահանայի մը, մերթ բողոքական պատուելիի մը կերպարով շրջեցան հայաթափ եղած պատմական Հայաստանի տարածքը եւ սկսելով մանուկներէն կամ պատանիներէն հաւաքեցին հայոց կորած բեկորները։

Իր նախորդը՝ Գարեգին Արք. Խաչատուրեան արդէն այդ միտումով վերակերտած էր երբեմնի Արմաշու Դպրեվանքը, այս անգամ Սկիւտարի բարձունքին վրայ։ Գարակէօզեան Որբանոցը արդէն շատ աւելի կանուխ լծուած էր ազգին որբերը կորուստէ փրկելու աշխատանքին։ Շնորհք Պատրիարք ինք շարունակեց իր նախնեաց աւանդը, անոր վրայ աւելացնելով Գնալը Կղզիի Կաստուրման Կայանը։ Այստեղ հարկ է նշել որ վերեւ յիշուած բողոքական պատուելին՝ Հրանդ Կիւզէլեան եւս նոյն շրջանին լծուած էր նման աշխատութեան, որուն հետեւանքով գոյացաւ Թուզլայի մէջ հայ մանուկներու ճամբար մը՝ «Քամփ Արմէն» անունով։

Նախորդ Կիրակի Գնալը Կղզիի մէջ նշուեցաւ Կաստուրման Կայանի հիմնադրութեան 50 ամեակը, ուր պոլսահայոց ծանօթ եւ սիրելի բեմադրիչ Արամ Կոստանեան ներկայացուց այս մեծ նուիրեալի ողբերգական կենսագրութիւնը։ Աւարտին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան ելոյթ ունենալով դրուատեց Շնորհք Պատրիարքի անմոռանալի ծառայութիւնը։ Սրբազանի նախադասութիւնները կը վկայէին թէ ինք ամբողջ սրտով կը զգայ ու կը գիտակցի Շնորհք Պատրիարքի գործին իմաստը։

Կը պարտինք անդրադառնալ, որ այդ առաքելութիւնը այսօր տակաւին ի զօրու է հայոց պատմական բնաշխարհին վրայ, ուր հայու ցիրուցան բեկորներ կը շարունակեն նոր առաջնորդներու յայտնութեան։    

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ