Աւարտ անհաճոյ վէճի

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com

Նախորդ շաբաթ «Ակօս»ի հայերէն էջերու վրայ լոյս տեսած մեր յօդուածին սկսած էինք «Մեր հաշւոյն անբաղձալի երեւոյթ է հակաճառութեան մտնել հայ մամուլի ոեւէ գրողի հետ» նախադասութիւնով։ Բնականաբար կը սպասէինք «Ժամանակ» թերթի գրող Սագօ Արեանի պատասխանը։ Որոշած էինք այդ պատասխանով նիւթը աւարտած համարել։ Սակայն մեր ակնկալած պատասխանը փոխանակ հեղինակէն, եկաւ թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ մեզի համար սիրելի բարեկամ Արա Գօչունեանէ։

Գօչունեան առանց մխրճուելու քննարկուած նիւթի մանրամասնութիւններուն, ընդվզում կը յայտներ մեր կողմէ ուղղուած «պատուէրով գրելու» վարկածին։

Խոստովանինք որ նման վարկած մտաբերելու համար վերջին շրջաններուն իր որդեգրած քաղաքական գիծով, բազում պատճառներ ընձեռած է «Ժամանակ» օրաթերթը։ Պոլսահայոց այս պատմական մամուլը վերջերս գործածած վերնագիրերով կու գայ թրքական իշխանամէտ, այսպէս կոչուած՝ «Պալատի մէտիա»ին մաս կազմելու։

Ուրեմն սիրելի Արա Գօչունեանի պատասխանը կը կարդանք այս ենթահողին վրայ եւ կը տարուինք խորհելու, թէ զինք միայն ճշմարտութիւնը այսքան պիտի բարկացներ։ Համոզուեցանք որ պատուէրով գրելու մասին մեր վարկածը այդքան ալ անհիմն չէ եղած։ Եթէ յօդուածի ներքեւ փոխանակ Գօչունեանի, տեսնէինք Սագօ Արեանի ստորագրութիւնը, այս երկրորդ գրութեան կարիք ալ պիտի չզգայինք։ Սագօ Արեան որպէս սփիւռքահայ, դիւրաւ կրնայ տարուիլ եւ Փայլանը տեսնել իբրեւ «պապէն աւելի պապական»։ Ան կը յայտնէ իր կարծիքը, մենք մեր եւ վերջ։ Նոյնիսկ այդ պարագային կրնայինք խորհիլ որ չափազանցութիւն ըրած ենք պատուէրով գրելու մեղադրանք յայտնելով։

Ի դէմ այս բոլորին, սոյն հակաճառութեան նիւթ դարձած Կարօ Փայլան եւ Նոր Զարթօնք շարժումը կեղծ կուռքեր չեն, այլ մեր ժամանակներու իրողութիւնները։ Այդ հանգամանքով ալ պէտք չունին ոչ մեր եւ ոչ ալ ուրիշին փաստաբանութեան։

Մի գուցէ որոշ շրջանակներ տակաւին պատրաստ չըլլան նման իրողութիւնները մարսելու։ Անոնք միշտ սիրած են «զսպուածութիւն», «լրջութիւն» կամ «շրջահայեցութիւն» անուանումներու ետին թաքնուած վախկոտութիւնը։ Ազգին գլխուն պատահած բոլոր փորձանքներուն լռութեան մէջ համակերպիլը համայնքի ապահովութիւն կարծողները մեր ներկայ ընկճուածութեան ալ հեղինակներն են։

Վախկոտութեան խայտառակ արտայայտութիւն մը լսած էինք տարիներ առաջ, երբ ասորի թեկնածու մը՝ Էրոլ Տորա դարձեալ ՀՏՓ կուսակցութեան շարքերէն պատգամաւոր ընտրուցաւ։ Ասորի համայնքի անունով հրապարակուած էր յայտարարութիւն մը՝ ուր կ՚ըսուէր թէ Տորա չի ներկայացներ ասորի ժողովուրդը, որ հաւատարիմ է իր երկրին, այսինքն Թուրքիոյ։

Ի վերջոյ այս մտայնութիւնը քսան տարիներ առաջ ալ նման վախկոտութիւնով կը հետեւէր Հրանդ Տինքի պահանջատիրական արդար ելոյթներուն։ Ամէն անգամ որ Հրանդ իւրաքանչիւր հայու իր տան մէջ, ցած ձայնով խօսածները մեծ համարձակութեամբ կը կիսէր հեռուստաէկրանի վրայ, ոմանք լեղապատառ կ՚ըլլային։ Շատ կը վախնային որ Վոսփորի ձուկով եւ բաժակ մը օղիով սահմանուած սեփական «հանգիստ կեանք»ը կը վտանգուի հայուն պահանջատիրութեամբ։ Այդ սարսափի գրական- քաղաքական պատրուակն է, ոմանց յաճախ ընդգծած «զսպուածութիւն» կամ «շրջահայեցութիւն» կոչուածները։

Բոլորիս ծանօթ է Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւններուն երկրի փոքրամասնութեանց դէմ վարած քաղաքականութիւնը։ Այդ քաղաքականութիւնը վերջերս հասած է բռնատիրութեան աստիճանի։ Ներկայ դրութեան մէջ կարելի չէ արդարադատական համակարգի արդարութեան ապաւինել։ Սակայն ի դէմ այս բոլորին, չենք կրնար նաեւ մեր անհատական կամ հաւաքական արժանապատուութենէն հրաժարիլ։

Էրտողան մեր նախագահն է, որքան ալ խուսափինք կ՚ազդուինք իրմէ։ Ան ըսած էր՝ «Աստուած ու ազգս թող ներեն զիս»։ Ուրեմն մենք ալ համեստաբար հետեւինք իրեն ու այս վէճը աւարտենք ըսելով՝ «ընթերցողը թող ներէ մեզ այս անհաճոյ գրութեան համար»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ