Պատմական յիշողութեան վայրը հանգստեան գիւղի՞ կը վերածուի

Քաղաքներու վերակազմութիւնը միշտ իր կարգին կորուստներու ալ տեղի կու տայ։ Չէ՞ որ քաղաք կոչուածը միաժամանակ բազմաթիւ յուշերու վկայութիւն է։ Մարդիկ իրենց անցեալները կը փնտռեն քաղաքի թաղերուն մէջ, ուր անցուցած են մանկութեան, պատանութեան կամ երիտասարդութեան տարիները։ Չեն ուզեր որ այդ յուշերը պահող այգիները, շուկաները, շէնքերը, հասարակապատկան կառոյցները առյաւէտ կորչին եւ իրենց տեղ բարձրանան նոր բարքեր խորհրդանշող, բայ ատկէ դուրս ոչ մէկ յատկութիւն ունեցող նորերը։ Անշուշտ այդ փոխանակման ընթացքին ոմանք կարեւոր գումարներ ապահովելու միջոցներու կը տիրանան, այդ իսկ պատճառաւ ալ շատ անգամ այս պայքարէն յաղթանակով դուրս եկողը դրամատէրերը կ՚ըլլան, այլ ոչ թէ հին բարքերու երազանքով ապրող դատարկապորտներ։ Իսթանպուլցիներս մեծ փորձառութիւն ունինքն այս նիւթին շուրջ։ Բազմաթիւ պայքարներ մղած ենք, երբեմն շարժանկարի սրահի մը, երբեմն ծաղարանի մը, երբեմն զբօսայգիի մը թալանման դէմ։ Այժմ այդ տեսակի պայքար մը կը սպասէ լիբանանցիներուն։ Հիմա իրենք են որ պիտի փորձեն քաղաքի յիշողութիւնը խնայել ագահ դրամապաշտութենէ։ Սպառնալիքի տակ յայտնուողը այս անգամ Հայոց ցեղասպանութեան խորհրդանշական շէնքերէն մէկն է։ Լիբանանի կառավարութիւնը յատկապէս քաղաքի ծովափնեայ տարածքները կ՚ուզէ վերարժեւորել։ Այդ նպատակաւ կ՚ուզէ զբօսաշրջական նոր դիմագիծ մը տալ անցեալին հայ որբերու օրրան դարձած «Թռչնոց Բոյն»ին։ Այս անունով ծանօթ որբանոցը 1928-ին հիմնուած էր դանիացի բուժքոյր Մարիա Եակոբսենի կողմէ։ Եակոբսենի հիմնած այդ հաստատութիւնը երկար տարիներ ապաստան հանդիսացաւ յատկապէս Խարբերդի շրջանէն աքսորուած ու անտէր մնացած հայ որբերուն։

Այստեղ ցաւալի է այն երեւոյթը, որ որբանոցը շահութաբեր կալուածի մը վերածելու ցանկութիւնը կու գայ ոչ թէ ագահ դրամատէրէ մը, այլ նոյն ինքն այդ տարածքի բնական պատասխանատուութիւնը ստանձնած հաստատութենէ։ Արդարեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանն է որ կը մտադրէ շինարարական ընկերութեան մը հետ գործակցելով, երբեմնի «Թռչնոց Բոյժ» որբանոցը զբօսաշրջութեան կեդրոնի մը վերածել։ Նիւթին առաջին անգամ օրակարգի եկած օրերուն որոշ հակազդեցութիւն գոյացաւ, որուն հետեւանքով Կաթողիկոսարանը խոստացաւ որոշումը վերանայութեան ենթարկել։ Այդ օրուան խոստումներուն համաձայն նիւթը վերանայութեան պիտի մատնուէր եւ հասարակութիւնը տեղեակ պիտի պահուէր կայացած որոշումներէն։ Սակայն այս խոստումէն ետք անցած է լման տարի մը ու այդ ժողովը չէ կայացած։ Միւս կողմէ շինութիւնը ստանձնող ընկերութեան կայք էջի վրայ կը հրապարակուին նոր լրատուութիւններ եւ ցարդ կատարուած գործողութիւններու մասին բացատրութիւններ։ Ծրագրի առաջին անգամ օրակարգի եկած օրերուն դժգոհութեան ամենամեծ պատճառը այդտեղ թաղուած երախաներուն շիրմերուն փոխադրութեան նիւթն էր։ Յիշենք որ ցեղասպանութեան տարիներուն բազմաթիւ որբեր ճանապարհի ընթացքին զանազան հիւանդութիւններէ կը վարակուէին որբանոց հասնելէ կարճ ժամանակ ետք ալ կը մահանային։ Ցեղասպանութեան այդ տեսակի զոհերը թաղուած են անմիջապէս տեղւոյն վրայ, որոնց շիրիմները մինչեւ այսօր ցեղասպանութեան խօսուն վկաները ըլլալով կը դիտուին։ Նշենք որ «Թռչնոց Բոյն»ին ալ գտնուած տարածքը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ կը գնահատուի իբրեւ համաշխարհային մշակոյթի ժառանգ։

«Թռչնոց Բոյն»ի ապագան փրկելու համար կազմուած է հարթակ մը, որ իր կարգին կը փորձէ հասարակութիւնը իրազեկ պահել անցուդարձերէն։ Արշաւը ստանձնող խմբակը կոչ կ՚ուղղէ «Թռչնոց Բոյն»ի գտնուած Պիպլոսի շրջանին քաղաքապետարանին եւ Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան պահանջելով, որ անոնք զգոյշ գտնուին եւ տեղի չի տան այս սրբազան վայրին լոկ շահոյթ ապահովելու մարմաջով փճացման։

Պատմական անցեալ

Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնադրամը Ա. Համաշխարհային պատերազմին եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներուն համար կը ձեռնարկէ գաղթակայաններու հիմնադրութեան։ 1919-1922 թուականներու միջեւ մօտ 110 հազար հայ որբեր փոխադրուած են Ռուսաստան, Սուրիա, Լիբանան, Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ։ Այդ կարգին 1400 որբեր ալ կը բերուին Պիպլոս։ 1926-ին Դանիացի Կին Միսյոնար Բանուորներու Կազմակերպութեան անունով որբանոցի խնամքը կը ստանձնէ բուժքոյր Մարիա Եակոբսեն եւ մինչեւ 1960-ի իր մահը կը շարունակէ այս առաքելութիւնը։ Որբանոցը 1967-ին կը փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի հոգատարութեան։

Սուրբ Գայիանէ Եկեղեցի

Սուրբ Գայիանէ եկեղեցին կառուցուած է 1921-ին։ Նախապէս բազմաբնոյթ ժողովներու համար նախատեսուած կառոյցը 1926-ին կը վերածուի աղօթատեղիի։ Լիբանանի պաշտօնական կալուածաթուղթերուն մէջ ալ ան կը նշուի որպէս աղօթատեղի։

Սրբավայրը 1967-ին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին փոխանցուելէ ետք վերանուանուեցաւ Սուրբ Գայիանէ Եկեղեցի։   

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ