Գնդապետ Մեթին Եըլտըզ ձերբակալուած

Տինքի ոճիրի նիւթով հարցաքննուած «Ֆօքս ԹՎ»ի լուրերու բաժնի տնօրէն լրագրող Էրճան Կիւն եւ Ոճիրի թուականին Տրապիզոնի Ոստիկան Զօրաց Լրաքաղութեան Բաժնի փոխ գնդապետ Մեթին Եըլտըզ ձերբակալուեցան։ Երկու ձերբակալեալները կը մեղադրուին Կիւլէնական շարժումի անդամակցութեամբ։ Փոխ գնդապետ Մեթին Եըլտըզ նախապէս ալ մեղադրուած էր Հրանդի սպանութեան մասին լրաքաղութիւն ստանալով հանդերձ կանխամիջոցներուն դիմած չըլլալուն ամբաստանութեամբ։ Ան այդ մեղադրանքին դէմ յայտնած էր, թէ լրատուութիւնը փոխանցող Ճոշկուն Իղճի վստահելի մէկը չըլլալուն նկատի չէ առած անոր փոխանցած լրատուութիւնը։ Նշենք որ այստեղ յիշուած Ճոշկուն Իղճի ազգականական կապ ունի ոճիրի գլխաւոր յանցագործ Եասին Հայալի հետ։ Ան նախապէս դատուած եւ պաշտօնին մէջ թերանալու մեղադրանքով վեց ամիս արգելափակման դատապարտուած էր։ Սակայն Վճռաբեկ Ատեանը անբաւարար համարեց տրուած պատիժը եւ վճիռը խափանեց պատճառաբանելով որ դատը պէտք է կայանայ Եղեռնադատ Ատեանի մօտ։        

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ