Արթիւր Պայտասարեան եւ Էտվին Կալիպօղլու Երեւանի բեմերէն

Պոլսահայ յայտնի երգիչ Արթիւր Պաղտասարեան եւ դաշնակահար Էտվին Կալիպօղլու 15 Սեպտեմբերի երեկոյեան համերգային ելոյթ մը պիտի ունենան Երեւան՝ Կոմիտասի անուան Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ։ Արթիւր Պաղտասարեան երաժշտական ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական Կոնսերուաթորիայի մէջ։ Իսկ Էտվին Կալիպօղլու արդէն բազմավաստակ երիտասարդ արուեստագէտ մը ըլլալով ծանօթ է պոլսահայ երաժշտական շրջանակներուն։ Համերգի ընթացքին պիտի հնչեն Կոմիտաս Վարդապետի, Մակար Եկմալեանի, Ալան Յովհաննէսի, Արամ Խաչատրեանի, Էտկար Մանասի, Արա Պարթեւանի եւ Ռոպէր Աթայեանի ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ։ Համերգը կը կայանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ։   

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ