Արեւմտահայերէնի դասընթացքները կը սկսին

 Տինք Հիմնարկի եւ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի միատեղ իրականացուցած աշուն 2016 շրջանի արեւմտահայերէնի դասընթացքները 26 Սեպտեմբեր-էն 22 Նոյեմբեր պիտի ընթանայ Իսթանպուլի մէջ, Հրանդ Տինք Հիմնարկէն ներս։ Սեւան Տէյիրմենճեանի ուսուցչութեամբ, երկու ամիսներու վրայ երկարող 75 ժամուան լեզուի ուսուցում պիտի կայանայ։ Ուսուցումը տեղի պիտի ունենայ երկու մակարդակներուն հիման վրայ բաժնուած, շաբաթը 3 օր՝ 9 ժամ։

 Առաջին մակարդակ՝

Երկուշաբթի։ 18։00 – 21։00, Չորեքշաբթի 18։00 – 21։00, Շաբաթ։10։00 – 13։00

 Երկրորդ մակարդակ՝

Երեքշաբթի։ 18։00 – 21։00, Հինգշաբթի։ 18։00 – 21։00, Շաբաթ։ 14։00 – 17։00

 Արձանագրուելու համար կը խնդրենք լրացնել Հրանդ Տինք Հիմնարկի կայքէջին վրայ տեղադրուած հարցաթերթիկը եւ հետեւեալ դրամատան հաշիւին փոխանցել մասնակցութեան սակը (750 Թ.Ո.)։

 Ուղղակի երկրորդ մակարդակին մասնակցելու համար պէտք է մասնակցիլ մակարդակը որոշելու հանդիպումներուն։ 21 Սեպտեմբերին Հրանդ Տինք Հիմնարկի մէջ պիտի կայանան այս հանդիպումները Սեւան Տէյիրմենճեանին հետ, ամբողջ օրուան ընթացքին։ Մասնակցելու համար պէտք է ժամադրութիւն առնել հեռաձայնով կամ իմէյլով։

Աւելի բարձր մակարդակներ պիտի բացուին ըստ մասնակցութեան։

 

Հարցումներու եւ հանդիպման ժամադրութեան համար կապ՝

Հերմինէ Սայեան

Իմէյլ։ info@hrantdink.org

Հեռաձայն։ 0212 240 33 61 / 212

 

Հաշուետէր։ Hւrant Dink Vakfւ İktisadi İşletmesi

Հաշուեթիւ։ 00158007301248023

Մասնաճիւղ։ Osmanbey

Մասնաճիւղի թիւ։ S00006

IBAN։ TR12 0001 5001 5800 7301 2480 23

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ