Ըլլալ ժողովուրդի՞ն, թէ պետութեան քով

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

«Սասնայ ծռեր» անունով յայտնի դէպքերը, որոնք լուրջ ցնցում մը յառաջ բերին Հա­յաս­տա­նի մէջ, որոշ ար­ձա­գանգ մը ու­նե­ցան նաեւ Սփիւռքի մէջ։ Իր հիմ­նադրու­թեան 25-ամեակը տօ­նելու պատ­րաստուող եր­կի­րը վստա­հաբար պի­տի ու­զէր բո­լորո­վին այլ պատ­կեր մը տալ հա­մաշ­խարհա­յին հան­րութեան (յի­շէ՛ պա­պին այ­ցե­լու­թիւնը), սա­կայն պա­տահած­նե­րը ստուերի տակ առին նոյ­նիսկ պա­պին այ­ցե­լու­թեան վար­դա­գու­նած մթնո­լոր­տը։ Քրիս­տո­նէու­թիւնը, եկե­ղեցին դրա­մագ­լուխներ են, որոնցմէ ի պա­հան­ջել հար­կին օգ­տուած են Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րը։ Եկե­ղեցին ալ միշտ պատ­րաստ եղած է իր կա­րելիու­թիւննե­րը ի սպաս դնե­լու պե­տակա­նու­թեան ամ­րապնդման գոր­ծին։ Աշ­խարհի բո­լոր եր­կիրնե­րուն մէջ պե­տական քա­րոզ­չութեան լծուած հայ եկե­ղեցին մի­թէ հայ­րե­նի պե­տակա­նու­թե­նէ՞ն պի­տի զլա­նար իր աջակ­ցութիւ­նը։ Եկե­ղեցի մը, որ Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թեան առ­ջեւ իր հա­րազատ ժո­ղովուրդը կայ­սե­րապաշտ ու­ժե­րու գոր­ծիք նկա­տող պատ­րիար­քութիւն մը ու­նի, իր զօ­րակ­ցութիւ­նը պի­տի չզլա­նար Հա­յաս­տա­նի հայ­րե­նի պե­տու­թե­նէն՝ երբ վեր­ջինս նոյ­նիսկ հա­րազատ ժո­ղովուրդին դէմ է։

«Սաս­նայ ծռեր»ու գոր­ծո­ղու­թիւննե­րուն եւ հա­սարա­կական պոռթկու­մի այդ օրե­րուն՝ պե­տու­թեան ցու­ցա­րար քա­ղաքա­ցինե­րուն դէմ ձեռ­նարկած խիստ մի­ջոց­նե­րուն կամ ոս­տի­կանա­կան ճնշու­մին նկատ­մամբ գրե­թէ հա­մակեր­պող չէ­զոքու­թիւնը, ոս­կեայ լռու­թիւնը, ինչպէս նման պա­րագա­ներուն միշտ կ՚ըլ­լայ, դար­ձեալ նա­խընտրու­թիւն մը եղաւ հայ եկե­ղեցիին հա­մար, ինչպէս որ էր, ըսենք, Մար­տի 1-ի դէպ­քե­րուն ժա­մանակ։ Այ­լա­պէս ինչպէ՞ս ետ պէտք է առ­նուէին եկե­ղեցա­պատ­կան նախ­կին տա­րածքնե­րը, շի­նուէր կա­թողի­կոսա­րան մը եւս մայ­րա­քաղաք Երե­ւանի սրտին (իբր չէին բա­ւեր եղած­նե­րը), ազա­տուէր եկե­ղեցին հար­կե­րէ… Կամ այստեղ ինչպէ՞ս առ­ժա­մեայ փո­խանորդ մը տա­րիներ շա­րու­նակ մնար իր պաշ­տօ­նին վրայ ու պատ­րիար­քութիւն խա­ղար՝ առանց իրեն յա­տուկ պաշ­տօն մը ստեղ­ծած իշ­խա­նու­թիւննե­րուն հա­ճոյա­նալու։

Վե­րադառ­նանք սա­կայն Երե­ւանի դէպ­քե­րուն, երբ ան­կախ կա­տարուածի բնոյ­թէն, հա­սարա­կու­թիւնը զօ­րակ­ցե­լու հա­մար «Սաս­նայ ծռեր»ու ան­դամնե­րուն՝ ելած էր փո­ղոց եւ իր բո­ղոքը կ՚ար­տա­յայ­տէր Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն դէմ. ոս­տի­կանու­թիւնը տեղ-տեղ բռնու­թիւն ի գործ կը դնէր, կը յար­ձա­կէր խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րուն ու լրագ­րողնե­րուն, մար­դիկ կը վի­րաւո­րուէին, կ՚ըլ­լա­յին ձեր­բա­կալու­թիւններ…

Քա­հանայ մը այդ օրե­րուն կանգնե­ցաւ իր հա­մայնքին քով։ Ամստեր­տա­մի Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նատան դի­մաց կա­տարուած ցոյ­ցին, տ. Ար­մէն քհնյ. Մել­քո­նեան (ղա­մըշ­լի­ցի) ու­նե­ցաւ ելոյթ մը՝ դա­տապար­տե­լով Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կան­նե­րուն ի գործ դրած բռնու­թիւնը հա­սարա­կու­թեան դէմ։ Հա­յաս­տա­նէ այլ քա­հանա­յի մը հնչե­ցու­ցած քննա­դատու­թեան, թէ «ձեր մօ­տեցու­մը եւ պա­հուած­քը վա­յել չէ հայ հո­գեւո­րակա­նին», տէր հայ­րը պա­տաս­խա­նած է հե­տեւեալ ձե­ւով. «Մի­թէ ո՞ր մօ­տեցումն ու պա­հուած­քը նկա­տի ու­նէք. այն որ ես կանգնած եմ ժո­ղովուրդիս ու հօ­տիս կող­քին անոնց ար­դար պա­հանջքնե­րո՞ւն հա­մար, կամ թէ որով­հե­տեւ կը մեր­ժեմ Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող սպառ­նա­լիք­ներն ու անար­գութիւննե­րը ոս­տի­կան­նե­րու կող­մէն մեր մայ­րե­րուն եւ քոյ­րե­րուն նկատ­մամբ։ Այս ուղղու­թեամբ ձե­զի միայն մէկ ձե­ւով կա­րող եմ իրա­ւունք տալ. ես պէտք չէր ցու­ցա­րար­նե­րուն կող­քին լի­նէի ար­տա­սահ­մա­նում, այլ պէտք էր բո­լոր պար­տա­կանու­թիւններն ու պար­տա­ւորու­թիւններս լքե­լով, խաչս ձեռքս առ­նե­լով իջ­նէի Խո­րենա­ցի ու ար­գելք հան­դի­սանա­յի որ մար­դիկ անար­գանքի ու բեր­ման են­թարկուեն»։

(Իրա­պէս, այդ օրե­րուն ո՞ւր էր ար­դեօք կա­թողի­կոսն ու Երե­ւանի առաջ­նորդը)։

Մել­քո­նեան լաւ դաս մըն ալ տուած է զինք քննա­դատող քա­հանա­յին. «Ո՞րն է «Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ հաշ­տա­րար ու խա­ղաղա­րար վե­րաբեր­մունքն ու առա­քելու­թիւնը»։ Լռե՞լ երկրի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող անար­դա­րու­թիւննե­րուն եւ մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու ոտ­նա­կոխու­թեան. մենք մեր եկե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րէն սո­րուած ենք որե­ւէ վտանգ սպառ­նա­ցող ներ­քին կամ ար­տա­քին թշնա­մինե­րուն առ­ջեւ խա­չը շալ­կել ու պայ­քա­րիլ մեր ժո­ղովուրդի իրա­ւունքնե­րու հա­մար»։

(Ճշմար­տութիւ­նը բար­բա­ռելու հա­մար կա­թողի­կոս, թե­մակալ առա­ջորդ, ար­քե­պիս­կո­պոս, եպիս­կո­պոս ըլ­լալ պէտք չէ…)։

Հռե­տորա­կան ցնցիչ հար­ցում մըն ալ ետե­ւէն. «Ես էլ եմ ցաւ ապ­րում երբ տես­նում եմ հայ­րե­նիքի մեր հո­վիւ­նե­րի ան­հո­գու­թիւնն ու ան­տարբե­րու­թիւնը իրենց հօ­տին նկատ­մամբ, եւ իւ­րա­քան­չիւրը իր աջը քա­շած՝ մէ­կու­սա­ցած սպա­սում է թէ կշիռ­քի նժա­րը որ կողմն է իջ­նե­լու»։

Մել­քո­նեան, որ կը պաշ­տօ­նավա­րէ նաեւ Գեր­մա­նիոյ մէջ, հա­յաս­տանցի իր պաշ­տօ­նակի­ցին ուղղած խօս­քը կ՚աւար­տէ Աթէ­շեանով (ական­ջը խօ­սի). «Երա­նի թէ այս ձեր խոր ցաւն ու վիշ­տը հրա­պարա­կաւ յայտնէիք ու հեր­քէիք պատ­րիար­քա­կան փո­խանորդ Տ. Արամ Եպս. Աթէ­շեանի ահա­ւոր դա­ւաճա­նական ար­տա­յայ­տութիւ­նը երբ Գեր­մա­նիան ըն­դունեց հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը»։

Բա­րեբախ­տա­բար տէր հայ­րը Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ կա­թողի­կոսու­թեան հո­գեւոր դա­սուն կ՚ան­դա­մակ­ցի, այ­լա­պէս հա­մալ­րէր էջ­միած­նա­կան կար­գազրկեալ հո­գեւո­րական­նե­րուն դա­սը։

«Բա­գին»՝ վերստին


 Պօ­ղոս Սնա­պեանէն ետք բո­լորո­վին այլ ու­ղի մը ընտրած էր «Բա­գին»։ Հ. Յ. Դաշ­նակցու­թեան ու Հա­մազ­գա­յինի վա­րիչ­նե­րը տե­ղին մի­ջամ­տութեամբ մը դա­սական ար­ժէք հան­դի­սացող այս հան­դէ­սը վե­րադար­ձուցած են իր նախ­կին հու­նը։ Նո­րան­շա­նակ խմբա­գիրը՝ բա­նաս­տեղծու­հի Սո­նիա Սա­նան Քի­լեճեան երի­տասար­դա­կան աւիւ­նով կը խոս­տա­նայ «Բա­գին»ը դնել իր դա­սական գծին վրայ, նոր շունչով ու եռան­դով մը։ Գո­նէ այդ է որ կը խոս­տա­նայ իր խմբագ­րութեամբ վեր­ջերս հրա­տարա­կուած առա­ջին թի­ւը՝ որ նուիրուած է գրա­գէտ Գրի­գոր Պըլ­տեանի 70-ամեակին։

 

Տիգրան Հա­մասեանէն նոր ալ­պոմ

Ան­ցեալ տա­րուան «Լոյս ի լու­սոյ»էն ու Mockroot-էն վերջ Հա­մասեան զին­քը սի­րող­նե­րը կ՚եր­ջանկաց­նէ նոր ալ­պո­մով մը՝ Atmosphères, ուր հան­դէս կու գայ Ար­վէ Հեն­րիքսե­նի, Այ­վինտ Աար­սե­թի ու Եան Պեն­կի հետ։ Ինչպէս միւս հրա­պարա­կումնե­րուն մէջ, Հա­մասեան իրա­րու կ՚ագու­ցէ դա­սական Կո­միտա­սը (տեղ մը կան նաեւ Ալ­պե­նիզի հնչիւննե­րը) ու արդիական վերացականը։ Փողային նուագարանը զգալի ներկայութիւն մըն է՝ դաշնամուրի ու կիթառի կողքին։ Կարելի է գնել ու ներբեռնել iTunes-էն։



Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ