Շուտով կը ներկայանայ Ցեղասպանութեան յիշատակին ձօնուած նոր ֆիլմ մը

ԹՈՒՂՊԱ ԷՍԷՆ

ztugbaesen@gmail.com

2004-ին արտադրուած «Հիւրանոց Ռուանտա» եւ 2008-ի «Խաչաձեւուող Ճանապարհներ» ֆիլմերու հեղինակ Թերի Ճորճ վերջերս նկարահանած է հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն ապրուած եռակողմ սէրային արկածախնդրութիւն մը «Խոստում»։ Քրիստիան Պէյլի, Օսկար Այզէքի, Շառլոթ Լէ Պոնի, Շորէ Ագկտաշլուի, Անժելա Սարաֆեանի, Ժան Ռէնոյի նման համբաւաւոր դերասաններու մասնակցութեամբ նկարահանուած ֆիլմին մանրամասնութիւնները մեծ զգուշութեամբ կը պահուին իբրեւ գաղտնիք։ Այն գաղտնիքի քօղը փոքր ինչ բանալու յոյսով զրուցեցինք դերասան Գէորգ Մալիքեանի հետ։ Նշենք որ խիստ հաւանական է որ ֆիլմը 2017-ին ըլլայ Օսկարի թեկնածու։

Ֆիլմը կը խօսի եռակողմ սիրային արկածախնդրութեան մը մասին։ Փարիզաբնակ ամերիկացի լուսանկարիչ Քրիսի, Փարիզի մէջ ուսանած երիտասարդուհի Անայի եւ Իսթանպուլի մէջ բժշկութիւն ուսանող Միշէլի միջեւ գոյացած սիրարկածը կ՚ընթանայ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներու խորապատկերին վրայ։ Գէորգ Մալիքեան կը յայտնէ թէ Իսթանպուլի մէջ սկսած ու ապա ամբողջ կայսրութիւն տարածուած աներեւակայելի տարագրութեան նկարագրումը տպաւորած է բոլոր դերասանները։ Ինք այս ֆիլմի մէջ կը մարմնաւորէ Միշէլի հօր Վարդան Պօղոսեանի դերը։ «Երբ ինձմէ պահանջուեցաւ Վարդանի դերի համար փորձ մը նկարահանել, Կիպրոս կը գտնուէի։ Որդւոյս Սեւանի օգնութեամբ նկարահանեցինք վիտէօ մը, որ ապա ղրկուեցաւ բեմադրիչին։ Շաբաթներ շարունակ պատասխան մը չեմ ստացած։ Յետոյ ինձմէ երկրորդ նկարահանում մը եւս պահանջեցին։ Այս ֆիլմին մէջ կ՚ուզէի դեր ստանձնել, հետեւաբար այդ երկրորդ նկարահանումն ալ կատարեցի։ Ապա ինձմէ պահանջեցին որ ուրիշ դերի մը համար դարձեալ նկարահանուիմ։ Այս անգամ մերժեցի ըսելով որ եթէ Վարդանի հօր դերը պիտի չխաղամ՝ առհասարակ դուրս կ՚ելլեմ ծրագիրէն։ Թերի Ճորճ մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեց զիս եւ այդ պահուն իսկ արդէն մոռցած էինք նախապէս ապրուած տհաճ դէպքերը։ Խոստովանիմ որ բեմադրիչին փորձառութիւնը ամբողջ անձնակազմին համար անմոռանալի վայելքի մը վերածեց նկարահանումները։ Առաջին նկարահանումները կայացան Պօղոսեան ընտանիքի անդամներով։ Այդ պահուն Օսկար Այզէք ինծի մօտենալով հարցուց հետեւեալը՝ քանի որ հօրս դերը հայ մը կը մարմնաւորէ ինչպէ՞ս կ՚ուզէք որ դիմեմ ձեզի։ Խորհուրդ տուի պարզապէս հայր կոչել։ Այդ պահէն ետք ամբողջ նկարահանութեան ընթացքին ամենայն ջերմութեամբ եւ հարազատութեամբ հնչեց հայր բառը»։ Ապա Մալիքեան յայտնեց որ այս դերը մարմնաւորելու ժամանակ յաճախ յիշած է իր հայրը՝ Մարտիրոս Մալիքեանը։ «Ես դիւրաւ նմանութիւն գոյացուցի հօրս եւ ստանձնած դերին հերոսին միջեւ»։

Ան պատմեց նկարահանումներէն դուրս տիրող մթնոլորտին մասին եւս։ «Շորէ Ագկտաշլու հրաշք դերասան մըն է։ Բարեգութ եւ արտակարգօրէն գեղեցիկ կին մը։ Իրեն հետ բարեկամացանք։ Մեզի պատմեց Պարսկաստանի իր կեանքին մասին։ Նոյնպէս Քրիստիան Պէյլի հետ հանդիպումը շատ հաճելի էր։ Իրեն հետ նախապէս ալ դերեր կիսած էինք։ Ափսոս որ այս անգամ միայն դրուագի մը մէջ միասին կը նկարուինք եւ այդ հատուածին մէջ երկխօսութիւն մըն ալ չկայ մեր միջեւ։ Իսկ բեմադրիչ Թերի Ճորճի հետ աշխատիլը իսկապէս մեծ հաճոյք էր»։

Հանրածանօթ դերասանին կը հարցնենք, թէ այս ֆիլմը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ցեղասպանութեան իրողութեան ընկալումին վրայ։ «Եթէ հարիւր տարի անց 1915-ի պատահարներու մասին մեր ընկալումներուն ֆիլմի մը միջոցաւ փոխուիլը պիտի յուսանք՝ կը նշանակէ, թէ աշխարհի որ ծայրն ալ ապրած ըլլանք, քաղաքակրթութեան եւ ժողովրդավարութեան առումով ոչ մէկ տեղաշարժ արձանագրած ենք»։ Այս ըսելով հանդերձ Մալիքեան յոյս ունի որ ֆիլմը կարեւոր ազդեցութիւն մը պիտի գործէ պատմութեան ընկալումի իմաստով։ Ան կը հաւատայ, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները խելացի մերձեցումով մը ֆիլմին Թուրքիոյ մէջ ցուցադրութեան արգելք պիտի չըլլան։ «Ու ես կը հաւատամ որ հարիւր տարի ուշացումով ալ ըլլայ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը սկսած է 1915-ի դէպքերը աւելի ճշգրիտ մեկնաբանել»։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ