Ուիքիհանդիպում մը*

ԱՐԱՍ ՍԱՐԸՉՕՊԱՆ

17Օգոս­տո­սին ես, Սե­ւան Տէ­յիր­մենճեանն ու 17 պոլ­սա­հայ ու­սա­նող­ներ թռիչք առինք դէ­պի Փոր­թուկա­լի մայ­րա­քաղաք եւ Կիւլպէն­կեան Հիմ­նարկի կեդ­րո­նը՝ Լիզ­պոն։ Ծրագ­րին անունն էր «Ուի­քիճամ­բար», որ պի­տի հա­կէր առ­ցանց ազատ հան­րա­գիտա­րան՝ Ուի­քիփե­տիայի արեւմտա­հայե­րէն ճիւ­ղին ճո­խաց­ման հար­ցին։

Օդա­կայա­նը մէկ­տե­ղուե­ցանք մեր ու­ղե­կից­նե­րով, որոնց մեծ մա­սին հոն ծա­նօթա­ցանք, բայց ար­դէն ըն­տե­լացած էինք մեր թղթակ­ցութիւննե­րէն։ Վեր­ջերս ահա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մէն եւ հրա­սայ­լե­րու շրջա­փակու­մէն ցնցուած օդա­կայա­նին մէջ դեռ լա­րուա­ծու­թիւն կը տի­րէր՝ բնա­կանոն տա­րազի տակ։ Ամէն ոք շուրջը կը դի­տէր, պա­րոյկներ կը լո­ղային բի­բերուն շուրջ. ար­դեօք պի­տի հաս­նէի՞ն թռիչ­քի, այլ թուղթ պի­տի պա­հան­ջուէ՞ր իրենցմէ... սրտատ­րոփ սպա­սում մը կար ան­ցագրի արկղե­րուն առ­ջեւ։ Կռիւ ան­պա­կաս էր ու­րի­շի կարգ յափշտա­կող­նե­րու եւ անոնց վրայ պո­ռացող­նե­րու մի­ջեւ։ Հեգ­նա­կան էր նաեւ վե­րէն կա­խուած կա­պոյտ ու­լունքի պատ­կե­րը, որ մեզ պի­տի պա­հէր «չար աչ­քէ», որ­պէս թէ «աչ­քի եկած» ըլ­լա­յինք եւ ոչ թէ ռումբե­րու։

Օդա­նաւ մտած՝ սկսայ մտա­ծել թէ ինչպի­սի դես­պաններ պի­տի ըլ­լա­յինք հոն, քա­նի որ Թուրքիան սփիւռքա­հայուն ատե­լի հայ­րե­նիքն էր ու աչ­քե­րը մեր վրայ պի­տի ըլ­լա­յին։ Խումբը կէս-յու­սադրիչ էր. մէկ կող­մէն ու­նէինք լաւ հա­յախօս­ներ, միւս կող­մէն ալ, օրի­նակ՝ անգլե­րէն պա­տաս­խա­նող մը, հա­յերէն գիտ­նա­լու նշան իսկ ցոյց չտուող մը եւ կար­ծես թէ սխալ­մամբ հոն պա­տահած մէ­կը։ Բայց, ի դե­րեւ ելաւ մտա­վախու­թիւնս. անգլիախօ­սը հետզհե­տէ հա­յախօս դար­ձաւ, միւ­սը տե­սանք թէ սա­հուն հա­յերէն կը խօ­սէր, իսկ վեր­ջի­նը՝ ամէն օր մեծ ճի­գով յօ­դուած թարգմա­նելու կը ջա­նար...։

57 հո­գի էինք՝ Ֆրան­սա­յէն, Թուրքիայէն, Լի­բանա­նէն, Յու­նաստա­նէն եւ Հա­յաս­տա­նէն, 50-ը ճամ­բա­րական՝ 15-24 տա­րեկան։ Զար­մա­նալի է տես­նել թէ ի՜նչ արագ կը մտեր­մա­նան, կը կա­պուին իրա­րու։ 10 օր ետք, արե­ւածա­գէն առաջ, իրար ճամ­բե­լու հա­մար ան­քուն մնա­ցած բո­լոր աչ­քե­րէն հե­ղեղ ար­ցունք կը հո­սէր։ Բա­րի յի­շատակ­նե­րու վե­րածուած էին ութ հո­գինոց ննջա­րան­նե­րը, նա­խորդ օրէն եղաշրջուելով սե­ղան հաս­նող ճա­շը, մանր գնու­մի հա­մար իսկ խմբո­վին, ու­սուցչի հսկո­ղու­թեամբ Սոպ­րե­նա քա­լելու տա­ժան­քը, ան­թել հա­մացան­ցի յու­սա­խաբիչ տկա­րու­թիւնը, «յի­շել էջը» ընե­լու պա­հուն կոր­սուած յօ­դուած­նե­րը, եւ... տան­ձե­րը, որոնցմէ հատ մը իսկ ու­տել կա­րելի չէր եղած, հա­կառակ որ տան­ձե­նինե­րով շրջա­պատուած էինք։

Կիւլպէն­կեանի Արեւմտա­հայե­րէնի զար­գացման նա­խագ­ծի ղե­կավար Անի Կար­մի­րեան յա­ճախ մե­զի հետ էր, եր­բեմն ալ Հայ­կա­կան բա­ժան­մունքի ղե­կավար Ռազ­միկ Փա­նոսեանի հետ կու գար, եւ կը յի­շեց­նէր որ ասի­կա յօ­դուած ար­տադրե­լու մրցում մը չէր, պար­զա­պէս փորձ մըն էր հա­յերէ­նով խօ­սիլ–գրե­լու երկրի մը մէջ, ուր հայ­կա­կան գրե­թէ ոչինչ կար։ Կը նշէր ան­գամ մը, թէ հա­յերէ­նով կա­րենալ ապ­րե­լու հա­մար «հայ­կա­կան»ի հար­կա­ւորու­թիւնն իսկ նուաս­տա­ցու­ցիչ էր. պէտք էր աշ­խա­տիլ ատի­կա ինքնա­դէպ դարձնե­լու պայ­մաննե­րուն վրայ։ Եւ ար­դէն հո՚ն էր իր յա­ջողու­թիւնը, որ հինգ եր­կիրնե­րէ կէս-հա­յախօս­ներ հա­ւաքած, ու սեր­մա­նած էր հոն, «չէ­զոք» երկրի մը ար­տե­րուն մէջ, ու ծաղ­կե­ցու­ցած էր հա­յերէն խօս­քը, եր­գը, թատ­րո­նը, պրպտու­մը, խա­ղը եւ այն բո­լորը, որոնց հա­յերէ­նով կա­րելի ըլ­լա­լուն չենք հա­ւատար։

Բազ­մա­զան էինք ու տար­բեր։ Պոլ­սե­ցիներ աշու­ղա­կան, սի­րային եր­գե­րը գի­տէին, միւսներ միայն դաշ­նակցա­կան­նե­րը, իսկ Հա­յաս­տանցի­ներ այլ մո­լորակ մըն էին, որոնց հետ նոյն գծի վրայ կ՚ըլ­լա­յինք «Պո­հեմիըն Ռափ­սո­տի» եր­գե­լու պա­հուն։ Այդ տար­բեր աշ­խարհնե­րը իրա­րու կա­պելու բա­նալին եղաւ հա­յերէ­նը, եւ ոչ ոք ըսած էր «հա­յերէն խօ­սեցէք»։

*Ուի­քի հա­ւուա­յերէն կը նշա­նակէ «շուտ»։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ