Աքաղաղի եւ կաչաղակի մասին առասպելները

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com

Աքաղա­ղի մա­սին հա­յոց աւան­դազրոյցնե­րը կը պատ­­մին, որ ան լոյ­­սի եւ արե­­ւածա­­գի աւե­­տաբերն է։ Լու­­սա­­­նալուն պէս նախ եւ առաջ կը կան­­չի երկնա­­յին աքա­­ղաղը։ Նրա ձայ­­նը կը լսէ երկրա­­յին աքա­­ղաղը, ձայն կու տայ, կ՚արթնաց­­նէ մարդկանց խոր քնից։ Հե­­տաքրքրա­­կան է, որ հա­­յոց մէջ, ինչպէս եւ այ­­լե­­­ւայլ ժո­­ղովուրդնե­­րու աւան­­դութիւննե­­րու մէջ, քու­­նը որ­­պէս ժա­­մանա­­կաւոր մահ կ՚ըն­­կալուէր։ Ատոր հա­­մար ալ աքա­­ղաղը կը հա­­մարուի «գի­­շերուայ մե­­ռել­­յա­­­րոյց», այն է՝ քնած մարդկանց յա­­րու­­թիւն տուող, նրանց արթնաց­­նող։

Ամէն առա­­ւօտ աքա­­ղաղը կը տես­­նայ, թէ ինչպէս կը բա­­ցուին երկնքի դռնե­­րը։ Ահա ին­­չու արե­­ւածա­­գի ժա­­մանակ նա աւե­­լի յա­­ճախ կը կան­­չի։ Այդ ժամ նա կը տես­­նաէ մարդկանց պա­­հապան հրեշ­­տակնե­­րին։ Ասոնք մարդկանց քնած ժա­­մանակ եր­­կինք կը ճախ­­րեն, այ­­դու ետք լու­­սա­­­դէմին նո­­րէն կը վե­­րադառ­­նան։ Աքա­­ղաղը կը տես­­նայ նաեւ հո­­գէառ հրեշ­­տա­­­կին եւ բո­­լոր չար ոգի­­ներին։

Մոկ­­սում գտնուող Փութկու Սուրբ Գէ­­որ­­գի վան­­քի վա­­նահայ­­րը միշտ աքա­­ղաղ եղած է։ Նա կա­­ռավա­­րել է վանքն ու նրա տնտե­­սու­­թիւնը։ Առանց այդ աքա­­ղաղի կան­­չի վան­­քում իջե­­ւանած կա­­րաւան­­նե­­­րը եր­­բեք ճա­­նապարհ չեն ըն­­կել։ Երբ կը վախ­­ճա­­­նուի այդ աքա­­ղաղը, ժո­­ղովուրդը նրա փո­­խարէն վա­­նահայր կը կար­­գի այն աքա­­ղաղին, որը երա­­զում երե­­ւացել է որե­­ւէ բա­­րեպաշտ մար­­դու։

***

Մի աւան­­դա­­­զոյց ալ պատ­­մենք հա­­ւերու մա­­սին։ Ժա­­մանա­­կին բո­­լոր թռչուննե­­րը կը հա­­ւաքուին եւ որո­­շում կ՚առ­­նեն, որ եթէ Աս­­տուած յա­­ջողի, միասին թռչեն մի տեղ։ Այդ պա­­հին հա­­ւը վեր կը կե­­նայ իւր տե­­ղից եւ ամ­­բարտա­­ւան-ամ­­բարտա­­ւան կ՚ըսէ.

—Ու­­զում է Աս­­տուած յա­­ջողի, ու­­զում է՝ չյա­­ջողի, միեւ­­նոյն է, ես թռչե­­լու եմ։

Լու­­սա­­­բացին բո­­լոր թռչուննե­­րը թե­­ւերին տա­­լով օդ կը բարձրա­­նան։ Միայն թէ Հա­­ւը որ­­քան ալ կը թա­­փահա­­րի իւր թե­­ւերը, միեւ­­նոյն է չի կրնար օդ բարձրա­­նալ, գետ­­նից կտրուել։ Ահա­­ւասիկ այդ օրէն ի վեր հա­­ւը չի կրնար թռչել, թէ­­պէտ հի­­նէն նա նոյնպէս բո­­լոր թռչուննե­­րի նման թռչել գի­­տէր։

***

Ահա եկէք իմա­­նանք նաեւ կա­­չաղա­­կի պատ­­մութիւ­­նը։ Տա­­րիներ առաջ կա­­չաղա­­կը մար­­դուն բա­­րեկամ եղած է։ Ան մար­­դու լե­­զուն կը հասկնար եւ անոր տան մէ­­ջը կը բնա­­կէր։

Կա­­չաղա­­կը աւե­­տաբեր թռչուն մըն էր, միշտ բա­­րի լու­­րեր կը բե­­րէր տան տէ­­րերուն։ Ան­­գամ մըն էլ կա­­չաղա­­կը անզգուշօ­­­րէն ման­­չի աչ­­քը կը հա­­նի։ Տան­­տէ­­­րը խիստ կը բար­­կա­­­նայ եւ դուրս կը հրա­­ւիրէ անոր։

Կա­­չաղա­­կը սա­­րու­­ձոր կ՚ընկնի, ան­­տուն կը թա­­փառի, սա­­կայն մար­­դու հետ ու­­նե­­­ցած իր հին բա­­րեկա­­մու­­թիւնը չի կրնար մո­­ռանալ։ Այդ պատ­­ճա­­­ռով ալ հէնց մի նո­­րու­­թիւն կ՚իմա­­նար, կու գար կը նստէր տան կտու­­րին կամ ծա­­ռի ճիւ­­ղին եւ կը սկսէր կչկչալ։ Այսպէս այնքան ժա­­մանակ կը կչկչար, մին­­չեւ տնէն մէ­­կը կ՚ել­­նէր, շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն կը յայտնէր նո­­րու­­թեան հա­­մար։ Իր շնոր­­հա­­­կալի­­քը ստա­­նալէն ետք կա­­չաղա­­կը կը ել­­նէր կու գար։

Ան­­գամ մը կա­­չաղա­­կը կու գայ, կը նստի մի պա­­ռաւի տան կտու­­րին եւ կ՚աւե­­տի թէ որ­­դին պի­­տի վե­­րադառ­­նայ օտա­­րու­­թենէն։ Պա­­ռաւն առանց հաս­­կա­­­նալու կա­­չաղա­­կի բե­­րած բա­­րի լու­­րը, մի կտոր հաց կը նե­­տի նրան։ Կա­­չաղակն իս­­կոյն կտու­­ցը կ՚առ­­նէ հա­­ցը եւ կը տա­­նի կու տայ այն պա­­ռաւի որ­­դուն, որ խիստ անօ­­թի կ՚ըլ­­լար։ Յե­­տոյ նո­­րէն կը դառ­­նար պա­­ռաւի տուն, դար­­ձեալ նոյն լու­­րը կ՚աւե­­տէր, իր բա­­ժին կտոր մը հա­­ցը կը ստա­­նար, կը տա­­նէր կու տար պա­­ռաւի որ­­դուն։

Այսպէս քա­­նի ան­­գամներ անե­­լուն ետ­­քը, օր մը պա­­ռաւը կը ձանձրա­­նայ եւ կա­­չաղա­­կի ուղղու­­թեամբ մի քար կը նե­­տէ։ Կա­­չաղա­­կը քա­­րը կ՚առ­­նէ, կը տա­­նի պա­­ռաւի որ­­դու գլխին կը նե­­տէ։ Տղան կը մա­­հանայ։ Պա­ռաւը կու գայ, կը տես­նէ, որ իր որ­դին մա­հացած է, ան­մի­ջապէս կը ճանչնայ իր նե­տած քա­րը։

Այս դէպ­քէն ետ կա­չաղա­կի ուղղու­թեամբ այ­լեւս քար չեն նե­տեր, միայն հաց կու տան եւ կ՚ըսեն:

—Բա­րին՝ մեզ, չա­րը՝ թշնա­մուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ