Արձակուրդ ու իրականութիւն

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com

Անցեալ տասն օրե­րու լա­ւագոյն իրա­դար­ձութիւ­նը ար­ձա­կուրդն էր վստա­հաբար։ Անոնք որոնք կա­րելիու­թիւն ու­նէին՝ շունչ մը քա­շելու հա­մար իրենք զի­րենք նե­տեցին օտար եր­կիրնե­րու գիր­կը, իսկ այստեղ մնա­ցող­ներն ալ դուռ-պա­տու­հան գո­ցած վա­յելե­ցին այս հսկայ քա­ղաքին զար­մա­նալի հան­դարտու­թիւնը, ուր ան կը թա­ղուի եր­կար ար­ձա­կուրդնե­րու շրջա­նին։

Ար­ձա­կուած չէր, կեան­քին հետ կը թա­ւալէր սա­կայն բիրտ իրա­կանու­թիւնը, որ վեր­ջին տա­րինե­րուն, ամիս­նե­րուն մե­զի կը ներ­կա­յանայ մեզ քայլ առ քայլ իր մէջ առ­նող սու­րիական պա­տերազ­մի, քա­ղաքա­ցիական ազա­տու­թիւննե­րու սահ­մա­նափակ­ման, մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու ոտ­նա­հար­ման, ար­տա­կարգ դրու­թեան, լրագ­րողնե­րու ու հան­րա­յին գոր­ծիչնե­րու բան­տարկու­թեան, հա­մատա­րած ահա­բեկ­չութեան, բռնա­րարքնե­րու տես­քով։

Ար­ձա­կուրդը առ­ժա­մեայ մո­ռացում մըն էր, լա­ւագոյն պա­րագա­յին՝ հե­ռացում մը, փա­խուստ մը առօ­րեայէն, առօ­րեայ վար­ժութիւննե­րէն։ Քա­ղաք­նե­րը, ուր գա­ցինք, յա­ւելեալ ապա­ցոյցներն էին մեր երկրին իշ­խող այս կա­ցու­թեան դա­տապար­տում մը չըլ­լա­լը փաս­տող։ Սա­կայն ցաւ կը պատ­ճա­ռէ մար­դոց զայն ճա­կատա­գիրի մը նման ըն­դունած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը։ Յար­մա­րելու, վար­ժո­ւելու, դիւ­րութեամբ ըն­դունե­լու հա­կու­մը, երբ մա­նաւանդ նշմա­րելի է բա­րեկամ­նե­րու նկա­րագին վրայ, կը զօ­րաց­նէ չյար­մա­րելու, չվար­ժո­ւելու, չըն­դունե­լու կամ­քը։ Պայ­քա­րելու անոնց փո­խարէն ալ։ 

Հայաստանի 25-ամեակ

Նախկին սերունդին համար երազ, այժմու սերունդին համար՝ իրականութիւն։ Մէջտեղը կայ ուրիշ սերունդ մըն ալ, թերեւս տակաւին տեւող ու ինքզինք խօսքի տէր նկատող, որ նախկին սերունդին երազով կ՚ընկալէ այս իրականութիւնը։ Հիւանդագին մօտեցում մըն է իրենցը, անկասկած։ Յամենայնդէպս, Հայաստանը կամաց կամաց պիտի նուաճուի անկախութեան մասմաքուր սերունդով մը, որոնք վերջակէտ մը պիտի դնեն այդ երկրի աւազակապետութեան։ Այդ 25 անկախ տարիներու 12-ին վկան եմ, գրեթէ կէսին այսինքն։ Ոչ թէ որպէս զբօսաշրջիկ, որ տարին քանի մը անգամ կ՚երթայ-կու գայ, Երեւանի կեդրոնը կը պտտի ու «Ի՜նչ աղուոր է հայրենիքը» կ՚ըսէ, այլ որպէս ուսանող, որ իր իտէալներուն իրականացումը կը փափաքէր այդ աղքատիկ երկրին մէջ, խաւար ու մութ տարիներու մէջ կը գտնէր կայծոռիկներու նման փայլատակող լուսաւոր կէտեր։ Հայաստանի մասին ըսելիքներս կը պահեմ այլ ժամանակներու, նաեւ այլ հարթակներու։ Պարզապէս չուզեցի անձայն մնալ 25-ամեակի առթիւ։

Թարըք Աքանի յիշատակին

Եթէ անձայն մնաս, գիտեմ, ոմանք պիտի ըսեն՝ «քա 12 տարի հոն ուսանեցաւ, տող մը իսկ չէ գրեր»։ Մարդիկ պիտակներով ստեղծուած իրենց մտապատկերին քայքայումը չեն հանդուրժեր։ Եթէ Հայաստան ուսանած ես՝ ուրեմն ազգայինճի ես, ամէն կիրակի եկեղեցի կ՚երթաս, թոփիկ կ՚ուտես, հայերէն թերթ կը կարդաս, թուրքին հետ բարեկամութիւն չես ըներ... «Կը վայլէ՞»։

Փաշայի պէս չոճոխ մըն էր Թարըք Աքանն ալ։ Համբաւ, հարստութիւն ամէն ինչ ունէր եւ աւելին ունենալու կարելիութիւնն ալ չէր պակսեր իրեն։ Ի՞նչ ըրաւ սակայն փաշայի պէս այս չոճոխը։ Գնաց ու «Հանքը», «Հոտը» ժապաւէնները նկարահանեց։ Բարեկամացաւ բանտարգելութեան իր պատիժը կրող Եըլմազ Կիւնէյին։ Եւ չըլլալիք բան. իր հանգիստը, անդորրը, հեշտ կեանքը, դրամն ու պայծառ ապագան ձեռքովը հրեց մէկ կողմ ու դարձաւ «Ճանապարհ» ժապաւէնին գլխաւոր հերոսներէն մէկը։ 1980-ի զինուորական յեղաշրջման մութ տարիներուն բանտարկուեցաւ ալ։ Մարդիկ, որոնք իր նախկին բարեկամներն էին, երես դարձուցին իրմէ, փորձեցին արգիլել իր ժապաւէններուն տարածումը, ուզեցին որ անգործ մնայ, մնայ առանց դրամի՝ վերստին վերադառնալու համար իրենց գիրկը։ Սակայն ան ստեղծեց այլ բարեկամներ, ունեցաւ այլ շրջանակ, որոնք շատ աւելի հարազատ էին թերեւս իրեն։ Եւ ժողովուրդը սիրեց զինքը։

Մենք, հասարակ մահկանացուներս, շատ անգամ կը դիտենք Թարըք Աքանի այն դէմքը, ուր ինք փաշայի պէս չոճոխ մըն է, յաճախ ներկայացող Ֆերիտ անունով։ Հեռատեսիլը «Հապապամ»ը, «Կապոյտ Ուլունքը» եւ երգիծական նման ժապաւէններով զինքը կը դնէ մեր առջեւ։ Այդ կերպարն է որ սիրելի ու ընդունելի կը դարձնեն լայն հասարակութեան, որ չի պատկերացներ իսկ, թէ Թարըք Աքան աւելին է՝ «Ճանապարհ»ի Սէյիտ Ալին է, «Հոտ»ի Շիվանը, «Հանք»ի Նուրետտինը…

Յիշեցում

Արձակագիր Ասլը Էրտողան 35, իսկ լեզուաբան Նեճմիյէ Ալփայ 23 օրէ ի վեր բանտարկուած են։ Արուական բռնատիրութիւն մը կը հալածէ, յամառութեամբ, գիտակցօրէն զայն թիրախի վերածելով կը հետապնդէ մանաւանդ իգական ուժը։ Իսկ ինչո՞ւ բանտարկուած են Էրտողան ու Ալփայ։ Զիրենք սիրողները կամ մարդիկ, որոնք այս առիթով լսեցին անոնց անունները՝ տարբեր միջոցներով կը ջանան յայտնել իրենց նեցուկը։ Զոր օրինակ, Ասլը Էրտողանի գիրքերուն վաճառքը բազմապատկուած է, բազմաթիւ գրախանութներու փեղկերուն կը ցուցադրուին իր գիրքերը, վաճառողներ  իր գիրքերը կ՚առաջարկեն այցելուներուն։ Փորձեցէ՛ք կարդալ Ասլը Էրտողանէն հատոր մը՝ զօրակցելու համար մեծ անարդարութեան մը զոհը դարձած հեղինակին։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ