Ուստի՞ կու գայ կռունկը

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հայերիս սրտերում կռունկը այլ՝ կարծես անբացատրե­լի տեղ մը ու­նի գրա­ւած։ Այս խո­շորա­մար­մին թռչու­նը յայտնի է իր 15 տե­սակ­նե­րով, որոնցմէ շուրջ երե­քը Հա­յաս­տա­նում կը հան­դի­պին։ Ցա­ւօք՝ նրանց գո­յու­թիւնն այ­սօր վտան­գուած է. ճա­հիճ­նե­րու չո­րաց­ման եւ խո­պան հո­ղերու իւ­րացման պատ­ճա­ռով նրանց թուաքա­նակը խիստ կրճա­տուած է, եւ առան­ձին տե­սակ­ներ իս­պառ ան­հե­տաց­ման սպառ­նա­լիքի տակ կը գտնուին։

Հա­յերիս մօտ հի­նէն սո­վորու­թիւն կայ՝ կռունկ սպան­նե­լը մեծ մեղք մըն է։ Կ՚ըսեն թէ երբ որ­սորդն իր հրա­ցանը դէ­պի կռունկը կ՚ուղղէ, ան իս­կոյն չքնաղ հար­սի մը կը վե­րածուի՝ նո­րածին ման­չը կրծքին։

Ան­շուշտ, որ այս պատ­կե­րը, որ­պէս պաշ­տա­մունքա­յին մնա­ցորդ, աղերս կը ձգէ Սուրբ Աս­տուածա­մօր կեր­պա­րին հետ։ Եւ, ինչպէս յայտնի է, Աս­տուածա­մօր կեր­պարն իր հեր­թին աղերսներ ու­նի Մայր դի­ցու­հի Անա­հիտի հետ։ Այ­սօր ար­դէն ան­յայտ է թէ ինչպէս կը կա­պուէր կռունկի հա­ւանա­կան պաշ­տա­մունքը Անա­հիտի պաշ­տա­մունքի հետ։ Բայց ահա հե­տաքրքիր աւան­դազրոյց մը կռունկի մա­սին։

Վան քա­ղաքէն գրե­թէ հինգ քի­լօմեթր հա­րաւ փոք­րիկ վանք մը կար։ Տե­ղադրուած լի­նելով լճա­փէն քիչ մը տա­րածու­թիւն այն կողմ՝ Ծվստան եւ Ար­տա­մետ գիւ­ղե­րու մի­ջեւ՝ այն վեր կը խո­յանար բլրա­կի գա­գաթէն՝ տէր լի­նելով հիաս­քանչ տե­սարա­նի մը։

Ծո­վահա­յեաց Սուրբ Աս­տուածած­նայ կը կո­չուէր այդ վան­քը։ Ու­սումնա­սիրող­նե­րու մի մա­սը կ՚ըսէ որ Աս­տուածա­մօր անու­նով վկա­յակո­չուած վան­քե­րէն ու եկե­ղեցի­ներէն մեծ մա­սը Անա­հիտ մայր դի­ցու­հու տա­ճար­նե­րու հիմ­քին վե­րայ կա­ռուցուած են։

Ծո­վահա­յեաց Ս. Աս­տուածած­նան շի­նուած էր ան­տաշ քա­րէն, իր շուրջն ու­նէր պարսպա­շար, որ­մէ ներս կար մէկ եկե­ղեցի եւ մէկ գա­ւիթ, շուրջը՝ քա­նի մը սե­նեակ։ Եկե­ղեցին ու­նէր եր­կու փոքր ու նեղ պա­տու­հան եւ արեւմտեան կող­մին դուռ մը, որ կը բացո­ւէր գաւ­թի մէջ։

Գա­ւիթը, որի մէջ մկրտու­թեան աւա­զան կար, խիստ պարզ շի­նու­թիւն մըն էր, որ իւր փայ­տէ սիւ­նե­րու տակ ու­նէր քա­րէ գե­ղեցիկ խա­րիսխներ, զոր մնա­ցած էին հին շի­նու­թե­նէն։

Դե­ռեւս 1916-ին, երբ Լա­լայեան կը նկա­րագ­րէր վան­քը, ըսած էր թէ որ­պէս վան­քի շի­նու­թեան քար գոր­ծա­ծուած տա­պանա­քարի վրայ ՌԾԲ (1502) թուակա­նը կայ՝ նշե­լով, սա­կայն, որ կա­ռոյ­ցը հա­զիւ եր­կու դա­րուայ պատ­մութիւն ու­նե­նայ։

Ծե­րու­նի­ները կ՚ըսէին, - կը շա­րու­նա­կէր Լա­լայեան, - Ար­տա­մետ­ցի Դա­ւիթ եպիս­կո­պոս Նու­րո­յեանը եւ Պաղ­տա­սար վար­դա­պետ Զե­րիֆեանը միասին մօտ մէկ ու կէս դար առաջ վե­րաշի­նած են այս եկե­ղեցին, որ մօտ երեք դար աւեր մնա­ցած էր։ Եկե­ղեցին վե­րաշի­նուած էր նախ­կին առա­քելա­շէն տա­ճարի տե­ղում։

Ին­չե­ւէ... Օր մը վան­քի հնձուոր­նե­րէն մի­ն կը վի­րաւո­րէ կռնկայ մը ոտ­քը։ Ճա­րահա­տեալ այն կը բե­րէ կու տայ վա­նահօ­ր։ Բա­րեպաշտ վա­նահայ­րը կը հան­դի­մանէ հնձուորը, զի կռնկան վի­րաւո­րել կամ սպան­նե­լը մեծ մեղք է։ Վա­նահօր խնամ­քէն ետ­քը աս կռունկը կ՚ապա­քինի, եւ վա­նահայ­րը նրան բաց կը թող­նէ։

Օրեր կ՚անցնեն։ Ան­գամ մը վա­նահայ­րը պա­տարագ պի­տի մա­տու­ցա­նէ, կը նա­յէ, որ գի­նի չկայ՝ ո՛չ վան­քում, ո՛չ մօ­տակայ­քում։ Վա­նահայ­րը շուարած կը մնայ։

Անսպա­սելի կու գայ ծա­նօթ կռունկը եւ կտցում պա­հած երեք ող­կոյզ խա­ղողը կու տայ վա­նահօ­ր։ Վա­նահայ­րը կ՚օրհնէ կռնկա­նը, ող­կոյզ մը կը ճմլէ եւ այ­դու պա­տարագ կը մա­տու­ցա­նէ, միւ­սը կը թա­ղէ խո­րանի սե­ղանի տակ, վեր­ջինն ալ կը բաժ­նէ հի­ւանդնե­րուն մի­ջեւ, որք կ՚ու­տեն եւ ան­մի­ջապէս կ՚ապա­քինուեն։

Այս հրաշ­քէն ալ ամիս­ներ կ՚անցնին։ Ան­գամ մըն ալ՝ նո­րէն հունձի ժա­մանակ, դաշ­տում կաթ­սա­յի մէ­ջը հնձուոր­նե­րու հա­մար մեծ ճաշ պատ­րաստե­լիս կ՚ըլ­լա­յին։ Ահա կը տես­նան թէ իրենց բա­րեկամ կռունկը կաթ­սա­յի վե­րեւը ան­հանգիստ պտոյտ կու գայ, եւ ահա կայ­ծա­կի պէս իրեն կը ձգէ կաթ­սա­յի մէ­ջը։

Երբ նրան կը հա­նեն կաթ­սա­յի մէ­ջէն, կը տես­նեն, որ այնտեղ մի աժ­դա­հայ օձ մտած է։ Այդժամ կը հասկնան, որ կռունկը տե­սած էր օձը եւ այ­սո­ցիկ փոր­ձած էր թու­նա­ւորուելուց փրկել հնձուոր­նե­րը։

Ահա­ւասիկ սի­րելի կռունկի այս անձնուիրու­թիւնէն ետ­քը Ծո­վահա­յեաց Ս. Աս­տուածած­նայ վան­քը Կռնկան վանք վե­րանուանուած է։

...«Կռո՛ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծա­ռայ եմ ձայ­նիդ, Կռո՛ւնկ, մեր աշ­խարհէն խապ­րիկ մը չու­նի՞ս», - ական­ջիս կը հաս­նէ Վար­դա­պետի անա­ղարտ ձայ­նը, եւ կը սա­հեն տո­ղերը՝«Թո­ղել եմ ու եկեր մըլ­քերս ու այ­գիս, Քա­նի որ ա՜խ կ՚անեմ, կու քա­ղուի հո­գիս, Կռո՛ւնկ, պահ­ մի կա­ցի՛ր, ձայ­նի­կըդ ի հո­գիս, Կռո՛ւնկ, մեր աշ­խարհէն խապ­րիկ մը չու­նի՞ս...»։ Եկո՜ւր, Կռո՛ւնկ, եկո՜ւր...

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ