ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հաշիշով թմրածներու չտեսածը

Համայնավար գաղափարախօսութեան թերեւս ալ ամենաանհեթեթ ռազմավարութիւններէն մէկն էր կրօնքի դէմ պայքարը։ Արդարեւ, երբ համայնավարութիւնը իբր պետական վարչակարգ, երբ իշխանութիւն գտաւ ռուսական կայսրութեան եւ այդ կայսրութեան ենթակայ երկիրներուն մէջ, կոմունիստներու գլխաւոր թիրախը դարձան հոգեւորականները եւ անոնց աղօթատեղիները։ Արդի Երեւանի քաղաքաշինական յաջողութեան դիմաց իւրաքանչիւր հայ պարծանք կը զգայ։ Սակայն ընդհանրապէս չենք յիշեր թէ նոր Երեւանի այս շքեղ կազմի ետին կայ քանդուած պատմական եկեղեցիներու իրողութիւն մը։ Աւելին, բազմաթիւ քաղաքացիներ գաղտնի սպասարկութեան հետապնդումին կ՚արժանանային պարզապէս եկեղեցի մտած եւ մոմ մը վառած ըլլալնուն համար։ Նոյն վարչակարգի իշխանութիւն վայելած այլ երկիրներուն մէջ ալ պատկերը տարբեր չէր։ Ալպանիոյ նախագահ Էնվէր Հոճա բանտարկութեամբ կը պատժէր աղօթողները։

Այս յիմար ռազմավարութեան վախճանումը ծայր տուաւ Լեհաստանի Կտանսք քաղաքի նաւաշինութեան գործարաններու բանուորներու դիմած գործադուլով։ Բանուորներու արհմիութեան պետ Լեխ Վալեսայի գլխաւորած աշխատողները երթի պահուն իրենց ձեռքին ունէին Յովհաննէս Պօղոս Պապի եւ Մարիամ Աստուածածնի սրբանկարները։

Գիտական եւ տրամաբանական առումով ճիշդ էր Մարքսի այն հաստատումը, որ կ՚ըսէ՝ «կրօնքը ժողովուրդներու հաշիշն է»։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ այդ հաստատումի իրողութիւնը դառն փորձութեամբ կ՚ապրինք արդէն։ Նախքան մեր սեփական փորձը, ներառեալ հարեւան Պարսկաստանը, տարածաշրջանի բազմաթիւ երկիրներ արդէն ապրած էին այդ նոյն փորձը։ Բայց կ՚երեւի կրկին փորձութիւնն ալ մարդ արարածի յատուկ յիմարութիւն մըն է։

Այսօր Թուրքիոյ մէջ տրամաբանութեան եւ օրինականութեան բոլոր չափանիշները տակն ու վրայ ընող իշխանութիւն մը կը տիրէ։ Այդ իշխանութեան ուժը կը կայանայ իր կրօնամէտ յատկութիւնով։ Մարդիկ Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած քաղաքական շարժումին կը զօրակցին պարզապէս անոր համար թէ, անգամ մը հաւատացած են այդ շարժումը իսլամասէր ըլլալուն։ Այդ համոզումի գոյացումէն ետք այլեւս նշանակութիւն չունի, ո՛չ բոլոր հաւասարակշռութիւնները խորտակած արտաքին քաղաքականութիւնը, ո՛չ երկրի որոշ մէկ տարածքը հիմնովին քանդած պատերազմական դրութիւնը եւ ո՛չ ալ երկրի սահմաններէն դուրս նոր պատերազմի մը բռնկելու լուրջ հաւանականութիւնը։

Արդարեւ Էրտողան այս բոլորը գիտնալով իր դէմ առածներուն կը վերագրէ կրօնական թշնամութիւն։ 14 տարիներ առաջ ինք էր որ բարեկամական սերտ կապեր հաստատած էր Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու քաղաքական շրջանակներուն հետ։ Անոնք Էրտողանի կերպարին մէջ կ՚երազէին տեսնել «մեղմ իսլամ»ի պատկերը։ Չէ՞ որ իրենք ալ փարած էին աջակողմեան, հետեւաբար որոշ չափով կրօնական սկզբունքներուն։ Եւ նաեւ չէ՞ որ անդին կար արմատական իսլամի մը սպառնալիքը։

Եւրոպա, Թուրքիա կամ այլուր նոյնն է։ Միամիտ զանգուածներ կը շահագործուին, անդին չարամիտներ կը շարունակեն իրենց երկարաժամկէտ ծրագիրները։

Ֆուքուշիմայի ադոմակայանի աղէտալի պայթումէն ետք Գերմանիոյ վարչապետ Մերքել որոշած էր երկրի մէջ գործող 23 ադոմակայանները փակել։ Իսկ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան իր ելոյթներուն մէջ աւետիսի մը նման յաճախ կը ճառէ նոր կառուցելի հինգ ադոմակայաններու մասին։ Անոնցմէ մէկուն մեկնարկումը արդէն կատարուած է, ռուսական ընկերութիւնը Աքքույույի մէջ պիտի կառուցէ ադոմակայան մը։ Շուտով նման համաձայնութիւններ կը կնքուին պուլղարական սահմանագծի վրայ Իյնէատա աւանի, Սինոփի մերձակայքի եւ այլ տեղերու համար ալ։

Կրօնքի հաշիշով պղտորած միտքերու օրակարգին մաս չկազմող այս զարգացումները, ոմանց հիմնական խնդիրը կրնայ ըլլալ։