Անխնայ շինարարութիւն

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Մենք մեր մասին բարձր կարծիք ունինք, ինչպէս մեր շուրջ գտնուող­նե­րը. այ­սինքն անոնք, որոնք թէեւ մեզ­մէ չեն, սա­կայն մեզ հե­ռուէն կը դի­տեն եւ որոշ գա­ղափար մը ու­նին մեր մա­սին։ Մեր՝ այ­սինքն հա­յերուն։

Ան­ցեալ շա­բաթա­վեր­ջին կը պտտէինք Ֆա­թիհն ու շրջա­կայ­քը։ Մեր պտոյ­տին սկսանք Սա­րաչ­հա­նէէն, ան­ցանք Ֆա­թիհի մզկի­թի բա­կէն, քա­լեցինք մին­չեւ Եավուզ Սե­լիմի մզկի­թը, տե­սանք Ֆեթ­հի­յէի մզկի­թը, որ բիւ­զանդա­կան նախ­կին տա­ճար մըն է եւ ուր դեռ կը պահ­պա­նուի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորի­չին գե­ղեցիկ մէկ խճան­կա­րը, հոն­կէ իջանք մին­չեւ Քե­ֆելի՝ տես­նե­լու հա­մար մզկի­թի վե­րածուած Ս. Նի­կողա­յոսի պատ­մա­կան եկե­ղեցին, ուր Աբ­գար Դպիր Թո­խաթե­ցի հիմ­նադրած էր Պոլ­սոյ առա­ջին տպա­րանը, 1567-ին։ Ճար­տա­րապե­տու­թեան պատ­մա­բան բա­րեկամ մը մէկ կող­մէ բա­ցատ­րութիւններ կու տար մե­զի քա­ղաքին այդ մա­սերուն վե­րաբե­րեալ՝ մղե­լով մեզ պատ­կե­րաց­նե­լու նախ­կին տես­քը, որ բա­ւական մը հե­ռու ըլ­լա­լու էր այժմու վի­ճակէն։ Բազ­մա­յարկ, տգեղ շէն­քեր անծրա­գիր ըն­դարձա­կու­մի մը ապա­ցոյցներն էին։ Պա­տաս­խա­նատու­ներ, եթէ կա­յին ան­շուշտ, ոչ վաղ ան­ցեալին որե­ւէ ու­շադրու­թիւն ըն­ծա­յած չէին կա­ռու­ցա­պատ­ման նրբու­թիւննե­րուն։ Նոյն վի­ճակը կը շա­րու­նա­կուէր նաեւ այ­սօր։ Հսկայ բեռ­նա­տար կառ­քեր նեղ­լիկ փո­ղոց­նե­րուն մէջ կը շրջին՝ շի­նարա­րական այլ կառ­քե­րու ու­ղեկցու­թեամբ, ահ ու սար­սափ տա­րածե­լով իրենց շուրջբո­լորը։ Փո­շոտ փո­ղոց­նե­րուն մէջ ո՛չ մէկ կա­նաչու­թիւն, իշ­խող է միայն մոխ­րա­գոյ­նը։ Աւե­լորդ է խօ­սիլ տգե­ղու­թեան մա­սին. շէն­քեր՝ շի­նուած առանց նրբու­թեան, առանց գե­ղագի­տական ակնկա­լու­թիւննե­րու, այլ միայն առեւտրա­կան նպա­տակ­նե­րով, ամե­նէն աժան ձե­ւով, քա­ղաքա­շինա­կան դոյզն պա­հանջքնե­րը բա­ւարա­րելու հա­մար միայն։ Վրայ վրա­յի դրուած տու­փիկներ ըլ­լա­յին կար­ծէք, սա­կայն մա­նուկ մը այդ տու­փիկներն իսկ գե­ղեց­կացնե­լու ջանք մը պի­տի ընէր։ Ո՛չ թէ կա­ռու­ցում, այլ քան­դում մըն է եղա­ծը...

Պտոյ­տին մաս­նա­կից ըն­կե­րու­հի մը, իր տե­սած­նե­րուն ալ տպա­ւորու­թեամբ, դար­ձաւ ին­ծի ու ըսաւ.

-Օր մը հայ քա­ղաքա­պետ մը ու­նե­նար մեր քա­ղաքը, որ­պէսզի այս բո­լորը կա­նոնա­ւորէր։

-Ին­չո՞ւ կը կար­ծես, որ հայ քա­ղաքա­պետ մը պի­տի կա­նոնա­ւորէր այս ամ­բողջ ան­կարգու­թիւնը։

-Չէ՞ որ քա­ղաքին բո­լոր գե­ղեց­կութիւննե­րը հա­յերը կա­ռու­ցած են՝ Պա­լեան­նե­րը եւ միւս բո­լոր կա­րեւոր ճար­տա­րապետ­նե­րը հայ են։

-Բարձր կար­ծիք ու­նիս հա­յերուն մա­սին,- կրցայ ըսել միայն։

Շատ ան­գամ մենք նոյնպէս բարձր կար­ծիք մը ու­նինք մեր մա­սին։ Պատ­ճա­ռը, կը կար­ծեմ, ան­ցեալը ֆե­տիշաց­նելն է՝ առանց տես­նե­լու ներ­կան։ Քա­նի մը օրի­նակ։ Ամե­նահա­յաբ­նակ վայ­րը Քը­նալը կղզին է այ­սօր։ Ոչ հե­ռու ան­ցեալին գե­ղեցիկ ապա­րանքնե­րով, պար­տի­զաւոր տու­նե­րով, ճա­շակա­ւոր բնա­կարան­նե­րով, կա­նաչա­պատ ըն­դարձակ տա­րածու­թիւննե­րով լե­ցուն կղզին այ­սօր վե­րածուած է տգեղ, կրա­ձոյլ զան­գուածի մը։ Հա­յեր, որոնք փայ­տա­շէն, պատ­մա­կան որոշ ար­ժէք մըն ալ ներ­կա­յաց­նող մեծ ու պզտիկ ապա­րանքներ ու­նե­ցած էին այնտեղ, առանց խղճի խայ­թի կրցած են քան­դել տալ զա­նոնք՝ կա­ռու­ցե­լու հա­մար կրա­ձոյլ շի­նու­թիւններ, որ­պէսզի իրենց շա­հը բազ­մա­պատ­կուի։ Նոյ­նիսկ այդ ապա­րանքնե­րուն պար­տէզնե­րը ոչնչա­ցու­ցած եւ բազ­մա­յարկ շէն­քեր տնկած են հոն։ Ար­դիւնքին ու­նինք այ­սօր կղզի մը, որ տգե­ղագոյնն է՝ հա­մեմա­տած միւսնե­րուն։

Կա­ռավա­րու­թեան կար­գադրու­թիւննե­րուն «շնոր­հիւ», հա­մայնքը վեր­ջին քա­նի մը տա­րինե­րուն հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նի ար­ժե­ւորե­լու մինչ այդ անօգ­տա­գոր­ծե­լի տա­րածու­թիւննե­րը։ Երբ ար­դիւնքը դի­տեմ՝ կը վա­րանիմ բա­րիք անուանե­լու, որով­հե­տեւ աւե­լի չա­րիք դար­ձան քա­ղաքին, բնու­թեան եւ ըստ երե­ւոյ­թին ո՛չ մէկ օգուտ ալ կու տան հա­մայնքին, քա­նի դեռ աղա­ները կը խօ­սին դպրոց­նե­րը փա­կելու մա­սին։ Քա­ղաքին կեդ­րո­նական մա­սերուն գտնուող այդ տա­րածքնե­րը, որոնք մեծ մա­սամբ կա­նաչա­պատ էին, կա­նաչա­պատ իսկ չըլ­լա­յին՝ ազատ տա­րածքներ էին, որ շնչե­լու տեղ մը կը բա­նային քա­ղաքաբ­նակնե­րուն, անխնայ ոչնչա­ցուե­ցան, կո­տորուեցան։ Շիշ­լիի կեդ­րո­նին տնկուած տգեղ երկնա­քերը «Սա­պան­ճը» հոլ­տինկի նման դրա­մատի­րական շղթա­յին մաս կազ­մող կազ­մա­կեր­պութեան մը չի պատ­կա­նիր, այլ աւե­լի քան հա­րիւ­րա­մեայ պատ­մութեան տէր հայ դպրո­ցի մը, որ ան­ցեալի իր ըն­դարձակ բան­ջա­րանո­ցը զո­հեց «ար­դի» պա­հանջքնե­րուն։ Աւե­լի քան 200-ամեայ ան­ցեալի տէր հայ­կա­կան հի­ւան­դա­նոցի վար­չութիւն մըն էր դար­ձեալ, որ քան­դեց իր գե­ղեցիկ ու ըն­դարձակ պար­տէ­զը, յա­րակից անու­շիկ թա­տերաս­րա­հը, ոչնչա­ցուց իր հի­ւան­դա­նոցի մաս­նա­շէնքն իսկ՝ կա­ռու­ցե­լու (կամ կա­ռու­ցել չկա­րենա­լու) հա­մար առեւ­տուրի կեդ­րոն մը։ Եւ դեռ իր շուրջ 300-ամեայ պատ­մութեամբ հպարտ վար­ժա­րան մը հիմ­նա­դիր­նե­րուն կող­մէ մա­նուկ ու պա­տանի աշա­կերտնե­րուն կտա­կուած եզա­կի ծա­ռաս­տան-պար­տէ­զը ոչնչա­ցուց եւ հո­ղին հա­ւասա­րեց­նե­լով պատ­մա­կան թա­տերաս­րահ մըն ալ, այնտեղ կա­ռու­ցե­լու սկսաւ առեւ­տուրի կեդ­րոն մը, բնա­կարա­նային հա­մալիր մը, նո­րօրեայ բա­ռով՝ ռե­զիտանս մը։ Թուե՞մ դեռ։

Վի­ճակը փայ­լուն չէ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան մէջ։ Մայ­րա­քաղաք Երե­ւանի կեդ­րո­նին գտնուող պատ­մա­կան բո­լոր շէն­քե­րը, գրե­թէ առանց բա­ցառու­թեան (ատոնցմէ մէկն ալ կը պատ­կա­նէր ազ­գա­յին հե­րոս Արամ Մա­նու­կեանին), քան­դուեցան, ոչնչա­ցուե­ցան։ Օփե­րայի գե­ղեցիկ շէն­քը օղա­կող պար­տէ­զը այ­սօր սրճա­րան­նե­րու դրախ­տա­վայր մըն է։ Հան­րա­պետութեան հրա­պարա­կին մեր­ձա­կայ պատ­մա­կան շի­նու­թիւն մը, որ 1918-1920-ին եղած էր Հա­յաս­տա­նի առա­ջին հան­րա­պետու­թեան կա­ռավա­րական կեդ­րո­նը, եղ­ծուեցաւ յա­ւելեալ յար­կով մը։

Անոնք՝ այդ շի­նարա­րու­թիւննե­րը իրա­կանաց­նողնե­րը, հան­րա­յին օգու­տով կը պատ­ճա­ռաբա­նեն իրենց գոր­ծունէու­թիւնը։ Թե­րե՛ւս, չեմ գի­տեր այդքա­նը։ Յստակ է սա­կայն որ այդ շի­նարա­րու­թիւննե­րը ար­ժէք մը չեն աւելցներ այս քա­ղաքի կամ հա­մայնքի պատ­մութեան, արուես­տի կամ գե­ղագի­տական տե­սակէ­տէ ոչնչու­թիւններ են եւ կը ցո­լաց­նեն զա­նոնք կա­ռու­ցողնե­րուն ան­ճա­շակու­թիւնը միայն, կ՚ապա­ցու­ցեն բնու­թեան նկատ­մամբ ու­նե­ցած իրենց թշնա­ման­քը։

Ըն­կե­րու­հիիս հայ քա­ղաքա­պետ մը ունենալու մասին ըրած մաղթանքին տալիք մէկ պատասխան ունէի այդ պահուն.

-Տունէ տեղէ հեռու թող ըլլայ..

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ