Բաղնիքի փերիները

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Հին ժա­մանակ­նե­րը մարդկանց եւ զա­նազան կեն­դա­նինե­րու կող­քին կը բնա­կէին բա­զում տես­նուած ու չտես­նուած ոգե­ղէն­նե­րը։ Կը պա­տահէր, որ մէ­կի ու­սին գար­նան հո­վերի պէս կը հպուէր լու­սե­ղէնը, եւ մարդն իս­կոյն կը պայ­ծա­ռանար, կ՚ոգե­ւորուէր… Իսկ կը պա­տահէր, որ անդնդա­յին սառ­նութիւ­նը կը պա­տէր մար­դու հո­գին. այդ մթին մէկն էր, որ չա­րաբեր էր։

Այ­դու հան­դերձ ոգե­ղէն­նե­րու աշ­խարհն այդքան պարզ չէր. նրանց տար­բե­րակու­մը չա­րերի ու բա­րինե­րի շատ ան­գամ մեր նեղ մտայ­նութեան ար­տա­յայ­տութիւնն էր զուտ։ Այն ինչ իրա­կանու­թեան մէջ գոյ­նե­րը միայն եր­կուսը չէին, շա՜տ էին՝ բազ­մա­գոյն եւ գու­նա­խառը… եւ սա գրա­ւիչ էր ու ան­կանխա­տեսե­լի…

Ան­կանխա­տեսե­լի էին նաեւ բաղ­նի­քի ոգի­ները, ով­քեր ո՛չ չար էին, ո՛չ բա­րի։ Կ՚ապ­րէին իրենց հա­մար բաղ­նի­քում եւ մար­դուն կ՚երե­ւային, երբ իրենք կը ցան­կա­նային։ Ամէ­նից շատ կը սի­րէին պա­րել, եր­գել եւ ու­րա­խանալ։

Ահա օր մը Թո­րոսն ու Պօ­ղոսը կ՚որո­շեն բաղ­նիք գնալ։

Պոլ­սե­ցի էին, եր­կու բախ­տա­կից ըն­կեր։ Եր­կուքն ալ Պոլ­սոյ Գոց Շու­կա­յին խուլ ան­կիւնին մէ­ջը խա­նութ ու­նէին՝ իրա­րու դէմ դի­մաց։ Թո­րոսը դեր­ձակ էր, Պօ­ղոսը՝ կօշ­կա­կար։ Եր­կուքն ալ կուզ ու­նէին ու­սե­րին եւ շատ մտե­րիմ էին։

Առ­տու կա­նուխ կը բա­նային իրենց խա­նութնե­րը, մէ­կական սուրճ կ՚ըմ­պէին, ետ­քը կ՚աշ­խա­տէին, իսկ արե­ւը մայր մտնե­լուց յե­տոյ խա­նութնե­րը կը գո­ցէին եւ ինչպէս պոլ­սեցւոց սո­վորու­թիւնը կը թե­լադ­րէ, իրա­րու տուն կ՚եր­թա­յին, «քա­նի մը գա­ւաթ ան­մա­հական ջուր, այ­սինքն՝ օղի կոն­ծե­լու»։

Այս սո­վորու­թիւնն այնքան տա­րածուած էր, որ երբ էրիկ մար­դը աշ­խա­տան­քէն տուն կը դառ­նար եւ հիւր չէր ու­նե­նար, կը հագ­նէր կե­ճէլի­քը, կը նստէր սէ­տիր­լի­քին վրայ՝ պա­տու­հա­նին առ­ջեւ, եւ դուրս կը նա­յեր, որ ծա­նօթ մը, բա­րեկամ մը անցնե­լուն պէս տես­նայ ու ներս կան­չէ, որ քիչ մը «մէ­զէլէն­միշ ըլ­լա­յին»։ Իսկ թէ ոչ ոք չէր հան­դի­պած՝ տան տի­կինը քա­նի մը գա­ւաթ կը խմէր ամուսնու հետ. «մի­նակ խմե­լը համ չէր ու­նե­նար»։

Ահա այսպէս կ՚անցնէր Պոլ­սե­ցի Թո­րոսի ու Պօ­ղոսի ամէն օրը։ Օր մըն ալ, երբ նրանց գլուխնին աղուոր մը տաք­ցած էր, կ՚որո­շեն լոյ­սը չբա­ցուած, առ­տու ժա­մը երե­քին բաղ­նիք գնալ։ Աս­տուած բա­րի, Պոլ­սում բաղ­նիքնե­րի պա­կաս չկար. բաղ­նի­քը Պոլ­սի ան­բա­ժանե­լի մասն էր։

Թո­րոսը գի­շերը ժա­մը երե­քին կու գայ Պօ­ղոսի տան մօտ՝ նրան ձայն տա­լու։ Պօ­ղոսն ալ դեռ քնա­թաթախ կ՚ըլ­լայ, Թո­րոսին «դու եր­թայ, ես կու գամ» կ՚ըսէ ու կը քնէ։

Թո­րոսը կը հաս­նի բաղ­նիք, կը տես­նայ, որ բաղ­նի­քում մարդ չկայ, մի­միայն բաղ­նե­պանն է։ Կը հա­նուի, կը մտնայ լոգ­նա­լու, կը տես­նայ որ լամ­բի լոյսն ալ հա­զիւ շուրջը կը լու­սա­ւորէ։ Քիչ մը կը վախ­նայ, զի կար­ծիք կար, թէ պա­րապ բաղ­նի­քին մէջ փե­րիներ կ՚ըլ­լան։

Լոգ­նա­լու պա­հին յան­կարծ երգ ու պա­րի ձայ­ներ կը լսէ՝ բաղ­նի­քի գմբէ­թաձեւ առաս­տա­ղէն կու գար. խումբ մը փե­րիներ գմբէ­թին վրայ շա­րու­նակ կը պա­րէին ու կ՚եր­գէին.

«Հինգշաբ­թի է, Հինգշաբ­թի,

Այ­սօր օրը Չո­րեք­շաբթի»։

Թո­րոսը կը հասկնայ որ փե­րինե­րը իրեն մե­նակ գտած են եւ գլխին խաղ խա­ղալ կ՚ու­զեն, քա­նի որ այդ օրը ոչ թէ Չո­րեք­շաբթի էր, այլ՝ Հինգշաբ­թի։ Բայց Թո­րոսը գի­տէր, որ եթէ փե­րինե­րին հա­կառա­կի, անոնք կա­րող են իրեն չա­րիք ընել։ Ուստի Թո­րոսը մի կողմ կը նե­տէ օճառն ու թա­սը, ձեռ­քե­րը վեր կը բարձրաց­նէ եւ փե­րինե­րու հետ կը սկսի պա­րել ու եր­գել.

«Հինգշաբ­թի է, Հինգշաբ­թի,

Այ­սօր օրը Չո­րեք­շաբթի»։

Փե­րինե­րուն մե­ծը սա որ կը տես­նայ, շատ կը գո­հանայ եւ կը հրա­մայէ իր են­թա­կանե­րուն գնալ ու Թո­րոսի կռնա­կէն վերցնել անոր կու­զը եւ դնել այն գմբէ­թին։ Փե­րիներն այդպէս ալ կ՚ընեն։

Թո­րոսը բաղ­նի­քէն դուրս կու գայ, կ՚եր­թայ Պօ­ղոսի տուն, ան դեռ քնած կ՚ըլ­լայ։ Կ՚արթնցնէ նրան եւ կը պատ­մէ գլխին եկա­ծը։ Պօ­ղոսը որո­շում կ՚առ­նէ գա­լիք գի­շերն ալ ին­քը եր­թայ իր կու­զը ան­յայտաց­նէ։

Ամէն ինչ նոյ­նա­պէս կ՚ընէ, կ՚եր­թայ բաղ­նի­քի մէջ մեն­մե­նակ կը լոգ­նայ եւ գի­շերուայ նոյն ժա­մին կը լսէ փե­րինե­րուն եր­գը։ Այս ան­գամ օրը փո­խած կ՚եր­գէին.

«Եր­կուշաբ­թի է, Եր­կուշաբ­թի,

Այ­սօր օրը Հինգշաբ­թի»։

Այդ օրը Շա­բաթ կ՚ըլ­լայ, ուստի Պօ­ղոսը կ՚որո­շէ ճշդել անոնց սխա­լը ու կ՚եր­գէ.

«Այ­սօր Ուրբա՛թ է, Ուրբա՛թ,

Առ­տուն պի­տի ըլ­լայ Շա­բաթ»։

Բայց փե­րինե­րուն մե­ծը սաս­տիկ կը բար­կա­նայ ու կը հրա­մայէ.

- Տա­րէ՛ք, սա գմբէ­թին կու­զը դրէ՛ք աս մար­դուն կռնա­կը։

Պօ­ղոսը քոռ ու փոշ­ման տուն կը դառ­նայ։ Թո­րոսը կու գայ, կը տես­նայ՝ Պօ­ղոսը ան­կիւն մը կծկտած նստած է։ Պօ­ղոսը բար­կա­ցած Թո­րոսին կը պատ­մէ ամէն ինչ եւ ցոյց կու տայ, որ նրա կուզն ալ դրե­ցին իր կռնա­կին։ Թո­րոսն ալ կ՚ըսէ.

- Է՜, ես ի՞նչ յան­ցանք ու­նիմ։ Ես քե­զի չպատ­մե­ցի՞ որ ես անոնց հետ հա­մաձայ­նե­ցայ, թէեւ գի­տէի որ սխալ կ՚եր­գէին, իսկ դուն ին­չո՞ւ ու­զե­ցիր շտկել իրենց սխա­լը, չէ՞ որ ճիշդ խօս­քը միշտ չէ որ կ՚անցնի։ Դուն չգի­տե՞ս ան առա­ծին իմաս­տը, որ կ՚ըսէ. «Թունդ քա­ցախն իր կու­ժին կը վնա­սէ»։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ