Յոյսը քաղել մանուկի շրթներէն

Ինչ արգելքներ ալ յարուցուի բոլորիս վիզին պարտքն է յոյսը վառ պահել։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ դպրոցներու վարչայինները նոյնիսկ խրտչին պատասխանատու անձինք որքան ալ զգուշացնեն հաւանական չար պատաարներու մասին կենսուրախ մթնոլորտ տիրեց Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ յարակից Գազազ Արթին Ամիրա սրահին մէջ։ Պատրիարքի Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան այս տարի ալ շարունակեց այն հաճելի աւանդը, ուր ամէն տարի կը կրկնուի Պատրիարքարանի կարգադրութեամբ։ Այս տարի ալ համայնքային վարժարաններու սաներ իրենց ուսուցիչներու ուղեկցութեամբ մէկտեղուեցան Գազազ Արթին Ամիրա սրահին մէջ եւ Սրբազան Հայրը նուէր բաշխելով ուրախացուց զիրենք։

Ճիշդ է որ կ՚անցնինք անսովոր օրերէ, բայց դառն փորձառութեամբ գիտենք թէ այդ օրերը յաղթահարելու լաւագոյն միջոցն է անզիջող մնալ մեր աւանդութիւնները շարունակելու գործին մէջ։ Այսպէս է որ ամենադժուար օրերը յաջողեցան յաղթահարել մեր հալէպաբնակ ազգակիցները։ Փառք որ տակաւին մեր երկիրը այդ օրերու պայմաններուն չէ դատապարտուած։ Բայց զգօն պիտի գտնուինք ամէն տեսակ չար պատահարի հանդէպ եւ այդ զգօն գտնուելու գլխաւոր հրամայականը պիտի կազմէ չարիքի դէմ չխոնարհելու կամքը։

Նոյն բարձր տրամադրութիւնը ապրեցան նաեւ Հրանդ Տինք Վարժարանի սաները, որոնք դարձեալ շրջապատուած էին իրենց ուսուցիչներու հոգածութեամբ եւ մանկական միամտութեամբ կ՚ուրախանային Կաղանդ Պապայի կամ ինչպէս կ՚ըսեն Հայաստանի մէջ Ձմեռ Պապուկի այցելութեան առթած ոգեւորութիւնով։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ