Կը խոստանամ

ԺԻՐԱՅՐ ԼԻՊԱՐԻՏԵԱՆ

Սիրելի Հրանդ, իմ սի­րելի ըն­կեր,

Մեզ­մէ շա­տեր 10 տա­րիէ ի վեր կը շա­րու­նա­կեն քե­զի հետ զրու­ցել։ Կը զրու­ցենք այնպէս, ինչպէս կը զրու­ցէինք կարգ մը չա­րամիտ­ներ քեզ այս կեան­քէն խլե­լէ առաջ։ Քու վե­հանձն ջան­քե­րէդ այնքան շատ բան սոր­ված ենք որ քեզ­մէ զրկուելով մենք ալ որ­բա­ցանք։ Բայց դուն ըն­կե­րային կեան­քին մէջ կամ լրագ­րու­թեան աս­պա­րէզի այնքան բարձր եւ հա­մաշ­խարհա­յին ար­ժա­նիք­ներ իւ­րա­ցու­ցած եւ գոր­ծադրած ես որ անոնց կա­րեւոր մէկ մա­սը մեր ինքնու­թեան ալ թա­փան­ցեց։ Քու մա­հովդ ներ­քուստ մեծ կո­րուստ մը ապ­րե­ցանք բայց աւե­լի մեծ բա­ժին մը շա­րու­նա­կեց գո­յատե­ւել։

Մեր այս կող­մե­րը գոր­ծե­րը լաւ չեն Հրանդ։ Այդ շատ սի­րած, բո­լորին հա­մար աւե­լի լաւ տեղ մը ըլ­լա­լու աշ­խա­տած Թուրքիոյ մէջ զար­գա­ցումնե­րը մեզ մտա­հոգու­թեան կը մատ­նէ։ Քու ինքնու­թեանդ հա­րազատ մէկ մաս­նի­կին վե­րածած Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ գոր­ծե­րը լաւ չեն ըն­թա­նար։ Քու հա­մոզումնե­րուդ բո­լորո­վին հա­կառակ մէ­կը ԱՄՆ-ի նա­խագահ ընտրուեցաւ, հե­տեւա­բար հոն ալ երե­ւոյ­թը լաւ չէ։

Բայց դուն գի­տեմ որ ըն­կերնե­րուդ ար­դար եւ ժո­ղովրդա­վարա­կան Թուրքիոյ տես­լա­կանը վառ պա­հելու հա­մար տա­րած պայ­քա­րը լսել պի­տի ու­զես։ Շատ քա­ջասիրտ մար­դիկ իրենց սե­փական կեան­քը վտան­գե­լով շատ մեծ դժուարու­թիւննե­ր կը դի­մադ­րեն ճիշդ քեզի նման։ Կաս­կած չկայ որ Թուրքիոյ մէջ քա­ղաքա­ցիական հա­սարա­կու­թիւնը զար­գա­ցած է այնքան, որ­քան որ կա­րելի է նուիրեալ ան­հա­տի մը ջան­քե­րով զար­գա­նալ։ Խնդիր­նե­րուն մարդկա­յին ար­ժէքնե­րու տե­սան­կիւնէն մօ­տեցող­նե­րուն ահա­գին բան մա­տու­ցե­ցիր։ Նոյն պայ­քա­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ կը շա­րու­նա­կուի։ Գի­տեմ որ լսե­լով պի­տի ու­րա­խանաս, Ղա­րաբա­ղեան հիմ­նա­հար­ցի լուծման հա­մար Ատրպէյ­ճա­նի հետ խա­ղաղ լու­ծումնե­րու որո­նու­մը վերսկսած է։ Ան­շուշտ որ այս զար­գա­ցու­մը դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ նաեւ Հա­յաս­տան-Թուրքիա յա­րաբե­րու­թիւննե­րու վրայ։

Քու մեզ­մէ հե­ռանա­լէդ կարճ ժա­մանակ ետք լու­ծե­ցի ժո­ղովուրդնե­րու վրայ գո­յացած ազ­դե­ցու­թեանդ գաղտնի­քը։ Դուն սրտով կը մտա­ծէիր եւ ու­ղե­ղով կը զգա­յիր։ Զգա­ցումներդ կարծր եւ իրա­ւացի վեր­լուծումնե­րու են­թարկե­ցիր եւ ապա­հովե­ցիր գա­ղափա­րին ալ միայն սրտին զգա­ցած հիմ­նա­կան մարդկա­յին ար­ժա­նիք­նե­րու հետ հա­մաչա­փու­թիւնը։ Տրա­մաբա­նու­թեան եւ զգա­ցումնե­րու մի­ջեւ այդ ար­հեստա­կան խտրա­կանու­թիւնը գո­յու­թիւն չու­նէր քու մօտ։

Այս ան­գամ չեմ ու­զեր քեզ աւե­լի ան­հանգստացը­նել։ Հա­ւանա­բար «Ակօս»ին հե­տեւե­լով, ըն­տա­նիքիդ եւ ըն­կերնե­րուդ ամե­նագիւ­տա­րար մեր­ձե­ցու­մով ղե­կավա­րած «Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ի հրա­շալի գոր­ծե­րը տես­նե­լով զբա­ղած ես։ Նոյ­նիսկ գի­տեմ որ քե­զի հետ հա­մակար­ծիք չե­ղող, նոյ­նիսկ քե­զի դէմ դիրք բռնած մար­դի­կը խա­ղաղ ժպի­տով մը լսե­լով զբա­ղած ես։ Պի­տի շա­րու­նա­կեմ քեզ տե­ղեակ պա­հել, կը խոս­տա­նամ…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ