Անհեթեթ առաջարկ մը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

«Նոր Յա­ռաջ»ին մէջ վեր­ջերս հրա­տարա­­կուե­­ցաւ Նու­­պար Սե­­րով­­բեան ստո­­րագ­­րութեամբ գրու­­թիւն մը։ Գեր­­մա­­­նիոյ խորհրդա­­րանին կող­­մէ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ճա­­նաչ­­ման դէմ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան փո­­­խանորդ Արամ արք. Աթե­­­շեանի կա­­­տարած վրդո­­­վեցու­­­ցիչ յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւնը հիմք դար­­­ձած է յօ­­­դուա­­­ծագ­­­րին հա­­­մար՝ առա­­­ջար­­­կե­­­­­­­լու թրքա­­­հայ հա­­­մայնքին, թէ «պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան աթո­­­ռը փո­­­խարի­­­նէ Հայ Առա­­­քելա­­­կան եկե­­­ղեց­­­ւոյ Թուրքիոյ առաջ­­­նորդա­­­րանի աթո­­­ռով մը, ինչպէս է պա­­­րագան Ամե­­­րիկա­­­յի, Ռու­­­սաստա­­­նի, Ֆրան­­­սա­­­­­­­յի...»։

Արամ արք. Աթե­­­շեանին նկատ­­­մամբ թե­­­րեւս ար­­­դա­­­­­­­րացի զայ­­­րոյթն ու վրդով­­­մունքը յօ­­­դուա­­­ծագի­­­րը կ՚առաջ­­­նորդեն դէ­­­պի պատ­­­մութեան խոր­­­քե­­­­­­­րը, ուր տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցած իրա­­­դար­­­ձութիւննե­­­րը վեր­­­լուծե­­­լով ներ­­­կա­­­­­­­յի հա­­­յեաց­­­քով, առանց հա­­­մաժա­­­մանա­­­կեայ քննու­­­թեան ճշդե­­­լու դե­­­րակա­­­տար­­­նե­­­­­­­րուն տեղն ու դե­­­րը, քիչ մըն ալ ազ­­­գայնա­­­կանու­­­թեան հա­­­մեմունք ցա­­­նելով վրան՝ ան ի յայտ կը բե­­­րէ ան­­­հիմն, չը­­­սելու հա­­­մար սխալ հաս­­­տա­­­­­­­տումներ։ «Ի տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն Մայր աթոռ Ս. Էջ­­­միած­­­նին, Կի­­­լիկիոյ Սի­­­սի կա­­­թողի­­­կոսու­­­թեան, ինչպէս նաեւ Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի պատ­­­րիար­­­քութեան, Կ. Պոլ­­­սոյ պատ­­­րիար­­­քութեան հիմ­­­քը դրուած է ո՛չ թէ հայ ար­­­քունի­­­քի, այլ Կ. Պո­­­լիս քա­­­ղաքը գրա­­­ւող սուլթան Մեհ­­­մետ Բ.ի կող­­­մէ», գրե­­­լէ ետք, «պէտք է ըն­­­դունինք», կ՚ըսէ ան, «ազ­­­գա­­­­­­­յին եկե­­­ղեց­­­ւոյ սկզբունքնե­­­րուն հա­­­կառակ, օտար քա­­­ղաքա­­­կան իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան կող­­­մէ ստեղ­­­ծուած հաշ­­­մանդամ աթոռ մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով է, որ լոյս աշ­­­խարհ եկած է Կ. Պոլ­­­սոյ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանը»։

Ո՞վ էր ազ­­­գա­­­­­­­յին եկե­­­ղեցիին հիմ­­­նա­­­­­­­դիրը։ Գրի­­­գոր անու­­­նով պար­­­թեւ եկե­­­ղեցա­­­կան մը, որուն հայ­­­րը սպան­­­նած էր պարսկա­­­կան ծա­­­գու­­­մով, ար­­­շա­­­­­­­կու­­­նի տոհ­­­մէն հա­­­յոց թա­­­գաւո­­­րը։ Իսկ Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի պատ­­­րիար­­­քութիւ­­­նը, որ հիմ­­­նադրուած է Է դա­­­րուն, իր գո­­­յու­­­թիւնը պար­­­տա­­­­­­­կան է ս. Սոփ­­­րո­­­­­­­նիոսի մա­­­հէն ետք, արա­­­բական ար­­­շա­­­­­­­ւանքնե­­­րու ժա­­­մանակ, յոյ­­­նե­­­­­­­րու կող­­­մէ ոեւէ պատ­­­րիարք չնշա­­­նակուելու հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քին եւ քիչ թէ շատ խա­­­լիֆա­­­յին օրհնու­­­թեան։ Կի­­­լիկիոյ կա­­­թողի­­­կոսու­­­թիւնն ալ Մայր Աթո­­­ռի Սի­­­սէն Վա­­­ղար­­­շա­­­­­­­պատ փո­­­խադ­­­րութե­­­նէն ետք ստեղ­­­ծուած կա­­­ռոյց մըն է եւ, շատ շա­­­տերու կար­­­ծի­­­­­­­քով, «ազ­­­գա­­­­­­­յին եկե­­­ղեց­­­ւոյ սկզբունքնե­­­րուն հա­­­կառակ» (գոր­­­ծա­­­­­­­ծելու հա­­­մար Սե­­­րով­­­բեանին բա­­­ռերը, այ­­­լա­­­­­­­պէս խիստ կաս­­­կա­­­­­­­ծելի է այս տե­­­սակ սկզբունքնե­­­րու առ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս կեդ­­­րո­­­­­­­նական ո՞ր կա­­­ռոյ­­­ցը պի­­­տի ու­­­զէր իր իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը բաժ­­­նել ու­­­րիշնե­­­րուն հետ, մա­­­նաւանդ եկե­­­ղեցա­­­կանը)։

Ո՞ր մէ­­­կը ար­­­դեօք ասոնցմէ «հաշ­­­մանդամ աթոռ մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով լոյս աշ­­­խարհ եկած» չէ, որ­­­պէսզի շու­­­քի տակ թո­­­ղենք կամ կաս­­­կա­­­­­­­ծի են­­­թարկենք Պոլ­­­սոյ պատ­­­րիար­­­քութեան գո­­­յու­­­թիւնը։ Մի­­­միայն Արամ արք. Աթե­­­շեանին ջղայ­­­նա­­­­­­­ցած ըլ­­­լա­­­­­­­լո՞ւ պատ­­­ճա­­­­­­­ռով ար­­­դեօք։

Յօ­­­դուա­­­ծագի­­­րը «ա՛լ աւե­­­լի ցա­­­ւալի» կը գտնէ «Պոլ­­­սոյ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանին կա­­­ցու­­­թիւնը՝ Մայր աթոռ Ս. Էջ­­­միած­­­նի նկատ­­­մամբ»։ Քա­­­նի որ «իբր «ան­­­կախ» աթոռ», կ՚ըսէ Սե­­­րով­­­բեան, «անոր հետ չու­­­նի եւ չի կրնար ու­­­նե­­­­­­­նալ որե­­­ւէ ձե­­­ւի իս­­­կա­­­­­­­կա՛ն պաշ­­­տօ­­­­­­­նական կապ եւ կող­­­մե­­­­­­­րու յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րը պար­­­տին մնալ զուտ ձե­­­ւական, դա­­­ւանա­­­կան կամ հո­­­գեւո­­­րական գետ­­­նի վրայ»։

Սե­­­րով­­­բեան կը գծէ այնպի­­­սի պատ­­­կեր մը, ուր կար­­­ծէք միայն Պոլ­­­սոյ պատ­­­րիար­­­քութիւ­­­նը ըլ­­­լար կա­­­պոյտ եր­­­կինքը պղտո­­­րողը եւ փո­­­թորի­­­կը պի­­­տի հան­­­դարտի երբ պատ­­­րիար­­­քութիւ­­­նը վե­­­րածուի առաջ­­­նորդա­­­կան թե­­­մի մը։ Կը տես­­­նենք, կը հե­­­տեւինք, վկան կը դառ­­­նանք «ա՛լ աւե­­­լի ցա­­­ւալի կա­­­ցու­­­թիւն»նե­­­րու, որոնք կը ստեղ­­­ծուին Մայր Աթո­­­ռի ու յատ­­­կա­­­­­­­պէս սփիւռքի կա­­­թողի­­­կոսա­­­կան, պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան եւ նոյ­­­նիսկ առաջ­­­նորդա­­­կան աթոռ­­­նե­­­­­­­րուն մի­­­ջեւ, որոնց հետ ան ու­­­նի «իս­­­կա­­­­­­­կա՛ն պաշ­­­տօ­­­­­­­նական կապ» եւ կող­­­մե­­­­­­­րուն յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րը չեն մնար «զուտ ձե­­­ւական, դա­­­ւանա­­­կան կամ հո­­­գեւո­­­րական գետ­­­նի վրայ»։

Յօ­­­դուա­­­ծագի­­­րը թրքա­­­հայու­­­թեան կ՚առա­­­ջար­­­կէ Պոլ­­­սոյ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան աթո­­­ռը փո­­­խարի­­­նել առաջ­­­նորդա­­­կան աթո­­­ռով մը, այ­­­սինքն ստեղ­­­ծել թեմ մը, «որ­­­պէսզի Թուրքիոյ հայ հա­­­մայնքը կա­­­րենայ նաեւ վար­­­չա­­­­­­­կան ամուր կա­­­պեր հաս­­­տա­­­­­­­տել Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­­միած­­­նի հետ», «ինչպէս է պա­­­րագան՝ Ամե­­­րիկա­­­յի, Ռու­­­սաստա­­­նի, Ֆրան­­­սա­­­­­­­յի...»։

Պոլ­­­սոյ պատ­­­րիար­­­քութիւ­­­նը թե­­­մի մը վե­­­րածե­­­լու առա­­­ջար­­­կով չէ բա­­­ւակա­­­նացած Սե­­­րով­­­բեան, այլ նաեւ ինքնըս­­­տինքեան զայն կա­­­պած է Մայր Աթո­­­ռին։ Հա­­­պա՞ եթէ մեզ­­­մէ ոմանք ու­­­զէին Կի­­­լիկիոյ կա­­­թողի­­­կոսու­­­թեան են­­­թարկուիլ։ Ինչպէս որ է մեր առ­­­ջեւ որ­­­պէս օրի­­­նակ դրուող Ամե­­­րիկա­­­յի մէջ, ուր եթէ չեմ սխա­­­լիր Առա­­­քելա­­­կան եկե­­­ղեցին չորս թեմ ու­­­նի։ Իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր կա­­­թողի­­­կոսու­­­թիւն՝ եր­­­կուական հատ։ Միւս օրի­­­նակն ալ Ֆրան­­­սան է, ուր թե­­­մական կեդ­­­րո­­­­­­­նական իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը խօսք չի կրնար հասկցնել Նի­­­սի հա­­­մայնքին։ Ռու­­­սաստա­­­նի մէջ ալ առաջ­­­նորդի խնդիր մը կար տա­­­րիներ առաջ. նոյ­­­նիսկ «ա՛լ աւե­­­լի ցա­­­ւալի» հար­­­ցեր, վե­­­րէն պար­­­տադրուած, չընտրեալ առաջ­­­նորդ մը, կա­­­խակա­­­յուած եպիս­­­կո­­­­­­­պոս մը, եկե­­­ղեցիէն դուրս չել­­­լելներ, առաջ­­­նորդա­­­րանի շէնք գրա­­­ւել­­­ներ եւլն.։ Եթէ ասո՞նք են Մայր Աթո­­­ռին հետ վար­­­չա­­­­­­­կան ամուր կա­­­պեր ու­­­նե­­­­­­­ցող­­­նե­­­­­­­րը՝ շնոր­­­հա­­­­­­­կալ ենք, չենք ու­­­զեր, մենք այսպէս լաւ ենք...

Պա­­­րոն Սե­­­րով­­­բեան իր յօ­­­դուա­­­ծը կ՚եզ­­­րա­­­­­­­փակէ հե­­­տաքրքրա­­­կան հար­­­ցումով մը. «Թրքա­­­հայ հա­­­մայնքը ար­­­դեօք կը փա­­­փաքի՞ իր ճա­­­կատագ­­­րին տէր դառ­­­նալ եւ ըլ­­­լալ ներ­­­դաշնակ՝ հա­­­մայն հա­­­յու­­­թեան եկե­­­ղեցա­­­կան կա­­­ռոյ­­­ցին»։ Կա­­­րելի է հե­­­տեւցնել այս հար­­­ցումէն, թէ թրքա­­­հայ հա­­­մայնքը ո՛չ տէրն է իր ճա­­­կատագ­­­րին եւ ոչ ալ ներ­­­դաշնակ՝ «հա­­­մայն հա­­­յու­­­թեան եկե­­­ղեցա­­­կան կա­­­ռոյ­­­ցին»։ Այստեղ պի­­­տի չպոռթկամ, «ո՛չ, մենք տէ՛րն ենք մեր ճա­­­կատագ­­­րին» պի­­­տի չպո­­­ռամ, այլ պարզ հար­­­ցում մը պի­­­տի ուղղեմ. դուք Ֆրան­­­սա­­­­­­­յի մէջ տէ՞րն էք ձեր ճա­­­կատագ­­­րին։ Ան­­­ձամբ դուք չէ ան­­­շուշտ, այլ աւե­­­լի քան 300 հա­­­զար հա­­­շուող ձեր հա­­­մայնքը։ Մենք այստեղ մեր ճա­­­կագ­­­րին տէր դառ­­­նա­­­­­­­լու հա­­­մար աւե­­­լի քան 50 եկե­­­ղեցի, 17 վար­­­ժա­­­­­­­րան, հա­­­յերէն ու թրքե­­­րէն օրա­­­թեր­­­թեր, շա­­­բաթա­­­թեր­­­թեր, հան­­­դէսներ, հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տուն, ձեր չհաւ­­­նած պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանը, կա­­­թողի­­­կէ ու բո­­­ղոքա­­­կան հո­­­գեւոր իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը, եր­­­կու հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոց­­­ներ, միու­­­թիւններ, երգչա­­­խումբեր, պա­­­րախումբեր ոտ­­­քի կը պա­­­հենք։ Գու­­­մա­­­­­­­րած քա­­­ղաքա­­­կան պայ­­­քար մղել կը ջա­­­նանք՝ ի գին բազ­­­մա­­­­­­­թիւ զո­­­հողու­­­թիւննե­­­րու, նոյ­­­նիսկ նա­­­հատակ­­­նե­­­­­­­րու։ Թե­­­րեւս չենք յա­­­ջողիր, թե­­­րեւս կը պար­­­տուինք։ Բայց դա­­­տաս­­­տա­­­­­­­նը ձե­­­զի չիյ­­­նար, կը կար­­­ծեմ։ Ամէն հա­­­մայնք իւ­­­րովսեանն կը մղէ իր գո­­­յու­­­թեան, իր տե­­­ւելու պայ­­­քա­­­­­­­րը։ Նուիրեալ­­­նե­­­­­­­րու կո­­­կիկ քա­­­նակ մը ոտ­­­քի կը պա­­­հեն այդ հա­­­ւաքա­­­կանու­­­թիւննե­­­րը, իրենց տքնա­­­ջան ու նուիրեալ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քով։ Սխալ է ան­­­շուշտ Սե­­­րով­­­բեանին մօ­­­տեցու­­­մը, ինչպէս որ մեծ ու ան­­­նե­­­­­­­րելի սխալ պի­­­տի ըլ­­­լար եթէ պոլ­­­սե­­­­­­­ցի մը ել­­­լէր ու ըսէր, թէ «Մեր թի­­­ւը 300 հա­­­զար չէ։ Հա­­­նապա­­­զօրեայ հայ­­­կա­­­­­­­կան թեր­­­թի մը չկրցաք տէր ըլ­­­լալ այդքան մարդ, ձեր ճա­­­կատագ­­­րին ինչպէ՞ս տէր կանգնիլ կը կար­­­ծէք, պա­­­րոն Սե­­­րով­­­բեան»։

«Հա­­­մայն եկե­­­ղեցա­­­կան կա­­­ռոյ­­­ցին» հետ (ար­­­դեօք ի՞նչ կը նշա­­­նակէ) ներ­­­դաշնակ ըլ­­­լա­­­­­­­լու հա­­­մար ի՞նչ պէտք է ընել։ Նոյն երկրին մէջ եր­­­կու կամ չորս հատ թե՞մ հաս­­­տա­­­­­­­տելու է, թէ կեդ­­­րո­­­­­­­նական թե­­­մական իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան դէմ ապստամ­­­բե­­­­­­­լու է, կար­­­գազրկեալ քա­­­հանա­­­ներ, եպիս­­­կո­­­­­­­պոս­­­նե՞ր ու­­­նե­­­­­­­նալու է ար­­­դեօք, թէ առաջ­­­նորդա­­­րանէն դուրս չել­­­լե­­­­­­­լու ու նոր առաջ­­­նորդին դէմ կռուելու է։ Կամ թե­­­րեւս սի­­­րելի ու մտա­­­ւորա­­­կան առաջ­­­նորդ-եպիս­­­կո­­­­­­­պոսի կա­­­թողի­­­կոսի մը կող­­­մէ անար­­­գուելուն դէմ լռու­­­թիւն պա­­­հելն է «հա­­­մայն եկե­­­ղեցա­­­կան կա­­­ռոյ­­­ցին հետ» ներ­­­դաշնակ ըլ­­­լա­­­­­­­լը։ Չեմ գի­­­տեր, թե­­­րեւս յօ­­­դուա­­­ծով մըն ալ այդ մա­­­սին խօ­­­սի պա­­­րոն Սե­­­րով­­­բեան։

Բո­­­լորիս ար­­­դար իրա­­­ւունքն է բար­­­կա­­­­­­­նալ Արամ արք. Աթե­­­շեանին կամ մէկ ու­­­րի­­­­­­­շին, զայ­­­րա­­­­­­­նալ, քննա­­­դատել զին­­­քը կամ մէկ ու­­­րի­­­­­­­շը, սա­­­կայն այդ ան­­­ձե­­­­­­­րուն պատ­­­ճա­­­­­­­ռով իրենց գո­­­յու­­­թիւնը վա­­­ղուց ար­­­դա­­­­­­­րացու­­­ցած պատ­­­մա­­­­­­­կան կա­­­ռոյցնե­­­րը կաս­­­կա­­­­­­­ծի են­­­թարկել, եւ այսպէս կոյրզկու­­­րայն զա­­­նոնք ոչնչաց­­­նե­­­­­­­լու մա­­­սին խօ­­­սիլ, աւե­­­լին՝ զա­­­նոնք խնա­­­մող հա­­­մայնքնե­­­րը ամ­­­բաստա­­­նել հա­­­մայն հա­­­յու­­­թեան հետ ներ­­­դաշնակ չըլ­­­լա­­­­­­­լու «յան­­­ցանքով», առ­­­նուազն ան­­­պա­­­­­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու արարք մըն է։

Վեր­­­ջին յի­­­շեցում մը։ Պոլ­­­սոյ պատ­­­րիար­­­քութիւ­­­նը 555 տա­­­րուան իր գո­­­յու­­­թեան ըն­­­թացքին միայն ան­­­գամ մը կնքուեցաւ ու վե­­­րածուեցաւ թե­­­մի (ինչպէս որ կը փա­­­փաքի պա­­­րոն Սե­­­րով­­­բեան). այն ալ՝ Մեծ Եղեռ­­­նի տա­­րինե­­րուն, 1916-ին, իթ­­թա­­­հատա­­կան­­նե­­­րուն կող­­մէ։ Պէտք չէ մոռ­­նալ, որ Պոլ­սոյ պատ­րիար­քութիւ­նը մեր ժո­ղովուրդին կեն­դա­նի վկայարանն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ