«Հրանդ Տինք» յիշատակի անտառ

«Ակօս»ի հայերէն էջերու ամենահետաքրքրական անկիւններէն մէկն է Նորայր Տատուրեանի պատրաստած «Բառերու խորհրդաւոր աշխարհը» խորագրեալ անկիւնը։ Տատուրեան այդ սիւնակի վրայ ամէն շաբաթ նիւթ կ՚առնէ հայերէնի հսկայ բառապաշառէն օրինակ մը եւ կը վերլուծէ այդ բառի ծագման պատմութիւնը։ Ստուգաբանական այդ յօդուածը շնորհիւ իր գրական տաղանդին կը վերածուի խիստ հաճելի պատմութեան։ Ընթերցողը յաճախ պատմութեան մէջ ճամբորդութիւններու կ՚ելլէ եւ լեզուաբանական բնոյթով ներկայացող յօդուածը կը վերածուի պատմուածքի։ Որոշ է որ Նորայր Տատուրեան հայերէն գրականութեան մտածած սէրը կը փոխանցէ նաեւ իր աշակերտներուն։ Արդարեւ նախապէս ալ զանազան անգամներ այս էջերուն վրայ տեղ տուինք Լոս Անճելըսի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի շարադրութիւններուն։ Այս շաբաթ մեծ ուրախութեամբ կը ներկայացնենք 10-րդ դասարանի աշակերտուհի Կալին Աղէկեանի գրութիւնը, որ կը նկարագրէ Հրանդ Տինքի յիշատակման համար կազմակերպուած շատ իմաստալից ձեռնարկ մը։

ԿԱԼԻՆ ԱՂԷԿԵԱՆ

19Յունուար 2007 թուականին, երբ պոլսահայ խմբագիր եւ լրագրող Հրանդ Տինք ան­գութօ­րէն սպան­նուեցաւ Պոլ­սոյ փո­ղոց­նե­րուն մէջ, հայ ժո­ղովուրդը, Թուրքիոյ մէջ թէ ու­րիշ եր­կիրնե­րու՝ զայ­րա­ցած վի­ճակ ու­նէր։ Այս վի­ճակը անոնք աշ­խարհին ցոյց տուին բազ­­մա­­­հազար­­նե­­­րու քայ­­լարշաւ­­նե­­­րով, բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րով եւ այլ խա­­ղաղ ձե­­ւերով։ Իսկ ԱՄՆ-ի Պոս­­թոն քա­­ղաքի մէջ հաս­­տա­­­տուած «Հա­­յաս­­տան Ծա­­ռատունկ Ծրա­­գիրը» (ATP-Armenian Tree Project) յի­­շատա­­կի ան­­տառ մը որո­­շեց հաս­­տա­­­տել Հա­­յաս­­տա­­­նի Լո­­ռի մար­­զի մէջ, Մար­­գա­­­հովի­­տի մօտ,- 1700 մ. բարձրու­­թեան վրայ գիւղ մը, որ ու­­նի 4000 բնա­­կիչ։

«Հրանդ Տինք» յի­­շատա­­կի ան­­տառի նպա­­տակն է զո­­հուած լրագ­­րո­­­ղի յի­­շատա­­կը դա­­լար ու ան­­մար պա­­հել։ Հոն լերկ լե­­րան մը վրայ տնկուած են 53,000 ծա­­ռեր։ Այդ ծա­­ռերը կը խորհրդան­­շեն Հ. Տին­­քի կեան­­քի 53 տա­­րինե­­րը։ Ան­­տա­­­ռը 14 հեկ­­տար է, եր­­կու հո­­ղամա­­սերու վրայ տա­­րածուած։ Այժմ մշտա­­դալար ու խիտ սո­­ճիներ կը զար­­դա­­­րեն այդ եր­­բեմնի լերկ լեռ­­նա­­­լան­­ջը։

Ան­­տա­­­ռի մուտքը տե­­ղադ­­րուած են եր­­կու ցու­­ցա­­­նակ­­ներ, որոնք հիմ­­նա­­­կան տուեալ­­ներ կու տան անոր մա­­սին։

Ան­­տա­­­ռը ամէն տա­­րի կ՚ու­­նե­­­նայ հայ թէ օտար պա­­տուոյ այ­­ցե­­­լու­­ներ։ Այդ այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րէ ամե­­նէն պատ­­մա­­­կանը ԱՄՆ-ի Կ.Պոլ­­սոյ 1913-16 թուական­­նե­­­րու դես­­պան Հէն­­րի Մորկնթաուի ըն­­տա­­­նիքի եր­­րորդ սե­­րունդի ան­­դամնե­­րուն յար­­գանքի այ­­ցե­­­լու­­թիւնն էր։

27 Ապ­­րիլ 2015 թուակա­­նին դես­­պան Մորկնթաուի ծո­­ռերը Տօքթ. Հէն­­րի Պէն Մորկնթաու IV-ն ու Պոպ Մորկնթաուն, ծառ մը տնկե­­ցին Հ. Տինք ան­­տա­­­ռին մէջ։ Յի­­շել կ՚ար­­ժէ, թէ ասի­­կա Տօքթ. Հ. Պէն Մորկնթաու IV-ի երկրորդ այ­­ցե­­­լու­­թիւնն էր Հա­­յաս­­տան։ Ան առա­­ջին ան­­գամ 1999-ին Երե­­ւան եկած էր Ծի­­ծեռ­­նա­­­կաբեր­­դէն ներս պա­­տուոյ պա­­տի վրայ իր մեծ-մեծ հօր, դես­­պան Մորկնթաուին անուան զե­­տեղու­­մին։ Ան նաեւ դես­­պա­­­նին գե­­րեզ­­մա­­­նէն հող բե­­րած էր եւ մաս­­նակցած՝ երե­­ւանեան վար­­ժա­­­րանի մը «Հէն­­րի Մորկնթաու» վե­­րանուանու­­մի հան­­դէ­­­սին։

Հա­­յաս­­տա­­­նի Ծա­­ռատունկ Ծրագ­­րի երա­­զը ահա տա­­սը տա­­րի է իրա­­կանա­­ցած է։ Այս ան­­տա­­­ռի 53 հա­­զար ծա­­ռերը ո՛չ միայն կը խորհրդան­­շեն հայ հե­­րոս Հրանդ Տին­­քի 53 տա­­րինե­­րը, այլ նաեւ աշ­­խարհին կը փաս­­տեն, թէ հայ ժո­­ղովուրդը ո՛չ մէկ ատեն պի­­տի մոռ­­նայ անոր յի­­շատա­­կը։ Մէջ­­բե­­­րելով բա­­նաս­­տեղծ Պ. Դու­­րեանի խօս­­քե­­­րը

«Իսկ ան­­նը­­­շան եթէ մնա­­յե

Երկրի մէկ խորշն հո­­ղակոյտն իմ,ե

Եւ յի­­շատակս ալ թա­­ռամի,ե

Ա՜հ, ա՚յն ատեն ես կը մեռ­­նիմ»։

(«Իմ Մա­­հը»)

Այս տո­­ղերը ցոյց կու տան, թէ սի­­րելի եւ յար­­գե­­­լի Հրանդ Տին­­քը կեն­­դա­­­նի է մին­­չեւ հի­­մա եւ մին­­չեւ այն ատեն որ այս մշտա­­դալար ծա­­ռերը կանգնած են՝ ան եր­­բեք մոռ­­ցուած չէ։

ATP-ի Մա­­սին

Հա­­յաս­­տան Ծա­­ռատունկ Ծրա­­գիրը հիմ­­նադրուած է 1994 թուակա­­նին Պոս­­թո­­­նաբ­­նակ ազ­­գա­­­յին գոր­­ծիչ, բա­­րերար Քա­­րոլին Մու­­կա­­­րի (Մկրտի­­չեան) կող­­մէ։

Նպա­­տակն է Հա­­յաս­­տա­­­նի սահ­­մա­­­նամերձ եւ լեռ­­նա­­­յին գիւ­­ղե­­­րու եւ գիւ­­ղա­­­քաղաք­­նե­­­րու մօտ ծա­­ռեր տնկել ու ան­­տա­­­ռային տնտե­­սու­­թեամբ զար­­գացնել շրջա­­նի տնտե­­սու­­թիւնը եւ պայ­­քա­­­րիլ աղ­­քա­­­տու­­թեան դէմ։ Ու­­նի 2 տնկա­­րան, 60 ան­­տա­­­ռաբան պաշ­­տօ­­­նեաներ։ Հաս­­տա­­­տու­­թիւնը մին­­չեւ այ­­սօր տնկած է 5 մի­­լիոն ծառ (Արա­­րատ մար­­զի մէջ՝ 38 հա­­զար, Շի­­րակի մէջ 70 հա­­զար, Ար­­ցա­­­խի մէջ 29 հա­­զար)։

ATP-ի աշ­­խա­­­տանքնե­­րու շնոր­­հիւ ծա­­ռազար­­դա­­­րուած են Խոր Վի­­րապի, Նո­­րավան­­քի եւ այլ եկե­­ղեցի­­ներու տա­րածքնե­րը, ինչպէս նաեւ Սար­դա­րապա­տի յու­շա­համա­լիրը եւ այլ պատ­մամշա­կու­թա­յին վայ­րեր, դպրոց­նե­րու շրջա­պատ­ներ եւ այլն.։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ