Հերթը եկաւ վկայութիւնները լսելու

Իսթանպուլի 14-րդ եղեռնադատի մէջ նախորդ շաթուայ ընթացքին շարունակուեցաւ Հրանդ Տինքի սպաննութեան դատավարութիւնը։ Երեք օրերու ընթացքին ոստիկանութեան լրաքաղութեան բաժնի պետ Ալի ֆուաթ Եըլմազէր իր պաշտպանութիւնը ներկայացուց։ Եըլմազէրի պաշտպանութիւնը տակաւին չէ աւարտած եւ ան յառաջիկայ նիսներուն պիտի շարունակէ իր անմեղութիւնը փաստելու։ Դատակազմը 20 Յունուարի նիստին յայտարարեց նաեւ իբրեւ վկայ լսուելիք անունները։ Այդ անուանացանկին մէջ կը տեսնենք Իսթանպուլի նախկին կուսակալ Մուամմէր Կիւլէր, նախկին ապահովութեան տնօրէն Հանէֆի Աւճը եւ դեր բազմաթիւ ծանօթ անուններ։ Տակաւին կարգ մը կարեւոր անուններ ալ կրնան իբրեւ վկայ դատարանը ներկայանալ։ Արդարեւ Ռամազան Աքեիւրէք նախորդ նիստերու ընթացքին պնդած էր որ Իսթանպուլի ապահովութեան տնօրէն Ճելալետտին Ճերրահ այդ դէպքի առնչութեամբ իրմէ պահանջած էր որ կարգ մը փաստաթուղթերուն անհետացումը։ Աքեիւրէք այս պնդումը յստականացնելու համար առաւել պնդած էր թէ ետք Ճերրահի փաստաբանները Իսթանպուլի նախկին կուսակալ Մուամմէր Կիւլէր, նախկին նախարարներ Ապտիւլքատիր Աքսու, Պէշիր Աթալայ եւ այս ժամանակուայ դատախազ Այքութ Ճէնկիզ Էնկին եւս տեղեակ են Ճերրահի այդ պահանջէն։ Ուրեմն հիմա Ճերրահի փաստաբանները կը պահանջեն, որ անոնք եւս դատարան ներկայանան որպէսզի առերեսուին այս պնդումներուն հետ։ Դատակազմը տակաւին այս վերջինները իբրեւ վկայ հրաւիրելու մասին վերջնական որոշումը դեռ չեն առած։ Այժմ վկայութիւն բերելու համար դատարան հրաւիրուածներուն մէկ մասը նախապէս եւս մեղադրուած էին այս ոճիրի կապակցութեամբ բայց անպարտ հռչակուած։ Յաջորդ դատական նիստերը պիտի կայանան 6,7,9 եւ 10 Փետրուար թուականներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ