Ոգեկոչումներ ամենուրեք

Յունուար ամիսը Թուրքիոյ մէջ կարծես թէ լրագրողներու սպանութեան առումով խորհրդանշական յատուկ իմաստ մը ունի։ Երկրի կարկառուն լրագրող­նե­րու սպանութիւ­­նը ընդհան­­րա­­­պէս տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ Յու­­նուար ամ­­սուան ըն­­թացքին։ Ու­­րեմն չա­­փազան­­ցութիւն պի­­տի չըլ­­լայ այս առու­­մով Յու­­նուարը տխրահռչակ ամիս հա­­մարել։ Բա­­ցի «Ակօս»ի գլխա­­ւոր խմբա­­գիր Հրանդ Տին­­քէն, այս աս­­պա­­­րէզին մէջ հե­­տազօ­­տող լրագ­­րո­­­ղու­­թեան աւան­­դի կա­­րեւո­­րագոյն դէմ­­քը Ու­­ղուր Մումճու եւս սպան­­նուած էր Յու­­նուար ամ­­սուան մէջ։ Ու­­րեմն բնա­­կան էր որ ամի­­սը պի­­տի դրոշ­­մուէր նաեւ նա­­հատա­­կուած այս կա­­րեւոր մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու յի­­շատա­­կով։ Ինչպէս նա­­խորդ տա­­րիներուն այս տա­­րի ալ Թուրքիոյ զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րուն մէջ յա­­տուկ մի­­ջոցա­­ռումներ տե­­ղի ու­­նե­­­ցան զո­­հուած լրագ­­րողնե­­րը յի­­շատա­­կելու հա­­մար։ Երկրի մէջ կա­­յացած մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը կը կայանային բա­­ցի Պո­­լիսէն Ան­­գա­­­րա, Զմիւռնիա, Մա­­լաթիա եւ Ատա­­նա։ Բո­­լոր մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը ան­­ցան խա­­ղաղ պայ­­մաննե­­րու տակ։ Միակ բա­­ցառու­­թիւնը կաց­­մեց Ան­­գա­­­րան քա­­նի որ այս քա­­ղաքին մէջ կու­­սա­­­կալու­­թիւնը նա­­խապէս ամ­­բողջ ամ­­սուան տե­­ւողու­­թեամբ ար­­գի­­­լած էր բո­­լոր տե­­սակի ցոյ­­ցե­­­րը եւ հան­­րա­­­հաւաք­­նե­­­րը։ Ար­­դա­­­րեւ Ան­­գա­­­րայի մէջ ոգե­­կոչ­­ման հան­­դէ­­­սը փո­­խանակ փո­­ղոցի վրայ կա­­յանա­­լու, տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ Ան­­գա­­­րայի Քա­­ղաքա­­կան Գի­­տու­­թիւննե­­րու Հա­­մալ­­սա­­­րանի միու­­թեան մէջ։ Զմիւռնիոյ մէջ Հրան­­դի ոգե­­կոչու­­մը զու­­գա­­­դիպե­­ցաւ նաեւ այս քա­­ղաքին մէջ վեր­­ջերս հա­­մալ­­սա­­­րանէն վտա­­րուած դա­­սախօս­­նե­­­րու խնդրին հետ։ Այսպէս օրուան ու­­ղերձը ար­­տա­­­սանեց Եքէական հա­­մալ­­սա­­­րանի փի­­լիսո­­փայու­­թեան բաժ­­նի դա­­սախօս Փրոֆ. Զեր­­րին Քուրթօղ­­լու։ Մա­­լաթիոյ եւ Ատա­­նայի մէջ ալ Հրան­­դը յի­­շատա­­կուե­­ցաւ հրա­­պարակ­­նե­­­րու վրայ։

Բա­­ցի այդ, թուրքիացի­­ներու բնա­­կած Եւ­­րո­­­պայի եւ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րուն մէջ ալ նման բնոյ­­թով հա­­ւաքոյթներ տե­­ղի ու­­նե­­­ցան։ Լոն­­տո­­­նի յի­­շատա­­կու­­մը կա­­յացաւ Ս. Սար­­գիս եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ, ուր Նու­­րի­­­ցա Մա­­թոսեան ար­­տա­­­յայ­­տուեցաւ Հրանդ Տին­­քի յատ­­կութիւննե­­րուն մա­­սին։ Պեր­­լի­­­նի մէջ զոյգ հան­­դի­­­սու­­թիւննե­­րով յի­­շուե­­ցաւ Հրանդ Տինք։ Զա­­նազան մի­­ջոցա­­ռումներ կա­­յացաւ նաեւ Փա­­րիզ, Լիոն, Ամստերտամ, Թո­­րոն­­թօ եւ Վիեն­­նա­­­յի մէջ։ Նշենք որ այստեղ յի­­շուած­­նե­­­րը միայն իբր տե­­ղեկու­­թիւնը մե­­զի հա­­սած­­ներն են եւ տաս­­նա­­­մեայ փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ գի­­տենք թէ այս ցան­­կէն դուրս կը մնայ տա­­կաւին բազ­­մա­­­թիւ մի­­ջոցա­­ռումներ, որոնք կա­­տարուած են զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ։

Հրանդ Տին­­քի տա­­րելի­­ցի առ­­թիւ Հա­­յաս­­տա­­­նէ ներս ալ բազ­­մա­­­թիւ մի­­ջոցա­­ռումներ տե­­ղի ու­­նե­­­ցան։ Սփիւռքի Նա­­խարա­­րու­­թե­­­նէ ներս կա­­տարուած յի­­շատակ­­ման ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ նա­­խարա­­րու­­հի Հրա­­նուշ Յա­­կոբեան։ Իսկ նոյն օր երե­­կոյեան Շարլ Ազ­­նա­­­ւուր հրա­­պարա­­կի վրայ Նոր Զար­­թօնք եւ կարգ մը հա­­յաս­­տա­­­նեան հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րով եւ մո­­մավա­­ռու­­թեամբ յի­­շատա­­կեցին Հրանդ Տին­­քը։ Բա­­ցի այս, Հա­­յաս­­տա­­­նի բազ­­մա­­­թիւ դպրոց­­նե­­­րու եւ ԲՈՒՀ-երու մէջ յա­­տուկ մի­ջոցա­ռումներ տե­ղի ու­նե­ցան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ