Ցեղասպանութիւն ըսաւ

ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ

Նախորդ շաբաթ Հրանդ Տինքի յիշատակման նուիրուած բանախօսութեան մը համար Պերլին հրաւիրուած էի: Միջոցառման յաջորդ օր գերմանացի խումբ մը պատգամաւորներու հետ հանդիպման համար խորհրդարան այցելեցի: Ռայշթակի մուտքին դաշնամուրի հնչիւններ լսեցի: Զիս դիմաւորողները պարզեցին թէ ընդհանուր ժողովի դահլիճին մէջ հրէից ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յայտագիր մը կը կատարուի: Դահլիճը ամբողջովին լեցուն էր: Բոլոր պատգամաւորները ներկայ էին: Ներկայ էր նաեւ Շանսէօլիէ Մերքել եւ բոլոր նախարարները: Բոլորը յոտնկայս կը ծափահարէին Հոլոքոստի զոհերու յիշատակին ձօնուած դաշնամուրի մենահամերգը:

Ի՞նչ կրնամ ըսել, հիացայ:

Գերմանիոյ խորհրդարանը Նացիներու կառավարութեան օրով գործուած մեծ ոճիռին զոհերը կը յիշատակեր:

Իսկ ես բոլորովին տարբեր տրամադրութենէ մը կու գայի: Անցելի դաժանութեան հետ առերեսուելէ խուսափող, այսօր նման դաժանութիւնը անբութօրէն շարունակող երկրէս... Ցաւ զգացի երկրիս հաշւոյն, արցունքոտ աչքերով անցայ հանդիպման սրահ...

Հազիւ շաբաթ մը առաջ, երբ ելոյթ ունեցայ սահմանադրական փոփոխութիւններու նիւթով, անդրադարձայ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն իմ ժողովուրդին մատնուած տանջանքին: Խորհրդարանէն վտարուեցայ: Ես իբրեւ հայ երեսփոխան, խօսելու իրաւունք չունէի 102 տարի առաջ պատահածներուն մասին: Իսկ գերմանացիներ աջակողմեան կամ ձախակողմեան, իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն ձեռք ձեռքի տուած, մեծ ինքնավստահութեամբ կ'առերեսուէին իրենց անցեալի սխալին հետ...

Ոչ ոք կը խորհեր թէ այսպէսով գերմանացիի ինքնութիւնը կը վարկաբեկուի...

Միւս կողմէ Թուրքիոյ մէջ օր ըստ օրէ կը դժուարանայ պատմութեան էջերը թերթել:

Տեսէք թէ ես այս իրողութիւնը ինչպէս ապրեցայ:

Պերլինեան ոգեկոչումէն շաբաթ մը առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանի ամպիոնէն կատարած ելոյթիս սկսայ «Մեծ սխալ մը գործելու սեմին ետք» ըսելով: «Կը կարօտինք մեր հասարակաց հայրենիքինբոլոր քաղաքացիներուն –Սա իմ սահմանադրութիւնն է- ըսելիք համաձայնագրի մը» ըսի:

Նպատակս երեսփոխաններուն Օսմանեան սահմանադրութեան պատրաստութեան օրերու բանավէճերը յիշեցնել եւ գործուած սխալներու դէմ զգուշացնել էր:

Հիրաւի Թուրքիոյ մէջ շատ քիչեր գիտեն թէ մեր առաջին սահմանադրութիւնը 1876-ինբազմազգի յանձնախումբի մը կողմէ բազմակողմանի մերցեցումով պատրաստուած եւ Գրիգոր Օտեանի կողմէ գրի առնուած է: Այդ սահմանադրութիւնը ապա չեշեալ համարուեցաւ Սուլթան Համիտի կողմէ եւ սկսաւ մինչեւ 1908 շարունակուող մենատիրութեան շրջան մը: Ապա բոլորս գիտենք ժողովրդականութեան որոնումները, Թալյաթի եւ Էնվէրի յեղաշրջումը ու մեծ աւերը...

Այսօր խորհրդարանի մէջ քննարկուող սահմանադրութիւնը «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութեան կողմէ «Թուրքին սահմանադրութիւնը» կը կոչուի: Կը սարսափիմ, քանի որ անցեալին Թալյաթ եւ Էնվէր փաշաներն ալ նման տրամաբանութեամբ փորձած էին թուրքի սահմանադրութիւն մը կերտել: Ժողովուրդին մէկ մասը արժանի քաղաքացի, մէկ մասն ալ անգոյ համարած էին: Նոյնիսկ մէկ մասը իրաւ ալ անգոյ դարձուցին: 1913-1923 թուականներու միջեւ մեծ կոտորածներ, ցեղասպանութիւններ, բնակչութեան փոխանակումներ կատարուեցան: Հայ, ասորի, յոյն, հրեայ ժողովուրդներու մեծամասնութիւնը կորսնցուցինք:

Խորհրդարանը փոթորկեցաւ երբ ասոնք պատմեցի:

«Ցեղասպանութիւն» եզրը գործածելով աննախադէպ պատժի մը ենթարկուեցայ: Արգիլուեցայ սահմանադրութեան նախագծի քննարկուած յաջորդ երեք նիստերու մասնակցելէ: Խորհրդարանի ամպիոնէն արտասանած խօսքերս ալ չնչուեցան արձանագրութիւններէն:

Յաջորդ օր եղածները համացանցէն լսող բարեկամներ «Կարօ, իրաւ ես բայց հիմա ցեղասպանութիւն ըսելու ժամանակը չէ, չես տեսներ որ երկիրը բռնատիրութեան կ'երթայ» կ'ըսէին: Հասկնալի էր իրենց դիտողութիւնը: Ամբողջ մետիան «Ցեղասպանութիւն ըսաւ» կը գոռար: Մամուլին յայտարարութիւն տուող երկու ազգակիցներս ալ իմ խօսքերը «Անտեղի» եւ «Անժամանակ» գտած էին:

Չեմ զարմանար: Այսպէս ժամանակներուն նման շեղումներ կրնան պատահիլ: Վախը, մտավախութիւնը հասկնալի զգացումներ են:

Իմ ալ նպատակս սահմանադրութեան այս փոթորկոտ պայմաններուն մէջ ցեղասպանութեան խնդիր մը յարուցել չեր: Արդէն այդ ամպիոնէն քանիցս ըսած եմ «ցեղասպանութիւն» կամ «հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը: Ոչ մէկ խնդիր պատահած էր: Այս անգամ ալ իմ ելոյթին բնական ընթացքին մէջ ժողովուրդիս գլխուն եկած փորձանքը ինչպէս միշտ կ'ընեմ, ցեղասպանութիւն կոչած էի:

Բայց այս անգամ նախատիքներ, ճգնաժամ... Առարկողներուն «Լաւ՝ դուք անուանեցէք» ըսի: «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութիւնը այդ գիշեր «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան սպառնաց «Եթէ Կարօն խորհրդարանէն չնետէք, սահմանադրութեան նախագծին չենք զօրակցիր» ըսելով: Խորհրդարանի երեք կուսակցութիւններու միատեղ ձայներով որոշում կայացուցին: Ազգայնական ճակատին քաղաքական լինճին ենթարկուած էի:

Մինչթեր իմ նպատակս ոչ թէ բանավէճ ստեղծել, այլ անցեալէն դաս քաղելով այս հողերուն վրայ նոյն սխալներու կրկնութիւնը կանխել էր: կայսրութեան վերջին տարիներուն սահմանադրութեան գործընթացին ինչպէս բազմազգի հասարակութիւնը միատարր ազգի մը վերածել փորձելը, միապետական համակարգին ինչ տեսակ աղէտներու պատճառ դառնալու վտանգը մեզ՝ 2017-ին նոր սահմանադրութիւն մը պատրաստողներուս բացատրել ուզեցի:

Ես շատ լաւ գիտեմ թէ մեզ նման քաղաքական գործիչներուն սխալները ինչ մէծ աղէտ մը պատճառած է իմ նախնեաց գլխուն: Խորհրդարանի վերացումով անգամ մը եւս պիտի կայանայ Էնվէրի եւ Թալյաթի միջավայրը: մշակուած սահմանադրութեան նախագիծըերկրի վարչութիւնը անհատական կամքի, անձնական գաղաբարախօսութեան կը տանի: Անցեալի աղէտներուն կրկնութեան պատճառ կը դառնայ: Այս բոլորը տեսնել ու լռել երկրի ժողովուրդին դաւաճանել կը նշանակէ:

Մտահոգ եմ «թուրքի սահմանադրութիւնը» ընելու համար ճամբայ ելլող, նախ քան գործի լծուիլ քիւրտ պատգամաւորները բանտարկող, իր երեսփոխաններուն չվստահելով անոնց քուէարկութեան միջամտող այս խորհրդարանին երկրի ղեկը անպատասխանատու անհատի մը յանձնելուն դժբախտ հետեւանքները պիտի ապրինք:

Այս մենատիրութեան պատճառաւ կայսրութեան վերջին տարիներուն բանակչութեան 40 տոկոսը կազմող քրիստոնեայ եւ հրեաները այսօր նուազած են մէկ հազարերորդի համեմատութեամբ: Մենք շատ սուղ հատուցած ենք: Բայց ոչ միայն մենք, այլ երկիրընուազեցաւ: Քանի մը հոգիներու նեղքով բոլորը արատաւորուեցան:

Ինծի համար խնդիրը խորհրդարանի մէջ խօսքի ազատութեան բռնաբարումը, ընտրողներու կամքին անարգանք կամ «այդ բառը» գործածել չէ միայն: Ասոնք ալ կարեւոր են: Բայց սոսկալի է այն երեւոյթը ուր Թուրքիա իր պատմութեան «Անգամ մըն ալ երբէք» ըսելով զգուշացուած ուղղութեան երթալու վճռած կերեւի: Ազգային դաշինքի մը վերածուած անհանդուրժողականութիւնը, հաւասարակշռութիւն-հսկողութիւն-արգելակ չունեցող մենատիրական համակարգի մը վազելով երթալու երեւոյթն է սարսափելին:

Նոր շրջանին արհամարուածները կամ անձայնութեան պիտի մատնուին, կամ պիտի ապստամբեն եւ կամ ալ պիտի գաղթեն... Ճիշդ 100 տարի առաջուայ պէս...Բոլորն ալ երկիրը կը վիրաւորեն, կը պակսեցնեն: Կրնանք բոլորիս ալ տուժած մէկ շրջանը թեւակոխել:

Մինչթեր միասնաբար կրնանք շահիլ:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ