«Ո՛չ» ըսելու հաճոյքն ու պատճառները

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Սահ­մա­նադ­րութեան շուրջ ըն­թա­ցող վէ­ճերը, որոնք մեծ մա­սամբ սեղ­մուած են «այո»ի ու «ոչ»ի արան­քին, թիւ մէկ նիւթն են այ­սօր հա­սարա­կու­թեան։ Ան­ցեալ շա­բաթ անդրա­դարձ մը կա­տարած էինք 2011-2013 թուական­նե­րու սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րեփո­խումնե­րու քննար­կումնե­րուն, որոնք շատ աւե­լի ըն­դարձակ գե­տին մը ու­նէին իրենց տակ։ Իսկ այ­սօր առանց քննար­կումներ իրա­կանաց­նե­լու, առանց հան­րա­յին կար­ծի­քը շօ­շափե­լու, առանց հա­սարա­կու­թեան լայն խա­ւերը ընդգրկե­լու կա­տարուած աշ­խա­տան­քին մէջ՝ իշ­խա­նու­թիւննե­րը մեզ դրած են կոտ­րած տաշ­տին առ­ջեւ, կա­տարուած իրո­ղու­թեան մը դի­մաց՝ պա­հան­ջե­լով որ կա՛մ այո ըսենք, կա՛մ ոչ։ Կ՚ըսեմ՝ իշ­խա­նու­թիւննե­րը, քա­նի որ խորհրդա­րանա­կան ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւններն ալ, ՃՀՓ-ն ու ՀՏՓ-ն, ոչ մէկ ձե­ւով մաս­նա­կիցը դար­ձան այս գոր­ծընթա­ցին, այլ միայն պարզ դի­տող­ներն ըլ­լա­լու դա­տապար­տուեցան ԱՔՓ-ՄՀՓ կրօ­նա-ազ­գայնա­կան ճա­կատին կող­մէ պատ­րաստուած նա­խագ­ծին հապ­ճեպ օրի­նակա­նացու­մին։

Այս սահ­մա­նադ­րութիւ­նը ի՞նչպի­սի լու­ծումներ կը նա­խատե­սէ այն բազ­մա­թիւ հար­ցե­րուն, որոնք առ­կայ են մեր հա­սարա­կու­թեան մէջ, ի մաս­նա­ւորի անոնց, որոնք կը վե­րաբե­րին մե­զի՝ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուս։ Հար­ցեր, զորս չտես­նէինք թե­րեւս եթէ այ­սօր ամէն ինչ կա­տարեալ ըլ­լար (ու­նե­նայինք օրի­նաւոր պատ­րիարք մը կամ ընտրեալ հա­մայնքա­յին ու թա­ղային մար­միններ)՝ ողջ մեր­կութեամբ ցցուած են մեր առ­ջեւ, հե­տեւա­բար օրի­նակ­ներ փնտռե­լու հա­մար հե­ռու­նե­րը նա­յելու պէտք չու­նինք։

Վեր­ջին քա­նի մը տա­րինե­րուն փոք­րա­մաս­նա­կան կա­ռոյցնե­րը՝ թա­ղային խոր­հուրդներ, խնա­մակա­լու­թիւններ, հո­գաբար­ձութիւններ, ընտրու­թիւն չեն կրնար կա­տարել, քա­նի որ խոս­տա­ցեալ կա­նոնադ­րութիւ­նը տա­կաւին չէ վա­ւերա­ցուած (ար­դեօք վերջնա­կան տեսք մը ու­նի՞։ Ատի­կա ալ չենք գի­տեր)։ Վեր­ջին 10 տա­րինե­րուն առանց պատ­րիար­քի մնա­ցած հա­մայնք մըն ենք եւ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան հար­ցը նոյնպէս վե­րածուած է թնճու­կի մը։ Թէ՛ հա­մայնքա­յին, թէ վար­չա­յին պատ­կան մար­միննե­րը «այ­սօր-վա­ղը»ի խո­րամանկ քա­ղաքա­կանու­թեամբ մը կ՚օրօ­րեն հա­սարա­կու­թիւնը, որ դիւ­րութեամբ քնա­նալու հա­կում մը ու­նե­նալուն՝ բա­րակին չի նա­յիր ար­դէն ու կը հա­մակեր­պի ստեղ­ծուած այս անել կա­ցու­թեան, ան­սո­վորը սո­վորա­կան նկա­տելով, անբնա­կանը ըն­դունե­լով որ­պէս բնա­կան վի­ճակ։

Հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րը՝ թա­ղային խոր­հուրդներ, հո­գաբար­ձութիւններ, խնա­մակա­լու­թիւններ եւլն․ կար­ծէք ըլ­լա­յին դեռ երէկ հիմ­նադրուած հաս­տա­տու­թիւններ, որոնք տա­կաւին չեն յստա­կեցու­ցած իրենց կար­գա­վիճա­կը ու կը կա­րօտին կա­նոնադ­րութեան։ Ո՞վ կ՚ըսէ թէ անոնք ու­նին աւե­լի քան 150-200 տա­րուան ան­ցեալ։

Պատ­րիար­քութի՞ւնը հա­պա։ Կար­ծէք 555 տա­րուան հաս­տա­տու­թիւն մը չըլ­լար, այլ նո­րելուկ ըն­կե­րու­թիւն մը, որ չի գի­տեր ինչպէս վա­րուիլ երբ իր գա­հակա­լը հի­ւան­դա­ցած է ան­բուժե­լիօրէն, եւ կը դառ­նայ անօ­րինա­բար աթո­ռին վրայ բազ­մած փո­խանոր­դի մը քմա­հաճոյ­քին առար­կան։ Ու դեռ եր­րորդ մըն ալ, առանց խորհրդակ­ցե­լու ատե­նապե­տու­թեանը յա­ւակ­նած մար­մի­նին ան­դամնե­րուն հետ, կ՚եր­թայ ու կը բա­նակ­ցի երկրի նա­խագա­հին հետ, իշ­կիւզա­րու­թեան մե­ծագոյն օրի­նակը տա­լով, եւ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւնը կա­պել այս սահ­մա­նադ­րութեան ըն­դունու­մի կամ մեր­ժումի հան­րա­քուէին։ Սահ­մա­նադ­րութիւն մը, որ ո՛չ մէկ լու­ծում կը բե­րէ ու պի­տի բե­րէ այս եւ այլ բազ­մա­թիւ հար­ցե­րուն, այլ ընդհա­կառա­կը՝ ա՛լ աւե­լի պի­տի խո­րաց­նէ կնճիռ­նե­րը՝ միանձնեայ իշ­խա­նու­թեան հա­կումնե­րը խո­րաց­նե­լով ինչպէս երկրին, այլ նաեւ հա­մայնքին մէջ։

Վէյ­սի Քայ­նաք, որ վար­չա­պետի օգ­նա­կան մըն է, ան­ցեալ օր յայ­տա­րարած էր, թէ փոք­րա­մաս­նութիւններ չկան երկրին մէջ։ Քայ­նաք ըսած էր, որ իրենք որ­պէս փոք­րա­մաս­նութիւն չեն ըն­կա­լեր հրեայ, հայ, ասո­րի քա­ղաքա­ցինե­րը եւ թէ «փոք­րա­մաս­նա­կան վա­քըֆ» ար­տա­յայ­տութիւ­նը Լո­զանի դաշ­նագրէն բխող իրա­ւական ար­տա­յայ­տութիւն մըն է սոսկ։ Վե­րոյի­շեալ պատ­կե­րը սա­կայն վար­չա­պետի օգ­նա­կանին խօս­քե­րը չ՚ար­դա­րաց­ներ։ Փոք­րա­մաս­նութիւն կո­չուին կամ ոչ, միայն Լո­զանի դաշ­նագրին ապա­ւինե­լու հար­կադրան­քին տակ են անոնք, քա­նի որ իրենց իրա­ւունքնե­րը չեն ամ­րագրուած սահ­մա­նադ­րութեամբ եւ իւ­րա­քան­չիւր կա­ռավա­րու­թիւն որ­պէս շնորհ անոնց կ՚ըն­ծա­յէ սա կամ նա իրա­ւունքը՝ միշտ ու­նե­նալով յստակ ակնկա­լու­թիւններ՝ կա՛մ քուէ, կա՛մ քա­ղաքա­կան նե­ցուկ եւ կա՛մ «99 առ հա­րիւր» տո­կոսին կար­ծի­քը (թէական ան­ձի մը կող­մէ իսկ յայտնուի), թէ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ եղած»։ Հայ, յոյն, հրեայ կամ ասո­րի հա­զար ու մի օրի­նակ­նե­րով կրնան ար­տա­յայ­տել իրենք զի­րենք այս երկրին հա­ւասար քա­ղաքա­ցինե­րը չզգա­լու զգա­ցու­մը, մինչդեռ վար­չա­պետին այս կամ այն օգ­նա­կանը, հին ու նոր վա­րիչ­նե­րը այս երկրին յա­ճախանք դար­ձած քա­նի մը նա­խադա­սու­թիւն միայն կրնան ըսել, որոնցմէ գլխա­ւորը «բայց մենք անոնց կա­լուած­նե­րը ետ տուին­ք»ն է այս իշ­խա­նու­թեան օրօք՝ վրա­դիրք առանց մոռնա­լու ապա­ւիլ հան­րութեան նե­րողամ­տութեան որ իրենցմէ մէ­կը (նա­խագա­հի աթո­ռին վրայ նստո­ղը ու իր նա­խոր­դը) «կ՚ամ­բաստա­նուին» հայ ըլ­լա­լով։

Որ­պէս հայ քա­ղաքա­ցի մը՝ որե­ւէ բա­նաւոր պատ­ճառ չու­նիմ «այո՛» ըսե­լու հա­մար այս սահ­մա­նադ­րութեան։ Պի­տի ու­զէի, որ­պէսզի նոր սահ­մա­նադ­րութիւ­նը ամ­րագրէր փոք­րա­մաս­նութեանց իրա­ւունքնե­րը, զօ­րաց­նէր անոնց ներ­քին կա­ռավար­ման հա­մակար­գը, ո՛չ թէ կրօ­նա-դա­ւանա­կան, այլ ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին ինքնու­թեամբ բնու­թագրէր զա­նոնք, ճամ­բայ հար­թէր աշ­խարհիկ իշ­խա­նու­թեան մը գո­յացու­մին, գո­նէ՝ իրա­ւական կար­գա­վիճակ մը տար պատ­րիար­քութեան, հիմք տար զայն օժ­տե­լու հա­մար կա­նոնագ­րութեամբ մը։ Բայց ապ­րի­լին քուար­կե­լի այս փաս­տա­թուղթը ո՛չ միայն այս բո­լորին հա­մար մթնո­լորտ մը չի ստեղ­ծեր, այլ ա՛լ աւե­լի քմա­հաճ կար­գադրու­թիւննե­րու առիթ տալ կը խոս­տա­նայ՝ դուռ բա­նալով միանձնեայ ղե­կավա­րի «շնոր­հա­բաշխ» կար­գադրու­թիւննե­րուն։

Ու­րեմն այժմէն իսկ բա­ցայայ­տեմ քուէս։

Սրտի, խղճի ու մտքի ամե­նայն հանգստու­թեամբ՝

«Ո՛չ»։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ