Վերյիշելով Հալվորիի Սուրբ Կարապետը


ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Նա­խորդ Հինգշաբ­­թի երե­­կոյ հրա­­ւիրեալ­­նե­­­րու հոծ բազ­­մութեան մը ներ­­կա­­­յու­­թեամբ առա­­ջին ներ­­կա­­­յացու­­մը կա­­տարուեցաւ Նե­­զահաթ Կիւնտո­­ղանի կող­­մէ նկա­­րահա­­նուած «Վան­­քի Տղա­­քը» անուն վա­­ւերագ­­րա­­­կան ժա­­պաւէ­­նին։ Ֆիլ­­մը կը պատ­­մէ Տէր­­սի­­­մի շրջա­­նին Հալ­­վո­­­րի քա­­ղաքին Սուրբ Կա­­րապետ Վան­­քին տխուր ոդի­­սակա­­նը։ 1915-ի յա­­ջոր­­դող տա­­րինե­­րուն Հալ­­վորիի Սուրբ Կա­­րապետ վան­­քը ամ­­բողջ տա­­րածաշրջա­­նի մէջ կան­­գուն մնա­­ցած միակ աղօ­­թատե­­ղին է, ուր կ՚այ­­ցե­­­լեն շրջա­­կայ­­քի քրիս­­տո­­­նեանե­­րը։ Վա­­նահայ­­րը ամէն կի­­րակի Սուրբ Պա­­տարագ կը մա­­տու­­ցէ եւ հո­­գեւոր ծա­­ռայու­­թիւն կը բե­­րէ Տէր­­սի­­­մի տե­­ղացի հա­­յու­­թեան։ Այստեղ կ՚ար­­ժէ յի­­շել թէ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէն մա­­զապուրծ փրկուած բազ­­մա­­­թիւ հա­­յեր ալ ապաս­­տա­­­նած են ալէ­­վիաբ­­նակ այս գա­­ւառը, որ յա­­ջողած է կո­­տորած­­նե­­­րէն հե­­ռու մնալ։ Սա­­կայն հա­­մեմա­­տաբար հա­­մերաշխ այս վայ­­րը 1937-էն ետք կ՚են­­թարկուի Թուրքիոյ հան­­րա­­­պետու­­թեան ծանր հա­­լածան­­քին։ Կա­­ռավա­­րու­­թիւնը կ՚ու­­զէ իր իշ­­խա­­­նու­­թիւնը պար­­տադրել տէր­­սիմցի­­ներու վրայ։ Իսկ տէր­­սիմցի­­ներ մին­­չեւ այդ աւան­­դա­­­բար կը պա­­հէին որոշ ինքնա­­վարու­­թիւն մը։ Անոնք եր­­կար տա­­րիներ յա­­ջողած էին իրենց բնօր­­րա­­­նին մէջ հին աւան­­դութիւննե­­րու փա­­րած կի­­սան­­կախ դրու­­թիւն մը պա­­հել։ Ահա այդ դրու­­թեան վերջ տա­­լու մի­­տու­­մով կը կազ­­մա­­­կեր­­պուի զի­­նուո­­րական գոր­­ծո­­­ղու­­թիւն։ Այդ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւնը պե­­տութեան կող­­մէ կը ներ­­կա­­­յացուի որ­­պէս աyս­­տանող անիշ­­խա­­­նական խմբակ­­նե­­­րը կար­­գի բե­­րելու աշ­­խա­­­տու­­թիւն։ Դէպ­­քը շատ եր­­կար տա­­րիներ դա­­սաւան­­դուեցաւ ահա այս ապստամ­­բութեան սահ­­մա­­­նու­­մին մէջ։ Շատ ուշ թուական­­նե­­­րուն է որ պատ­­մա­­­կան իրո­­ղու­­թիւննե­­րը սկսան ար­­ձա­­­գան­­գել եւ շա­­տեր իմա­­ցան խա­­ղաղ բնակ­­չութեան դէմ գոր­­ծադրուած կո­­տորած­­նե­­­րը։

Բե­­մադ­­րիչ Նե­­զահաթ Կիւնտո­­ղան նա­­խապէս ալ Տէր­­սի­­­մի ող­­բերգա­­կան պատ­­մութեան ձօ­­նուած ժա­­պաւէն­­ներ նկա­­րահա­­նած էր։ Առա­­ջին հեր­­թին կա­­րելի է յի­­շել «Եր­­կու Խուրձ Մազ, Տէր­­սի­­­մի Կո­­րած Աղ­­ջիկնե­­րը» եւ «Հա՜յ Վա՜յ Զա­­ման» վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մե­­­րը։ Այս ան­­գամ Նե­­զահաթ Կիւնտո­­ղան իր պա­­տու­­մը կը սե­­ւեռէ հայ ըն­­տա­­­նիքի մը բե­­կոր­­նե­­­րուն, որոնք 38-ի այդ կո­­տորած­­նե­­­րուն յա­­ջոր­­դող տա­­րագ­­րութիւննե­­րու ժա­­մանակ ցի­­րու­­ցան եղած են Թուրքիոյ տար­­բեր քա­­ղաք­­նե­­­րը։ Նկա­­րահա­­նող խումբը այսպէս շրջած է երկրի զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րը եւ քննե­­լով քա­­հանա­­յի ըն­­տա­­­նիքի բե­­կորնե­­րը, անոնց մի­­ջոցաւ լու­­սա­­­բանած է պատ­­մա­­­կան բազ­­մա­­­թիւ երե­­ւոյթներ։ Անոնք շատ ան­­գամ ստի­­պուած եղած են իրենց կրօն­­քը ու­­րա­­­նալով գո­­յու­­թիւն պա­­հել։ Անոնցմէ ոմանք ըստ իրենց ապ­­րած քա­­ղաքին եղած են սիւ­­նի իս­­լամներ, ալէ­­վիներ եւ առիթ գտնող­­ներն ալ քրիս­­տո­­­նեայ հա­­յեր։ Նե­­զահաթ Կիւնտո­­ղան ահա զար­­միկ-զար­­մուհի­­ներու մի­­ջեւ ճամ­­բորդե­­լով եւ իւ­­րա­­­քան­­չիւրի յի­­շողու­­թիւնը վե­­րակեն­­դա­­­նաց­­նե­­­լով կը ստեղ­­ծէ ամ­­բողջա­­կան պա­­տում մը եր­­բեմնի շէն­­շող գա­­ւառի այ­­սօր մոխ­­րա­­­թաթախ հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րէն։

Շար­­ժանկա­­րի դահ­­լի­­­ճը ամ­­բողջո­­վին լե­­ցուն էր հրա­­ւիրեալ­­նե­­­րով, որոնց մէջ էին նաեւ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Ընդհա­­նուր Փո­­խանորդ Տէր Արամ Արք. Աթէ­­շեան եւ Սեւ ծո­­վեան տնտե­­սական հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան շրջագ­­ծով Հա­­յաս­­տա­­­նի մնա­­յուն ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Ար­­սէն Աւա­­գեան։

Այս կա­­լա ներ­­կա­­­յացու­­մէն ետք «Վան­­քի Տղա­­քը» վաւե­­րագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մը պի­­տի ցու­­ցադրուի միու­­թե­­­նական յա­­տուկ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու մի­­ջոցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ