Թուրքիոյ հայերու նամակը Գարեգին Բ․-ին

Փետրուարի 23-ին Հայաստան՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Համայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․-ի գլխավորութիւնով հանդիպում մը պիտի կատարուի։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրություններու շուրջ կայանալիք հանդիպումէն առաջ Թուրքիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները Գարեգին Բ․-ին բաց նամակ յղած են։

Նամակին Թուրքիոյ հայերը Գարեգին Բ․-էն կը խնդրեն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի Գլխաւոր Փոխանորդ Արամ Աթէշեանի հրաժարականը պահանջել։

Նամակը ստորև՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց 

Վեհափառ Տէր,

Լման ութը տարի թափուր է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական աթոռը: Մեր գաղութի մի քանի հոգեւորականները ու համայնքի վարչականներէն ոմանք, իրենց անհատական հաշիւներու բերմամբ ձգձգելով յետաձգեցին ու արգելք եղան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան նոր գահակալին մեր ժողովուրդի ու սուրբ եկեղեցւոյ աւանդութիւններու հարիր ընտրութեանը։ 

Վեհափառ Տէր,

մի քանի տարի առաջ այս կացութիւնը աւելի քան հինգ հազար համայնքայիններու ստորագրած նամակով մը ձեր բարձր գիտութեան յանձնած էինք։ Ցաւօք սիրտի Մայր Աթոռէն պատասխան մը չէինք ստացած։ Անցնող ութը տարիներու ընթացքին մեր գաղութի կեանքի մէջ բազմաթիւ բացասական դէպքեր պատահեցան, որոնք ,ծնունդ կ'առնէին , գաղութին շահերուն ծառայող, կրօնական վերին իշխանաւոր մը չունենալէն ։

Ի դէմ մեր աւանդութեան, պետութեան թելադրութեամբ կրօնական ժողովի կողմէ Պատրիարքի Ընդհանուր փոխանորդ նշանակուած էր Արամ Արք. Աթէշեան Սրբազանը։ 

Առաջնորդի յատկութենէն զուրկ Արամ Սրբազան դժբախտաբար ,իր յայտարութիւններով 1915՝ի զոհերը անտեսեց եւ ցաւը ,թախիցը ու կսկիծը իր սրտին խորքերու մէջ զգացող եւ իրողութիւնը ընդմիշտ աղաղակողներու հոգիներուն մէջ նոր խոր վէրքեր բացաւ։ Մեր միակ մխիթարութիւնը կը մնայ տեսնել թէ,մեր կրօնական իշխանաւորին անձնատուր այս կեցուածքով հանդերձ Ապրիլ 24-եան յիշատակումներ կ՝կայանան Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։ 

Պատրիարքարանը՝ որ խնդիրներու լուծման վայրն է, ինք դարձած է խնդրայարոյց։ Հոգեւորականները չեն յաջողած ճնշումներուն դիմադրել եւ դարձած են գործուած սխալներու մեղսակիցներ։ Իբր հետեւանք հայ համայնքի կապը տկարացած է իր եկեղեցւոյ նկատմամբ ։

Ընտրեալ հովիւէ զուրկ, եկեղեցւոյ համայնքը օրըստօրէ կը տկարանայ ու կը հալի։ Ի վերջոյ համբերութիւնը հատած, մարդիկ սկսած են պատրիարքարանի դրան առջեւ բողոքի ցոյցեր կատարել։ 

Վեհափառ Տէր,

Բազում փորձանքներէն ետք հասած ենք Պատրիարքական ընտրութեան սեմին։ Գիտենք թէ, ոմանք այս հանգրուանին ալ պիտի փորձեն ընտրութիւնը խաթարել, բայց մենք վճռակամ ենք։ Մենք գիտենք նաեւ թէ, ընտրեալ Պատրիարքը միայն եկեղեցւոյ առաջնորդը չէ, նաեւ պետութեան դիմաց Թուրքիոյ հայոց ներկայացուցիչը: 

Մեր եկեղեցւոյ առկայ տարակարծութեան խնդրին մէջ (հոգ չէ թէ ուշացած) ձեր հայրական միջամտութիւնը գոհունակութեամբ կ՚ողջունենք: 

Մենք՝ Թուրքիոյ հայերս մեծամասնությամբ որոշած ենք սեփական խնդիրները լուծել սեփական կամքով ։ Յանուն պատրիարքական ընտրութեան արդար ու թափանցիկ կայացման, կը խնդրենք որ թելադրէք Արամ Սրբազանին, փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարականը տայ եւ շարունակէ ժողովուրդին ծառայել, Հայաստանեայց Սուրբ եկեղեցւոյ որպէս սպասաւորը :

Անգամ մը եւս շեշտենք թէ, մենք ոչ միայն եկեղեցական համայնքը գլխաւորող հոգեւորական մը, նաև ամբողջ հայ հասարակութիւնը պետութեան ,օրէնքներու դիմաց և սփիւրքի մէջ ներկայացնող առաջնորդ մը կ'ուզենք ընտրել։ 

Մտահոգուելով եւ խնդիրները լուծելու ջանքով խրախուսած էք մեզ։ 

Մատչելով ի համբոյր Վեհափառութեանդ օծեալ Սուրբ աջոյդ:

Որդիական ակնածանքով՝

Որդիական Սիրով՝

Տիգրան Ալթուն

Նազարէթ Պինաթլը

Բժիշկ Աւետիս Տէմիր

Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու

Կարօ Քաբրիէլեան

Դալար Հիսարլը Հորոզօղլու

Լուիզ Ալաչամ

Տոքթ. Ադամ Սարգիս

Արփինէ Չիզմէճիեան

Կարպիս Էվեափան

Հրաչեայ Սուրէն

Նուարդ Պաքըրճըօղլու

Էլիզապետ Փէյնիրճի

Սուզան Սուզի

Սարգիս Քիչիկ

Արէն Տատըր

Արթին Քիլէճի

Նայաթ Էլպէ

Գարմէն Կարավարեան

Օննիկ Կարավարեան

Արման Իզմիրլիեան

Սեզար Աւէտիքեան

Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս

Սօնա Մենթեշէ

Նադյա Գարաճաեան Հաշար

Շնորհիկ Այճըեան Տիրացուեան

Տիգրանուհի Տեղիրկեչ Եըլմազ

Գէորգ Թաշքըրան

Լեռնա Գաբրիէլեան Պաղտասարօղլու

Տաչիա Կարավարեան

Ալինէ Սուսլու Եարտըմ

Արեգ Էրքման

Սիրան Ճամկէօզ

Մագրուհի Քէչի

Լուիզ Պաքար

Թամար Նալճը

Կարեն Յակոբեան

Նատեա Ույկուն

Ռեհան Նազան Սալէրի Սարըպայ

Արման Ֆենդ

Օլկա Սոլմազ

Վարդկես Հերկել

Անի Քիւչիոք Արդար

Սեդա Քիւչիւքօսկան

Անի Քալայճը

Ժանէթ Գաւաֆեան-Ալթունթօփեան

Ժան Աճէմօղլու

Գէորգ Եըլտըզ

Սեւան Աթաօղլու

Արթին Մեծատուր

եւ այլք։                                    

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ