ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԵՓԵԼ

Բառը կրակի վրայ դի՛ր,
հազար տարի մը սպասէ

Պոլսոյ Փերա թաղամասի մեծ պողոտայի վրայ խցիկ մըն է սրճեփ Մկրտիչի խանութը։ «Սրճեփ» ըլլալով հանդերձ ան կ՚եփէ նաեւ բուրումնաւէտ թէյ եւ բուժիչ թմբի։ 1958 թուականի Փետրուար ամսոյն քայլերս, եւ ցուրտ, զիս կ՚ուղղեն անոր մանրակերտ խանութը։

Երեք յաճախորդներ, քաղաքի մէջ տիրող ցուրտին հանդերձ, նստած են խանութի առջեւ, աթոռակներու վրայ։ Անոնք այժմէական լուրերու մասին կը խօսին անկասկած։ Մկրտիչը իր «դէզկեահ»ին առջեւ զբաղած կ՚երեւի։ Կրակին վրայ կը տեսնեմ անոր յաւիտենական պղնձեայ ինքնաեռը։ Այն տպաւորութիւնը ունիմ, թէ այդ ինքնաեռը մարդկութեան արշալոյսէն ի վեր թէյ եփած է։

Խանութի պատերուն վրայ կախուած են արծաթափայլ ափսէներ եւ տարբեր չափերով սրճեփներ, որոնց վրայ փորագրուած են արեւելեան ճաշակով բուսական եւ երկրաչափական զարդանախշեր։

- Պարոն Մկրտիչը ինչպէ՞ս է այսօր։

- Պարոն ստուգաբանութիւն, այս ի՛նչ անակնկալ։ Ի՞նչ հով ձեզ բերաւ Պոլիս։

- Ձեր թէյին բոյրը…

- Հիմա կը լեցնեմ, եւ առանց շաքարի անշուշտ։

- Այո, լաւ կը յիշէք, առանց շաքարի։

Ու Մկրտիչին հետ առիթ կ՚ունենանք զրուցելու «եփել» բառի եւ անոր հետ եփած քանի մը բուրումնալից արտայայտութիւններու մասին։

- Մկրտի՛չ, որքան հին է եփելու արարողութիւնը, այնքան հին է «եփել» բայը։ Եւ ան է պատճառը, թէ անկարելի է ստուգել առաջին եփող-թափողին ինքնութիւնը։ Բայց գիտենք, թէ մեր «եփել»ը ունի իր զուգակիցը՝ յոյներու έψω, «էփսօ» նոյնիմաստ բայը։ Այս երկու բայերը կ՚արդարացնեն այն տեսութիւնը, թէ անոնք ծագած են eph բառէն, եւ ա՛ն է մեր «եփ» արմատին նախահայրը։

- Կեցէք, գաւաթ մը եւս լեցնեմ։

- Շնորհակալ եմ… Եւ այս արմատը առաջին անգամ Ոսկեդարուն սկսաւ եփիլ, Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան էջերուն մէջ, 41 անգամ։ Առաջին եռացումները Գիրք Ծննդոցի եւ Գիրք Ելիցի մէջ էին։ «Եւ էր եփեալ Յակոբայ թան», «Զպտուղ առաջին արմտեաց քոց բերցես ի տուն Տեառն Աստուծոյ։ Եւ մի՛ եփեսցես զգառն ի կաթն մօր իւրոյ…»։ Մեր «եփ» արմատը, որ անեփ էր նախապէս, անցաւ մատենագրութեան կաթսաներէ ու մեր լեզուի հմուտ խոհարարներու ձեռքերէն ու դարձաւ համով-հոտով բառ։ Գործընթացը տարբեր չէր թէյ պատրաստելու եղանակէն։

- Ես քիչ մը մեխակ կ՚աւելցնեմ վրան։

- Իսկ «եփ» արմատի վրայ աւելցան աղն ու պղպեղը՝ այսինքն զանազան մասնիկներ ու բառը սկսաւ հայու քիմքը օծել. «եփել, եփման, եփողչէք, եփովի, եփոն, եփոց, եփջուր, եփուածք, եփուիլ, եփուկ, եփուն…»։ Բարդ բառ մըն ալ ունեցանք. սրճեփ։

- Շատ կը հաւնիմ այդ մէկը։

- Յետոյ վրան դրինք քիչ մը «թափ». «Եփել-թափել, եփող-թափող, եփ ու թափ»։ Իսկ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին կը պարտինք «իւղեփեցական» հազուագիւտ ածականը, որ կը նշանակէ անուշաբոյր իւղերով եփած, բուրումնաւէտ։

- Իմ թէյիս բուն համը դարչինը կու տայ։

- Մեր բառն ալ տարբեր համ մը առաւ երբ անոր հետ շինեցինք դարձուածքներ։ Եռացնելուն ըսինք «եփ բերել» կամ «եփ տալ», իսկ եփուիլին կամ եռալուն՝ «եփ գալ»։ Եթէ ճաշը շատ եփուելէն բարձրացաւ եւ թափեցաւ՝ ըսինք «եփը գլուխը անցնիլ», երբ ճաշը պէտք եղած չափով եփած է՝ «եփը տեղը»։

- Մենք ալ «եփ-եփ» կ՚ըսենք տաք ճաշերուն, «եփ-եփ ապուր»։

- «Եփ»ով նոյնիսկ ծնունդ առաւ ազգային-քաղաքական դարձուածք մը. «Երկու հայու գլուխ մէկ կաթսայի մէջ չ՚եփուիր»։

- Իշթէ մեր թերութիւնը։ Ազգին դժբախտութիւնները մեր մէջ փնտռելու տեղ, կը փնտռենք ուրիշի մէջ։ Չենք հանդուրժեր որ հայ մը ըլլայ գլուխնուս վրայ, կը ծառայենք օտարներուն, բայց օտարին ալ չենք հաւնիր։

- Մենք «անեփ» ազգ չենք, կը փոխուին ժամանակները։ Մինչ այդ, ի՛նչ ընտիր բառ է «անեփ»ը։ Փոխաբերութիւն մը, որ կը նշանակէ «կեանքի փորառութիւն չունեցող»։ Հայկական գրականութեան մէջ ամենէն նշանաւորը՝ Շիրվանզատէի «Արսէն Դիմաքսեան»ն է։ Նոյնանուն վէպին մէջ ան կ՚ըսէ. «Այո, ես անեփ եմ, ես շատ թերութիւններ ունեմ»։ Իսկ Դանիէլ Վարուժանի «Հարճը» գործին մէջ կը տեսնենք, թէ կոչունքներու ժամանակ միջնադարի մեր ճորտե՛րը ինչ կ՚եփէին.

«Կու գայ համեղ գերերին՝ որով Սիւնիքն է առատ,

Զոր եփեր են տատրակի սըրտիկներով անարատ»։

- Պարոն ստուգաբանութիւն, չկարծենք, թէ ճաշը կամ թէյը միայն կ՚եփին։ Այս սրճարանը խոստովանութիւններու ալ տեղ է։ Ականջալուր կ՚ըլլամ, ակամայ, թէ ի՜նչ գործեր կ՚եփին տուներէն ներս, ընտանիքներէն ներս։

- Կարելի է։ Այդ տեսակ «եփելը» գիրքի անուն ալ դարձած է, Երուանդ Օտեանի «Գործ եփող մը» երգիծավէպը, որ յետագային կոչուեցաւ «Միջնորդ տէր պապան»։

- Ձեզի հիմա տարբեր թէյ մը պիտի բերեմ, անգամ մը փորձեցէք։ Դուրսէն եկած է, պոլսականի նման չէ։

- Բառն ալ այդպէս, Մկրտիչ, ամէն տեղ պոլսականի պէս չէ։ Վանեցիները, հաճընցիները ըսեր են «իփել», տիգրանակերտցիները՝ «էփիլ», իսկ զէյթունցիները՝ «իփիլ»։ Ալաշկերտի, Կարսի, Երեւանի, Սեբաստիոյ եւ անշուշտ Պոլսոյ մէջ ալ ըսեր են «էփել»։

- Ամէն քաղաք իր ձեւը ունի, հարկաւ։ Ինչպէ՞ս էր, հաւնեցա՞ք այս մէկը։

- Բաւական թունդ է։

Պարսկաստանէն բերին։ Նայինք, յաճախորդները հաւնին նէ, ասիկա ալ կ՚եփենք։

- Իսկ ես կ՚ուզեմ տեսնել, թէ «եփ» արմատով դեռ ի՛նչ բառեր պիտի եփին։