Համբարձում Եայլա

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Համաձայն համշէնցի հայերու աւանդութեան՝ երբ Քրիստոս երկինք համբառնալ կ՚ուզէ, իր գերեզմանի քարը նոյն պէս կը սկսի երկինք բարձրանալ։ Քրիստոս բրով ցած կը հրէ քարը, որը մինչ օրս նոյն տեղում անշարժ կը մնայ։ Ետքը Քրիստոս ինը օր ինը հրեշտակի հիւր կը գնայ. այդու՝ համշէնահայերն ինը դաս հրեշտակի պաս կը պահեն։

Գիտենք, որ Քրիստոս յարութիւն առնելէն ետքը քառասուն օր կը շրջէ երկրի վրայ եւ քառասուներորդ օրը կը համբառնայ երկինք, ուստի Զատկէն ուղիղ 40 օր յետոյ հայերս մեծ ցնծումով կը նշենք Համբարձման տօնը։

Համբարձման մասին որոշ երգեր ունենք, որոնք կը յուշեն մեզ, թէ գուցէ հնում տօնը կիրակի օրն կը նշուէր։ Այժմ այն միշտ հինգշաբթի օրը կը նշուի, իսկ չորեքշաբթի օրը կանայք «Ծաղկամօր Կիրակի» կը պահեն, որպէսզի իրենց զաւակները ծաղիկ կամ կարմրուկ հիւանդութիւններով չբռնուին։

Որոշ գաւառներում Ծաղկամօրը Վարվառէ կոյսին կը նոյնականացնէին, սակայն ինչպէս տօնի միւս կերպարներն ու ծիսակատարութիւնները, սրա արմատները նոյնպէս, պիտի կարծեմ, թէ քրիստոնէութենէն առաւել վաղնջական են։

Տօնը յաճախ Վիճակ կը կոչուի, քանզի նախընթաց օրը արեւը չծագած եօթ աղջիկ դուրս կ՚ելնէին դաշտերը եւ եօթ տեսակ ծաղիկ, եօթ աղբիւրէն եօթ բուռ ջուր, եօթ տեսակ ծառէն եօթ հատ տերեւ, հոսող առուէն եօթ տեսակ քար կը հաւաքէին մէկ բղուղի մէջ եւ ողջ ընթացքին անխօս լինելով կը դառնային գիւղ, երգելով կը շրջէին տնետուն՝ ամէն տնէն մի նշան (մատանի, բանալի եւ այլն) ձգելով բղուղի մէջ։

Գիշերը բղուղը կը տանէին ոեւէ մէկ թփի կամ վարդենու տակ ծածուկ կը պահէին, որպէսզի երկնքի ու աստղերի օրհնութիւնը գայ վրան. այս բանը «աստղունք» կ՚ըսէին։ Կը պատրաստէին նաեւ զանազան ծաղկեփնջեր, որք յետոյ կը նուիրաբերէին, այդ փնջերէն մինն ալ, որ «Ծաղկամայր» կը կոչէին, կը դնէին բղուղի վրայ։

Տօնի օրը ժողովուրդը արտերը կը գնար, այնտեղ ալ աղջիկներէն մին հարս կը դառնար, մնացածը, շուրջը բոլորելով, բղուղի մէջէն նշանները կը հանէին ու ճանկիւլումներ երգելով վիճակ կը հանէին։ Այսպէս կ՚երգէին, շուրջպար կը բռնէին եւ մեծ խինդ ու ցնծումով կը նշէին Համբարձումը։

Գրեթէ բոլոր ազգագաւառներում այդ օրը կաթնապուր (կաթնաւ կամ կախցաճօշ) կ՚եփէին, այսու Կաթնապրի տօն կ՚ըսէին։ Յետոյ հանդերը տանելով՝ մի մասը իրենք կ՚ուտէին, մի մասն ալ արտերը շաղ կու տային՝ օրհնելով բնութիւնը եւ մաղթելով, որ կարկուտը չխփի, բերքը առատ ու հունձը բարի լինի։

Կանայք նախօրօք կը պատրաստուէին չարքերին վռնտելու ծէսին, յատկապէս՝ կը պայքարէին «լեբրար» պառաւներու դէմ, ովքեր տան կաթն ու իւղը իրենցով անելու մեծ վարպետներ էին։

Բայց ամենէն հրաշալին, ամենէն գեղեցիկը Համբարձման գիշերն էր ու նրա կախարդանքը՝ «Համբարձման գիշեր, էն դիւթիչ գիշեր,Կայ հրաշալի, երջանիկ վայրկեան…»։

Այդ գիշեր իրար կը միանային սիրահար զոյգերը, երկինքէն կը ցօղային դրախտի ջրերը եւ կը բացուէր Մհերի դուռը։

Աստղ դարձած Լեյլին ու Մեճնունը եւ սարեր դարձած քրտուհի Ալատաղն ու հայորդի Քոսատաղը մէկմէկու մօտենալով՝ զիրար կը համբուրէին։ Սոցա ողջագուրանքը եւ համբոյրները տեսնելու համար շատ ցանկացողներ Համբարձման ամբողջ գիշերը դուրս կը մնային՝ պշուցեալ երկինք նայելով։

Այդ համբոյրի կախարդանքը կը տարածուէր եւ ծաղիկներն ու բուժիչ խոտաբոյսերը լեզու կ՚առնէին՝ անցորդներին պատմելով թէ իրենցմէ որն ինչի դեղ է։

Աղբիւրներն ու գետերը ամէն տեսակ հիւանդութենէն բալասան կը լինէին. ամէն ցաւագար անձ գիշերով կը լողանար որ հիւանդութիւններէն ազատուէր։

Շատերը կը հաւատային որ գիշերը լոյս կ՚իջնէ եւ ծառերը միմեանց ողջոյն կու տան, ուստի եւ արթուն կը հսկէին, որ տեսնեն՝ եւ ինչ ցանկութիւն որ ունին նոյն վայրկեանին խնդրեն կատարուի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ