«Փոքրիկ» երեք տարեկան

Հայերէն մանկական պատմութիւններու ընթերցողին հասնելու միտումով շատ յաջող նախաձեռնութիւն մըն էր «Փոքրիկ» կայքէջի հիմնադրութիւնը, որ կը հիմնուէր Գարակէօզեան վարժարանի հիմնարկութեան 100-ամեակին շրջանակով։ 30 Մայիս Երեքշաբթի օր դարձեալ «Ճաշ» ճաշարանի մէջ նշուեցաւ կայքէջի հիմնադրութեան երրորդ տարուայ աւարտը։ Այս ուրախ հաւաքոյթին ներկայ էին Գարակէօզեանի խնամակալութեան ատենապետ՝ Տիար Տիգրան Կիւլմեզկիլ, խորհուրդի այլ անդամներ, կայքէջի գործադիր կազմը եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ։ «Ոմանք» երաժշտական խումբի անդամներ Լարա Նարին, Արի Հերկել եւ Ռուբէն Մելքիսեթօղլու իրենց երաժշտութիւնով հաճելի ապրումներ պարգեւեցին ներկաներուն։ Միւս կողմէ Գարոլին Մամիկոնեան բացատրութիւններ փոխանցեց այս նախաձեռնութեան յաղթահարած ճանապարհին մասին։ Մամիկոնեան նշեց թէ կեանքի կոչուած թուականէն ցայսօր կայքէջը ընդունած է աւելի քան 40 հազար այցելուներ։ Ան վիճակագրական տեղեկութիւններ փոխանցած է կայքէջը այցելողներու մասին։ Այդ տեղեկութիւններով վերահասու կ՚ըլլանք թէ «Փոքրիկ»ի պատմութիւններու հետեւողներու 45 տոկոսը պոլսահայ երախաներ եղած են, 15 տոկոսը Միացեալ Նահանգներու, իսկ 11 տոկոսը Հայաստանի երախաներ։ Կարեւոր զարգացում մըն է, թէ Կիւլպենկեան Հիմնադրամը հայախօսութեան նպաստելու հեռանկարով ստանձնած է կայքէջի ծախսերը 2017 թուականէն սկսեալ։ Ինչպէս սովորութիւն է մեր քաղաքի մէջ նմանաբնոյթ միջոցառումները պարտին աւարտիլ յուշապնակներու տուչութեան։ Անշուշտ այս աւանդութենէն զերծ չէր մնացած «Փոքրիկ»ի անձնակազմը, որոնք հիմնարկութենէն այս կողմ ձեռնարկին նիւթական աջակցութիւն բերելու պատճառաւ յուշատախտակ նուիրեցին Գարակէօզեան խնամակալութեան ատենապետին։ Ներկայացուած պատմութիւններու մէջ ճշդումներ ընելուն համար Մաքրուհի Պիւյիւքյակոբեանին, պատմութիւնները ձայնաւորելուն համար Պերճուհի Պերպերեանին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ