Վարդավառն ու Մշոյ Ս․ Կարապետը


 Վարդավառը կամ Պայծառակերպութեան տօնը ուխտագնացութիւնների օր էր։ Եւ ամենէն սիրուած ուխտատեղին Մշոյ Իննակնեայ տեղիքն էր, ուր մինչ քրիստոնէութիւնը Գիսանէ եւ Դեմետրէ աստուածութիւնների ու վիշապների պաշտամունքատեղին էր՝ մեծ ուխտավայր, ուր ուխտի կու գային նոյնիսկ հեռաւոր Պարսկաստանէն ու Հնդկաստանէն։

 Քրիստոնէութեան ընդունումէն ետքը, երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը յաղթէ Արձան քրմապետին, Իննակնեա տեղիքում կը հիմնուի Սուրբ Կարապետի վանքը, որ այլ կերպ կը յիշենք իբր Տարօնի Գլակա կամ Իննակնեան վանք։

 Մշոյ Գլակա վանք ուխտի գալու համար պէտք էր եօթ տարի շարունակ եօթ շաբաթական՝ Համբարձումէն մինչ Վարդավառ Սուրբ Կարապետի պասը պահել։ Ժողովուրդը կը հաւատար, որ այդուետք Մուրատատուր Ս Կարապետը կը կատարէ մարդու խնդրածը։

 Իրաւ, շատ պատմութիւններ կան, թէ ինչպէս այս կամ այն գիւղէն մէկը պահեց եօթ տարուայ պասը, եւ Մուրատատուրը կատարեց նրա խնդրանքը։ Այդ տեսակ պատմութիւններ գիտի նաեւ պոլսահայոց բանահիւսութիւնը։

 Պոլսահայեցիք կը պատմէին թէ Թոմարզան գիւղի մէջը Յարութիւն անունով տղայ մը կար։ Առաջին ընդհանուր պատերազմէն առաջ անիկա բժիշկ կ՚ուզէր ըլլալ։ Յարութիւնի այլազգի ընկերն ալ փահլեւան կ՚ուզէր ըլլալ։

 Ահա նրանք Վարդավառին ուխտի կ՚երթան Մշոյ Ս Կարապետ վանքը՝ իրենց մուրազը ի կատար ածելու։ Տեղ հասնելուն պէս նրանք կը նկատին, որ եկեղեցու դռները գոց են։ Կը նստին գետնին ու կը սպասեն դռների բացուելուն։

 Ամմա շատ երկար կը սպասին։ Վերջը Յարութիւնի այլազգի ընկերոջ քունը կը տանի եւ ան կը քնանայ։ Յարութիւնը, սակայն, անընդմէջ կ՚աղօթէ, որ Մուրատատուր Ս Կարապետը կատարէ իր փափաքը։

 Յանկարծ եկեղեցու դռները կը բացուին, եւ եկեղեցիէն դուրս կու գայ սպիտակ մօրուս ծերունի մը եւ կ՚ըսէ.

- Ծունկիդ վրայ տաճար մտիր։

 Յարութիւնը կը լսէ ծերունուն եւ ծնկի վրայ կ՚առաջանայ մինչ խորանը, ապա ծերունին կ՚ըսէ

- Տղա՜ս, դուն բժիշկ ըլլալ կ՚ուզես, քու կամքդ ընդունելի եղաւ։ Քու ընկերդ քնանալուն համար իր մուրատը կորսնցուց։ Ան հազիւ չոպան կ՚ըլլայ, - կ՚ըսէ ու կ՚անհետի։

 Ժամանակ կ՚անցնէ եւ Յարութիւնը իրաւամբ մեծանուն բժիշկ մը կ՚ըլլայ։ Ան շատ գիրքեր կը գրէ եւ կը բացատրէ թէ որ խոտը ինչ հիւանդութիւն կը բուժէ։ Այսօր մենք անոր կը յիշենք Հեքիմ Արթին անունով։ Ան կը նահատակուի առաջին ընդհանուր պատերազմին «ողորմի իրեն լոյսերուն մէջը թող պառկի Հեքիմ Արթինը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ