ՀՏՓ դիմադրութիւնը փողոց կը տանի

  Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը՝ ՀՏՓ կը պատրաստուի «Խղճի եւ արդարութեան շարժում»անուն արշաւի մը մեկնարկման։ Կուսակցութեան բամբեր Օսման Պայտեմիր յայտարարեց թէ Խորհրդարանի խմբակի յաջորդ ժողովը պիտի կատարուի Տիյարպէքիրի մէջ եւ այսպէս մեկնարկած պիտի ըլլայ արշաւը։ Արշաւի շրջանակով Տիյարպէքիրի, Իսթանպուլի, Իզմիրի եւ Վանի մէջ հանրահաւաքներ պիտի կազմակերպուի։ «Որքան ատեն որ մեր պատգամաւորները բանտն են, որքան ատեն որ մեր ընտրուած քաղաքապետներու տեղ նշանակուած տեղապահներ կը գործեն, որքան ատեն որ կը շարունակուի Արտակարգ Իրավիճակի դրութիւնը, պիտի շարունակենք մեր արշաւին» կ՚ըսէ Պայտեմիր։ Ան յայտարարեց նաեւ թէ այս մասին ճշդած են վերջակէտ մը եւս, արշաւը պիտի աւարտի 4 Նոյեմբերին, խորհրդանշական այն թուականին, ուր ձերբակալուած ու բանտարկուած էին կուսակցութեան համանախագահները։

Արշաւի զուգահեռ կը մեկնարկէ նաեւ հերթապահութեան ծրագիր մը, որ պիտի կիրարկուի շաբթուն եօթը օրերը անխափան 24 ժամ։ «Մեզի եւ հասարակութեան ուղղուած բռնութեան դէմ խիղճի եւ արդարութեան պահանջի առումով դիմադրութիւն մըն է որ կը գործադրենք» ըսաւ Օսման Պայտեմիր։

  Մամլոյ ժողովի ընթացքին «իշխանութիւնները հանրահաւաքներուն պիտի արտօնե՞ն» հարցումին, Պայտեմիր ըսաւ որ երեսփոխաններու հերթապահութիւնը ամէն պայմանի տակ պիտի շարունակուի։ «Նոյնիսկ բռնութիւն կիրարկեն մենք չեն փոխադարձեր։ Նպատակադրած ենք Արտակարգ Իրավիճակի վերացումը ապահովել։ Գիտենք որ այդ վերացումի համար անհրաժեշտ է դիմադրութիւնը»։  

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ