Ֆաթիհ Աքըն կը ձայնակցի ժամանակի պահանջարկներուն

  Շարժանկարի ծանօթ բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքըն Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձին ցուցադրուած «Ջարդ/Սպի» ֆիլմէն ետք կ՚աշխատի նոր նախագծի մը վրայ, որ նիւթ կ՚ունենայ Ռոժաւայի յեղափոխութիւնը։

Բեմադրիչի յայտարարութեան ֆիլմը նիւթ պիտի ունենայ Ռոժաւայի մէջ Իսլամ Պետութեան (ՏԱԻՇ-ի) դէմ մղուած պատերազմը։

  Թուրքիոյ իշխանութիւններու առաջին օրէն իսկ ահաբեկչութիւն համարած Ռոժաւայի դիմադրութիւնը միջազգային գետնի վրայ միշտ դրական արձագանգ ունեցաւ։ Յատկապէս ժողովրդավարական շրջանակներ ողջունեցին ԵՓԿ-ԵՓԺ-ի մարտիկներուն հերոսական դիմադրութիւնը։ Անուանի բեմադրիչը իր այս վերջին նախաձեռնութեամբ անգամ մը եւս կը յայտարարէ թէ անտարբեր չէ մնացած իր ժամանակներու կարեւորագոյն անցուդարձերու հանդէպ։

  Այս առթիւ իր իսկ կատարած յայտարարութիւններու մէջ ան կը ներկայանայ հասարակական գործիչի մը գերզգայնութեան եւ հետեւողները կը կանչէ անմարդկային Իսլամ Պետութեան դէմ պայքարողներու հետ զօրակցելու։     

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ