Լոյս Զուարթ Պատանիներ...

ՊՕՂՈՍ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ

Գուգարաց Թեմի «Հրանդ Տինք»-ի անուան ճամբարի Մէջ Հիւրընկալուեցան Պոլսահայ Երիտասարդներ

Պոլսահայ 16 երիտասարդներ իրենց հսկիչ՝ Ղազար Սապունճուի գլխաւորութեամբ «Արի Տուն» ծրագրի շրջանակով Յուլիսի 16-ին ժամանած էին քաղաքամայր՝ Երեւան։ Այս ծրագրի շրջանակներէն ներս ես եւս ունէի երիտասարդ հիւրեր, որոնք պէտք է օթեւանէին մեր տանը։ Պոլսահայ պատանի ընկերներուս հետ «Արի Տուն» ծրագրէն դուրս մենք որոշեցինք մեկնել Վանաձոր՝ Հայաստանեան Ճամբարական կեանքի ամենավառ օրինակը տեսնելու, հոն ապրելու համար։ Ճամբարի այցելութենէ առաջ երիտասարդները Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Տէր Սեպուհ Արք. Եպս. Չուլճեանի հետ հանդիպեցան առաջնորդարանին մէջ։ Մտերմիկ, զրոյց մը ունեցան սրբազան հօր հետ։ Սրբազան հայրը խրատեց ու հորդորեց.

«Հայրենիքի նկատմամբ սէրը կը սկսի հայրենաճանաչողութեամբ։ Դուք այսօր, որպէս ուխտաւորներ կը գտնուիք Մայր Հայաստանի հիւսիսային կողմերը։ Այս օրերուն այցելեցիք Լոռուայ աշխարհի, Տաշիր նահանգի Արդվի գիւղը, հոն ննջող Հայոց եկեղեցու մեծագոյն Սուրբ Հայրապետի՝ Յովհաննէս Օձնեցու շիրիմին, իր իսկ ձեռամբ կերտուած մատուռներուն մէջ աղօթելով՝ հայցեցիք Անոր բարեխօսութիւնը։ Այցելու դարձաք Հաղպատի եւ Օձունի նշանաւոր վանքերը, այցելեցիք քաղաքներ ու գիւղեր։ Թող Աստուած ձեր ուխտը ընդունելից ընէ։ Այս օրերուն հայրենաճանաչողութեան առաջին քայլերը կատարեցիք, անմիջական առնչուեցաք Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովրդի պատմութեանը։ Ճանչնալով պատմութիւնը՝դուք ճանչցաք ձեր անցեալը, Հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցներուն, անոնց նիստն ու կացը եւ այդ կերպ ձեր մէջ առաւել զօրացաւ ինքնութեան եւ հայրենասիրութեան գիտակցութիւնը»։ Երիտասարդները երեք օր գիշերեցին Հրանդ Տինքի անուան «Կռունկ» եւ «Ծիծեռնակ» ճամբարներուն մէջ։ Գողտրիկ, տոհմիկ, կազդուրիչ եւ խաղաղ մթնոլորտով, գեղատեսիլ անտառի մը մէջ գտնուող ճամբարի, ճամբարականներով մասնակից դարձան ճամբարային առօրեային, շփուեցան թեմի գիւղական համայնքներէն իրենց հանգիստը անցնելու համար ճամբար այցելած 9-14 տարեկան 150 մանուկներու հետ։ Ուրախ երգ ու պարով եւ տարբեր սպորտային խաղերով արժեւորեցին ճամբարային օրերը։ Ուխտաւոր երիտասարդները տպաւորուած էին Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Չուլճեանի կազմակերպչական աշխատանքներէն, հիացած էին Սրբազան հօր անմիջական, անկեղծ ու հայրական ջերմ ու հոգատար վերաբերմունքէն։

Շնորհակալ ենք Սիրելի Սրբազան Հայր, առանց մէկ վայրկեան իսկ վարանելու ձեր հիւրընկալ, լայնաբաց դռները միանգամայն բացիկ մեր առջեւ։ Մեզ, անձամբ ինձի մանկութեանս գիրկը նետեցիք եւ յուշերուս մատեաններու ոսկեայ էջերուն մէջէն ես, ձեր կերպարով յիշեցի երջանկայիշատակ Շնորհք Սրբազան՝ Հայրիկը։ Խրիմեանէն յետոյ մեր համայնքը Շնորհք Սրբազանին Հայրիկ ըսաւ։ Ձեր այդ հայրական գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը մեր մէջ այդ կարօտը բոցավառեց։

Անկասկած Պոլսահայ պատանի հոգիներու յուշերուն մէջ անջնջելի հետք թողուց պատմական Հաղպատի եւ Օձունի վանքերը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Յովհան Օձնեցու Հայրապետի մատուռ դամբարանը։ Սակայն իմ սիրելի պատանի ընկերները ձեր կերպարով ընկալեցին հոգեւոր հօր հասկացողութիւնը, այդ մաքրամաքուր հոգիները ըմբռնեցին, որ մարդն է եկեղեցին՝ այլ ոչ թէ քարը, շէնքը։ Անշուշտ օծեալ քարն ալ ի յարգանք խոնարհումի նիւթ է մեզի համար, բայց առանց մարդու անշունչ է։ Որդիական ջերմ զգացումներով կրկին ու կրկին շնորհակալ ենք ձեզ ու ամբողջ ճամբարի անձնակազմին։

Շէն մնայ Գուգարաց Թեմը։

Երբ պատանի իմ հիւրերը իրենց մատղաշ շրթներէն Տէրունական Աղօթք կը կարդային դէպի երկինք, հայոց հնագոյն տաճարներու պատերուն, իրենց աչքերու կայծը սիրոյ ու հաւատքի՝ յոյս-կանթեղներ կը կախէին։ Մերթ իրենց աչքերէն սղացող անանուն արտօսր մը, մերթ հոգուս մէջ մեխի պէս գամուող, խորը, անանուն ժպիտ մը ինծի հարցումներու, յոյզերու ովկեան մը կը տանէին, ուր փոթորիկէ մը փրկուած առագաստանաւի մը խարսխելու տենչը, կանգ առնելու եւ ցամաքը զգալու երազը տեսայ։ Բոլոր այս մաքուր հոգիներու մէջ, դարերու փոթորիկներէն ազատուելու եւ կայուն, կանգուն մնալու իղձը ծնծղայ առ ծնծղայ ղօղանջեց ականջներուս մէջ։ Վանքերու եւ եկեղեցիներու խորաններուն առջեւ հնչող ամենամաքուր, ամենողորմ Տէր Ողորմեան էր, որ լսեցի անոնցմէ։

Լոյս Զուարթ 16 պատանիներ իրենց լուսափթիթ հայեացքը թողաց աչքերուս մէջ, իրենց հետ բերելով հայրենիքէն վառ, յուզիչ ու տպաւորիչ յուշեր, ետ եկան դէպի ձեզ ականջ տուէք անոնց՝

«Քանզի արքայութիւնը իրենցն է…»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ