Կիլիկեան ոգին կը թեւարծէ

 

  Իւրաքանչիւր գիւղ մի գուցէ չունենայ, բայց Մուսա լերան Վագըֆլը գիւղը ունի իր յատուկ յուշատետրը։ Մէկէ աւելի անհատներ կային ու կան որ օր առ օր կը լեցնեն այդ յուշատետրի էջերը։ Տետրակի մեր յիշած անցեալի հեղինակներն էին Թադէոս Պապեկեանը, Խաչեր Քարթունեաը, ՏԷր Սերովբէ Կիւլեան եւ ուրիշներ։ Իսկ իրենց յաջորդողներ եղան Մուսա քեռին, Փանոս Չափարեանը եւ կրտսերները։

 

  Այդ օրատետրի վրայ անոնք նշանակած են գիւղի մէջ պատահած ծնունդները եւ մահերը, զանազան դէպքեր, ճակատագրական հետեւանքներ գոյացնող զարգացումները։

 

2017-ի 11 Օգոստոս թուականը եւս պիտի նշուի գիւղի պատմութիւնները բնութագրող այդ յուշատետրերուն մէջ։

 

  Անցեալին կարդացած եմ թէ գիւղի քանի տղաք միասնաբար ճանապարհուած են իրենց մօր արցունքներով դէպի Պոլսոյ Ս. Խաչ Դպրեվանք վարժարանը ուսանելու։ Նոյնպէս ուսման տարեշրջանին աւարտումով անոնց հաւաքաբար գիւղ ետ դարձը նշուած էր այդ էջերուն վրայ։ Պատկերալից պատումներ էին անոնք ուր  կը նկարագրուէր գիւղի մուտքին ծնողներու, յատկապէս մայրերու սպասումը իրենց զաւակներուն վերադարձին։

 

  Եւ ահա 11-Օգոստոս Ուրբաթ երեկոյ Դպրեվանքի Վագըֆլըգիւղի սաները դարձեալ անհամբեր սպասումի մէջ են։ Երեկոյեան ժամը եօթէն սկսած են մէկտեղուիլ եկեղեցւոյ բակը, դիմաւորելու համար իրենց երբեմնի դասընկերը, այժմու Պատրիարքական Տեղապահ Գարեգին Արք. Պէքճեանը։ Տակաւին քանի մը ժամ առաջ գիւղի աւագանին» երեց Տէր Աւետիս Թապաշեան, գիւղապետ Պէրճ Քարթունեան, ծիսական խորհուրդի պետ Ճէմ Չաբար, Թադէոս Պապէկ եւ ուրիշներ մեկնած էին օդակայան, Տեղապահ Սրբազանը դիմաւորելու համար։

 

  Բոլոր գիւղացիները, ներառեալ այս տօնի առթիւ հայրենի տուն եկած պանդուխտ հարազատներ, Պոլիսէն եկած ուխտաւորներ, աւելի քան քանի մը հարիւր ժողովուրդ հաւաքուած էր եկեղեցւոյ առջեւ։

 

   Տեղապահ Սրբազանը եւ ընկերակիցները բերող ինքնաշարժներու երեւումով թմբկահարները սկսան ուժքին զարնել իրենց թմբուկները եւ «զուռնաչիները» թոքի բոլոր շունչով փչեցուցին տօնական եղանակներ։ Ժողովուրդը խնդավառ կը ծափահարեր, անդին կարգ մը կանայք թիլիլիլի կը կանչէին։ Այս ուրախ պոռթկումը կ՚ամբողջացնէր եկեղեցւոյ կոչնակի աւետաբեր ղօղանջը։

   Առաջին հերթին յայտնուածը զարմանքի արտայայտութիւնն էր Սրբազան Պէքճեանի դէմքին վրայ։ Շուարած կը դիտէր խումբ մը պարողները, որոնց ձեռքին կը տեսնուէր նաեւ օղիի շիշերը։ Սրբազանին համար աննախադէպ երեւոյթ էր սա, քանի որ ինք առաջին անգամ ոտք կը դնէր Կիլիկիոյ հողին։ Առաջին անգամ է որ կը հաղորդուէր հարազատ ժողովուրդն հետ, որ բաւական տարբեր էր «համայնք» կոչուած հաւաքականութենէն։

    Սրտաբուխ սիրով մը պաշարուած էր։ Այդ սէրը կզգար դիմացիներուն աչքի փայլէն։

Զարմանքը իր տեղը թողուց գոհունակութեան, եւ ուրախ ժպիտ մը ըլլալով եկան նստաւ անոր դէմքին։

 

     Եկեղեցւոյ մուտքին մանչ ու աղջիկ դիմաւորեցին զինք աղ ու հացով։ Օրհնեց սրբազան պատառը եւ քովը ունենալով գաւազանակիր Տէր Տրդատ  քահանայ Ուզունեանը, Հրաշաբարի երգեցողութեամբ մուտք գործեց գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։

   Բազմաթիւ գիւղացիներ այս ուրախութեան մէջ բաժնեցին նաեւ խոր տխրութիւն մը, տարիներ առաջ այս նոյն եռանդով դիմաւորած էին իրենց շատ սիրելի Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը։

    Կարճատեւ գոհաբանական աղօթքէ ետք Սրբազան հայրը եւ ամբողջ ժողովուրդը առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ կողքին գտնուող ընդարձակ տարածքը, ուր նախապէս պատրաստուած էր ընթրիքի սեղանները եւ խորովածի բուրմունքը պատած չորս դին։ 

   Մուսա Լերան երբեմնի եօթը հայկական գիւղերը անցեալին ալ շրջապատուած էին տարբեր կրօնքներու դաւանող ժողովուրդներով։ Այսօր Վաքըֆլը կը գոյատեւէ իբրեւ միակ հայկական բնակավայր։ Մնացեալ գիւղերը 1939-էն ետք վերաբնակեցուած են եկուոր թուրքերով։ Ներքեւի «Զէյթունիյէ» գիւղը ուղղաբար յոյներ կը բնակին։ Իսկ Սամանտաղ գաւառի բնակիչները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Ալեւի Արաբներ են։ Շուկայի մէջ տիրող լեզուն Արաբերէն է։ Այս երեւոյթը կաթողիկէներու, հրեաներու ալ մասնակցութեամբ ալ աւելի զանազանութիւն մը կը ներկայացնէ Հաթայ նահանքի կեդրոն Անտիոքի մէջ։

 

     Կարծես թէ տեղւոյն մշակութային զանազանութեան կենդանի մարմնացումն է երգիչ Շէմսէտտին Տէօնմէզ։ Ան իր երգացանկով կրնայ գրաւել բոլորին սիրտերը։ Կ՚երգէ արաբերէն, հայերէն, թրքերէն կամ քրտերէն լեզուներով։ Անկարելի է անոր երաժշտութեան անհաղորդ մնալ։ Արդարեւ ժամեր շարունակ դարձաւ շուրջպարը։ Կը կարծուէր թէ երիտասարդներու պարը պիտի հանգի տարեցներու աւանդութիւն դարձած «ծունդր հաւու» եղանակով։ Սակայն երիտասարդները շուտով ոտք յարմարցուցին այս նոր եղանակին ալ եւ պահ մը իսկ դատարկ չթողուցին պարի դաշտը։

      Նոյն պահուն Գարեգին Սրբազան Պէքճեան շրջապատուած էր իր երբեմնի դասընկերներով ու մատնուած խոր ու հաճելի զրոյցի։ Պօղոս եւ Նուպար Սիլահլըները, Գրիգոր Մէշալէճեանը, Սեդրակ Էօզէրը եւ ուրիշներ դուրս եկած էին երաժշտութեան ու պարի միջավայրէն եւ ինկած իրենց մանկութեան յուշերուն։ Տեսնելով ու վայելելով բոլոր այդ ապրումները ակամայ կը տարուինք խորհելու թէ տեղապահ սրբազանը այս իր նոր պաշտօնով Իսթանպուլ գալէ ի վեր առաջին անգամ է որ կը վայելէ իրեն արժանի հոգատարութիւնը եւ համակրանքը։ Չենք մոռցած որ Իսթանպուլ Պատրիարքարան այցելած ժամանակ ոմանք չէին խբնած մայր եկեղեցւոյ դռները իր դիմաց չուաններով փակելը։

 

     Սրբազանը յաջորդ առտուն դարձեալ ծանրաբեռնուած ծրագիր ունէր։ Այդ օր այցելութիւններ կատարուեցան Եօղունօլուք եւ Պիթեասի նման անցեալի հայաբնակ գիւղերը այժմ խոնարհուած եկեղեցիներուն։ ՏԷր Ողորմիայի երգեցութիւններով յիշատակուեցան այդ գիւղերու նախկին բնակիչները։ Իսկ երեկոյեան դարձեալ խնճոյք՝ այս անգամ առանց մեծ սեղանի։ Օրուայ իմաստը հարիսայի պատրաստութիւնն էր։ Եօթը գիւղերը խորհրդանշող եօթը կաթսաներ դրուած էին խարոյներու վրայ։ Հարիսայի վարպետներ Շիշմանինց Պետրոս ու Միհրան Քըսատուր զգուշօրէն կը կշրէին 280 քիլոկրամ միսը եւ 108 քիլոկրամ ցորենը քաշող ու հաւասարապէս կը բաժնէին կաթսաներուն։

 

     Երկու վարպետներու ամէն տարուայ սովորական աշխատութիւնն է այդ խարոյրներուն հսկել մինչեւ լուսաբաց։ Ուրեմն այս ալ իր կարգին կը պահանջէ զօրակցութիւն։ Տուեալ պայմաններու տակ այդ զօրակցութիւնը կ՚ապահովէ երգ ու երաժշտութիւնը։ Եկուր տես որ այդ պահուն նոր խոչնդոտ պիտի ծագի, չէ որ հիւր սրբազանը կը ննչէ անմիջապէս եկեղեցւոյ կողքին գտնուող հիւրասենեակին մէջ։ Ի դէմ իր նախորդներուն Գարեգին Սրբազան կը մերժէ քաղաքի 5 աստ ունեցող հիւրանոցներու փարթամ հանգստութիւնը եւ կը նախընտրէ գիւղի համեստ պայմանները։ Այս առթիւ ակամայ կը վերյիշեն իրենց սիրելի Մեսրոպ Պատրիարքը, որ նոյնպէս միշտ կը նախընտրէր գիւղը գիշերել։ Նոյնիսկ շատ անգամ զինք հսկելով պաշտօնակոչուած թիկնապահներուն առանց յայտնի ընելու կը փութար գիւղ։ «Երբ անդրադարձաւ որ իր անվտանգութեան համար մտահոգուած մենք մինչեւ լուսաբաց հերթապահութիւն կ՚ընենք իր դռան առջեւ, այն ատեն հրաժարեցաւ գիւղը գիշերելու իր սովորութենէն։ Երանի ինք առողջ ըլլար եւ մենք դարձեալ մինչեւ առտու սպասէինք մեր սիրելի սրբազանին անվտանգութեան համար» կ՚ըսէ Շիշմանինց Պետրոս Գահեաօղլու։

 

     Երանի ըսելու արժանի որքան շատ բան կայ կեանքի մէջ։ Այդ «երանի»ներէն մէկը կը խոստովանի ծանօթ կին մը։ Իրար հանդիպած ենք եկեղեցւոյ ճամբուն վրայ։ «Աստուած իմ այս ինչ ուրախութիւն, դեռ քանի մը ժամ առաջ ինքնաշարժի մէջ քեզ յիշեցինք եւ Ստեփանը -երանի Բագրատ աղբարիկն ալ եկած ըլլայ, տեսնեմ զինք- կ՚ըսէր»։

 

     Այս լսելով  արագացուցի գայլերս զարիվարն ի վեր ու մեծ կարօտով ողջագուրուեցայ սիրելի բարեկամներուս Ստեփանի եւ Մէթինի հետ։ Իրենց կիներն ալ հետերնին, ինքնաշարժով Տիյարպէքիրէն ճամբայ ելած էին ու ահա միասին ենք։ Կարօտով կը խօսինք Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ այժմ ցիր ու ցան եղած ժողովուրդի մասին։ «Այս գիւղին մէջ ծանօթ չունիմ բայց գիտէի որ Աստուածածնի տօնակատարութիւն պիտի ըլլայ, քշեցի եկայ» կը պատմէր ուրախութեամբ։ Անմիջապէս զինք տարի Տեղապահ Սրբազանին մօտ եւ ծանօթացուցի իբրեւ Տիգրանակերտի հայ։ Այդ պահուն հանդիպեցանք նաեւ եկեղեցւոյ շինութեան տարիներէ ի վեր այս գիւղին հետ զգացական կապ մը պահած Միհրան Ուլիկեանին։ «Տարիքի բերմամբ հրաժարած եմ բոլոր պարտականութիւններէս։ Բացառութիւն են Վաքըֆլը գիւղը եւ Սահակեան երգչախումբը։ Անշուշտ կայ պատկանելիութիւն մը եւս որ չեմ հրաժարած, այն ալ իմ ֆութպոլի ակումբն է՝ Պէշիքթաշը»։ Բացի Պէշիքթաշէ, Ուլիկեանի հետ մեր միջեւ երկրորդ հասարակաց եզրն է Սամաթիան։

 

    Ներքեւի պարտէզին մէջ ուրախութիւնը իր ամբողջ թափով կը շարունակէ։ Այս անգամ հայկական երգ ու պարն աւելի շեշտուած են քանի որ Շէմսէտտին Տուրմազի կողքին իր երգով ներկայ է նաեւ մեր բոլորին սիրելի երգիչը՝ Պարթեւ։ «Արդեօք ովքե՞ր են, ինչ կտրիճներ են, Մասիսը վկայ հայոց քաջերն են» կ՚երքէ Պարթեւ եւ պարտէզը կը թնդայ տողերու արանքի «հէ՜յ» բացականչութեան։ Այդ պահուն կը զգանք թէ թագաւորութիւնը դարեր առաջ ալ պատմութեան փոխանցուած ըլլայ, Կիլիկեան ոգին կը սաւառնի Մուա Լերան երկինքին։

    Յաջորդ օր տօն է Աստուածածնի վերափոխման։ Ժողովուրդը կանուխէն լեցուցած է եկեղեցին։ Պաշտօնական հիւրեր ալ ունի գիւղը այսօր։ Անտիոքի քաղաքապետ Տոց. Լիւթֆիւ Սաւաշ, Սամանտաղի քաղաքապետ Միթհատ Նէհիր եւ Սամանտաղի գաւառապետ Տոքթոր Ճահիտ Չէլիք եկած են գիւղի այս եզակի օրը ողջունելու համար։

 

    Սուրբ պատարագէն ետք կատարուեցաւ Խաղողօրհնէք եւ եօթը կաթսայ հարիսան բաժնուեցաւ ներկաներուն։

 

    Ձմրան ամիսներուն հազիւ եօթանասուն շունչ բնակչութիւն ունեցող գիւղը այս տարի ալ տօնեց իր եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը եւ բոլորին շրթներուն նոյն բարի մաղթանքը՝ «Աստուած գալ տարուան արժանի ընէ»։    

     

    Առիթէն օգտուելով քանի մը հարցում ուղղեցինք Տեղապահ Սրբազանին եւ ստացանք հետեւեալ պատասխանները։

 

     Տպաւորութիւններս խանդավառիչ են քանի մը տեսակէտով։ Առաջին տեսակէտը այդ է, այս գիւղը դարերէ ի վեր պատմութիւն մը ունի եւ այս պատմութիւնը պահող անձեր կան եւ այդ պահելու ջանքը առանց որեւէ յուսահատութեան, առանց որեւէ դժուարութիւններու կը շարունակուի։ Խանդավառիչ է տպաւորութիւնս ընդունելութեան տեսակէտէ։ Շատ գոհացուցիչ եւ ուրախացուցիչ է։ Յետոյ շրջանի կարգ մը վայրերը այցելեցինք։ Գիւղի հողատարածքին վրայ աշխատանքները տեսայ, եկեղեցիի կողքին նոր շինուած սրահը… Այս բոլորը ուրախացուցիչ են մեզի համար որովհետեւ կը նշանակեն թէ մեր պատմութիւնը այս տէղ կ՚ապրի կենդանի կերպով։ Ես կը յանձնարարեմ բոլոր հայերուն թէ Թուրքիոյ մէջ ապրող եւ թէ արտասահմանի մէջ ապրող հայերը թող այցելեն եւ տեսնեն ինչ բարւոք վիճակի մէջ է նաեւ այս գիւղի բնակավայրերը։ Ասիկա օրինակելի վիճակ մըն է բոլոր միւս գիւղերուն համար։

Կը հարցնեմ գաւառի հայութեան մատուցանելի հոգեւոր ծառայութեան մասին։

 

     Անշուշտ պատրիարքարանը պարտականութիւն ունի եթէ որեւէ տեղ հայէր կան եւ եթէ այդ հայերը պատրաստ են պատրիարքարանի այցելութիւնները ընդունելու։ Եթէ իրենք պատրաստ են պատրիարքարանի օրհնութիւնը ստանալու, պէտք է պատրիարքարանը պատրաստ ըլլայ այս բոլորին եւ մեր պարտականութիւնն է նաեւ առիթներ ստեղծել որպէսզի այդ այցելութիւնները կատարենք, յայտնաբերենք այդ հոգիները որոնք ծագումով հայ քրիստոնեայ են։ Մենք իրենց մէջ վառ պէտք է պահենք քրիստոնէական զգացումները։ Ասիկա պատրիարքարանի առաջին գործն է արդէն։ Նոյն պարտականութիւնը քանի որ Պոլսոյ մէջ կը կատարէ, պատճառ չկայ որ տարբեր շրջաններու մէջ մնացած հայերու սրտին մէջ այդ ոգին կենդանի պահենք։

 

Վերջին հարցումս կ՚ըլլայ գաւառի եկեղեցիներու պատրիարքական ընտրութեան մասնակցութեան մասին։

 

    Այս եկեղեցին գոյութիւնը կը պահէր արդէն։ Եթէ չեմ սխալիր Տիյարպէքիրն ալ իր հերթին պատգամաւոր մը տուած էր ամենավերջին Մութաֆեան Սրբազանի պատրիարքական ընտրութեան օրով։ Կը կարծեմ ատիկա կը շարունակուի այնքան ատեն որ եկեղեցին այո հիմա այս պահուն թերեւս արարողութիւններ տեղի չեն ունենար բայց վարչութիւն մը գոյութիւնն ունի եւ այդ վարչութեան գոյութեան պատճառաւ պատգամաւոր տալը անպատեհութիւն չունի։ Ուր որ եկեղեցին բաց է եւ այդ եկեղեցին վարչութիւն մը ունի պատճառ չիկայ որ այդ տեղերը պատգամաւորներ չունենան։

 

 

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ