Ի յայտ եկաւ Ներքին Ջրափի կամուրջը

ՎԵՏԱԹ ԱՔՉԱԷՕԶ

Ներքին Ջրա­փի կա­մուրջը, որ կը գտնուի Թուրքիոյ ու Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ սահ­ման հան­դի­սացող Ախու­րեան գե­տի վրայ, ջու­րե­րու քա­շուե­լուն պատ­ճա­ռով վեր­ջերս ի յայտ եկաւ։ Ախու­րեանի (Ար­փա­չայ) ջրամ­բա­րի կա­ռուցման հե­տեւան­քով այս պատ­մա­կան կա­մուրջը 1980 թուակա­նէն ի վեր կը գտնուէր ջու­րե­րուն տակ։ Սա­կայն վեր­ջին շրջա­նին Կար­սի մէջ տե­ղումնե­րը նուազած ըլ­լա­լուն ջու­րին մա­կար­դա­կը իջած է՝ ի յայտ բե­րելով Ներ­քին Ջրա­փի պատ­մա­կան կա­մուրջը։

Պաշ­տօ­նական ար­տօ­նու­թիւն ստա­նալէ ետք, 19 Սեպ­տեմբեր 2017-ին, ժա­մը 13։30-ին այ­ցե­լեցի Ներ­քին Ջրա­փի կա­մուրջը։

Կա­ռոյ­ցը կը հան­դի­սանայ Ախու­րեանի վրայ հաս­տա­տուած եւ արուես­տի տե­սակէ­տէ ար­ժէ­քաւոր հինգ կա­մուրջնե­րուն ամե­նամեծն ու ամե­նագե­ղեցի­կը։

Ըստ տուեալ­նե­րու, Ներ­քին Ջրա­փի կա­մուրջին եր­կա­րու­թիւնը, նախ­քան փլու­զումը, կը հաս­նէր 125 մեթ­րի։ 50 մեթ­րը կը մնայ Թուրքիոյ սահ­մաննե­րուն մէջ, իսկ Հա­յաս­տա­նի կող­մը որե­ւէ մա­սունք չէ մնա­ցած։ Արուես­տի գլուխգոր­ծոց այս կա­մուրջին լայնքը 8,50 մեթր է։ Կի­սաբո­լորակ կա­մուրջին տրա­մագի­ծը կը հաս­նի 30-34 մեթ­րի։ Կա­մուրջին ճա­նապար­հը սա­լար­կուած է կոշտ եւ մեծ քա­րերով։ Չէ ճա­ղապա­տուած։

Սեւ քա­րէ շի­նուած ըլ­լա­լուն, թրքե­րէնով «Քա­րաքէօփ­րիւ» կը կո­չուի եւ Անիի կա­մուրջին հետ նոյն ոճով կա­ռու­ցուած է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ