Պետրոս Դուրեան կը ոգեկոչուի

Զարթօնքի շրջանի կարեւորագոյն բանաստեղծներէն Պետրոս Դուրեան 7 Հոկտեմբեր Շաբաթ օր կը ոգեկոչուի Սկիւտար Պաղլարպաշիի Սուրբ Խաչ Գերեզմանատան մէջ։ Այս ոգեկոչումով բացումը պիտի կատարուի բանաստեղծի նորակառոյց յուշադամբանին։ Պետրոս Դուրեանի վերջին հանգստարանը ընտանեկան շիրիմի մը բնոյթ ունի, քանի որ հարեւանութեամբ թաղուած է նաեւ բանաստեղծի մայրն եւ մօրաքոյրը։ Յուշադամբանի մտայղացումը կը պատկանի Դաւիթ Այնալըի։ Արքունի ճարտարապետներ Պալեան Գերդաստանի շիրմին ալ ծախսերը ստանձնած Անուշաւան Հրաչ եւ Յակոբ Գըրմըզեան եղբայրները ստանձնած են նաեւ Դուրեանի յուշադամբանի շինութեան ծախսերը։ Նախագիծը իրականացած է հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան՝ ՀայՃարի կարգադրութեամբ։ Յուշադամբանի երեսին քանդակուած է բանաստեղծի «Իմ Մահը» անուն քերթուածը։ Բացման հանդէսի ընդառաջ ՀայՃար միութեան անդամներ Նազար Պինաթլը, Գէորգ Էօզգարակէօզ, բարերարներ Անուշաւան Հրաչ Գըրմըզեան եւ Դաւիթ Այնալը, «Ակօս» այցելելով բացատրութիւններ տուին կատարուած աշխատութեան մասին։

Այս առթիւ Անուշաւան Գըրմըզըեան յայտնեց թէ պէտք չէ մոռնալ մեծ հանճարներու վաստակը եւ այս գիտակցութիւնով ստանձնած են նախ Պալեաններու եւ ապա Պետրոս Դուրեանի շիրիմներու ներկայանալի կերպով վերակառուցումը։ Մինչ այդ ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ անդրադարձաւ կատարուած գործին ուղղեալ քննադատութիւններուն եւ նշեց թէ, այդ քննադատութիւններու լոյսին տակ որոշ բարեփոխումներ կատարուած են կանխատեսուած նախագծին վրայ։ Միւս կողմէ Նազարէթ Պինաթլը ալ դիտել տուաւ որ սահմանափակ են գերեզմանի վարչութեան կարողութիւնները եւ բարերարներու ներդրումը շատ կարեւոր է նման գործի յաղթահարման համար։ Բարերար Անուշաւան Գըրմըզըեան իր կարգին նշեց թէ խիստ կը կարեւորէ երիտասարդներու այս արժէքներու հետ ծանօթանալու եւ անոնք իւրացնելու անհրաժեշտութիւնը։ «Իմ մեծագոյն փափաքը պիտի ըլլայ այս շիրիմներուն երիտասարդներու կողմէ այցելութիւնը տեսնել։ Անշուշտ որ թող բոլորը գան, բայց յատկապէս երիտասարդները գան ու հաղորդուին իրենց նախնեաց արժէքներուն հետ։ Կատարուածը այն ատեն է որ նշանակութիւն պիտի ստանայ։ Շատ հարուստ անցեալ մը ունինք եւ, այդ անցեալին սերտօրէն կապուած ենք։ Ապագան ալ պիտի կերտենք, այդ սիւներուն վրայ։ Դժբախտաբար պոլսահայ դպրոցներու աշակերտներու թիւը տարեցտարի կը նուազի։ Անշուշտ շատ մտահոգիչ երեւոյթ մըն է այս։ Նման փորձը ապրեցանք Ֆրանսայի մէջ եւ մեր հասարակութիւնը զգալիօրէն այլասերեց։ Պէտք է խուսափինք, այստեղ եւս նոյն պատկերին գոյանալէն»։ Արեւմտահայ գրականութեան ամենացայտուն դէմքերէն Պետրոս Դուրեան ծնած էր 1851-ին եւ շատ վաղաժամ կերպով 1872-ին մահացած թոքախտի պատճառաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ