Կարօ Փայլան հաշիւ կը պահանջէ

Խորհրդա­­րանի հա­­յազ­­գի պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար Սիւ­­լէյման Սոյ­­լույի ուղղեալ հարց-դի­­մում մը կա­­տարած է Խորհրդա­­րանի մէջ։

Փայ­­լան իր դի­­մու­­մին մէջ նիւթ կ՚ու­­նե­­­նայ Իս­­թանպուլ Պալ­­մումճու թա­­ղի մէջ յայտնուած վեր­­տա­­­ռու­­թիւն մը, որուն վրայ գրուած էր՝ «Հրեայ ծա­­գու­­մով Պար­­զա­­­նի։ Մենք գի­­տենք քու ով ըլ­­լալդ եւ նպա­­տակիդ ալ ո՛չ թէ Քիւրտիս­­տա­­­նի, այլ Մեծն Իս­­րա­­­յէլի ծա­­ռայել ըլ­­լա­­­լը։ Գի­­շեր մը յան­­կարծ պի­­տի գանք»։

Փայ­­լան այս առ­­թիւ նա­­խարա­­րին յի­­շեցուց թէ նա­­խապէս բա­­զում ան­­գամներ յար­­ձա­­­կու­­մի են­­թարկուած հրէից Նե­­ւէ Շա­­լոմ տա­­ճարի առ­­ջեւ եր­­կու ամիս առաջ «Ալ­­փե­­­րէն Օճախ­­ներ» կո­­չեալ ազ­­գայնա­­կան խմբա­­կը յար­­ձա­­­կումներ կա­­տարած էր։ «Այս մա­­սին 15 Օգոս­­տոս 2017-ին Վար­­չա­­­պետ Պի­­նալի Եըլ­­տը­­­րըմի հար­­ցում մը ուղղե­­լով գիտ­­նալ ու­­զած էինք թէ յար­­ձա­­­կող­­նե­­­րու դէմ, որե­­ւէ հար­­ցաքննու­­թիւն կա­­տարուած է, թէ ոչ։ Ին­­չո՞ւ հա­­մար չէ կան­­խուած յար­­ձա­­­կու­­մը եւ ատե­­լու­­թեան յան­­ցանքնե­­րու դէմ ի՞նչ տե­­սակ կան­­խա­­­միջոց­­ներ կը ձեռ­­նարկէք»։

Փայ­­լան յի­­շեցուց, որ իրենց այս հարց-դի­­մու­­մին պա­­տաս­­խան չեն ստա­­ցած։ Իսկ հի­­մա երես­­փո­­­խանը Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րին կ՚ուղղէ հե­­տեւեալ հար­­ցումնե­­րը՝

• Տաս­­նեակ­­նե­­­րով տե­­սախ­­ցիկնե­­րու առ­­կա­­­յու­­թեամբ Հրէից դէմ ատե­­լու­­թեան պատ­­գամներ պա­­րու­­նա­­­կող այս վեր­­տա­­­ռու­­թիւնը կա­­խող­­նե­­­րու ինքնու­­թիւնը ստու­­գուա՞ծ է։

• Վեր­­տա­­­ռու­­թիւնը կա­­խող­­նե­­­րու մա­­սին հար­­ցաքննու­­թիւն կա­­տարուա՞ծ է։

• 20 Յու­­նիս 2017-ին Նե­­ւէ Շա­­լոմ տա­­ճարին յար­­ձա­­­կող­­նե­­­րը դա­­տարան յանձնուա՞ծ են։

• Եթէ եր­­կու ամ­­սուայ ըն­­թացքին հար­­ցաքննու­­թիւն չէ կա­­տարուած, պատ­­ճա­­­ռը ի՞նչ է։

• Հրէից դէմ կրկնուելով գոր­­ծուած այս ու նման հա­­կասե­­մական ատե­­լու­­թեան յան­­ցանքնե­­րու ան­­պատժե­­լիու­­թիւնը կը քա­­ջալե­­րէ նոր յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը, համա­­ձա՞յն էք։

• Ատե­­լու­­թեան յան­­ցանքնե­րու դէմ նա­խարա­րու­թենդ անձնա­կազ­մը յա­տուկ դաս­տիարա­կու­թեան կ՚են­թարկուի՞ն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ