Հասարակական համերաշխութիւնը կրծող անորոշութիւն

Թուրքիոյ հայ հասարակութեան գլխուն հետզհետէ անլուծելի փորձանքի մը վերածուած պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան խնդի­րը այս շա­բաթ դար­ձեալ նոր զար­գա­ցումնե­րով կը զբա­ղեց­նէ հա­մայնքի օրա­կար­գը։ Նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապե­տի յայ­տա­րարու­թիւննե­րը ար­դէն, իսկ տե­ղի տո­ւած էին լուրջ հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու։ Ըն­կե­րային ցան­ցե­րու մէջ բա­ւական կար­ծիքներ փո­խանա­կուե­ցան կա­տարո­ւած յայ­տա­րարու­թիւննե­րու շուրջ։ Կար­ծես այսքա­նը չէր բա­ւեր, որ Հիւ­սիւսա­յին Ամե­րիկա­յի Արեւելեան թե­մի առաջ­նորդ Խա­ժակ Պար­սա­մեան եւս ներ­քա­շուե­ցաւ այս դժբախտ խնդրին տե­ղի տա­լով նոր հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու։ Այս ալե­կոծու­մի մէջ վերջ ի վեր­ջոյ տե­ղապահ Պէք­ճեան սրբա­զանն ալ ստի­պուած եղաւ իր ընդվզու­մը յայտնե­լու, այս ան­սո­վոր եւ շատ ան­գամ ալ ան­պատշաճ ան­ցուդար­ձե­րու առնչու­թեամբ։ Անսպա­սելի վեր­ջին ելոյ­թի հե­ղինա­կը եղաւ Սա­հակ Եպիս­կո­պոս Մա­շալեան Հա­յաս­տա­նի «Թերթ» կայքէջին տո­ւած եւ ապա Փա­րիզի « Նոր Յա­ռաջ» եւ Պոլ­սոյ «Մար­մա­րա» թեր­թե­րու ար­տատպած հար­ցազրոյ­ցով։ Սա­հակ սրբա­զան դիւ­րի­մացու­թիւննե­րը կան­խե­լու հա­մար թեր­թիս հրա­տարա­կու­թեան պատ­րաստո­ւած ժա­մերուն հրա­պարա­կեց ճշդում մը, ուր կը հաս­տա­տէր իր հա­ւատար­մութիւ­նը Տե­ղապահ սրբա­զանի նկատ­մամբ։

Ըստ երե­ւոյ­թի տա­կաւին եր­կար ժա­մանակ պի­տի ստի­պուինք այս մա­սին յան­կարծա­կի յայ­տա­րարու­թիւննե­րով ցնցուելու, քա­նի որ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան խնդրին մէջ մէկ կողմ դրած կ՚երե­ւինք պատ­շա­ճու­թիւնը եւ եկե­ղեցա­վայել բա­րեացա­կամու­թիւնը, որուն տեղ ուղղո­ւած ենք դա­ւադ­րանքնե­րու եւ սադ­րանքնե­րու ան­դի­մադ­րե­լի հրա­պոյ­րին։ Սադ­րանքներ, որոնք ծնունդ կ՚առ­նեն պե­տու­թեան որ­դեգրած լռու­թեան ռազ­մավարութենէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ