Վարձքերնիդ (ան)կատար


Շատ բնական է որ մարդկութիւնը իր նուաճումնե­րուն զու­գա­հեռ ար­ձա­նագ­րէ յա­ռաջըն­թացք։ Քա­նի կը մօ­տենանք ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րուն, կ՚անդրա­դառ­նանք թէ այդ վե­րել­քը ալ աւե­լի թափ կը ստա­նայ իրար յա­ջոր­դող սե­րունդնե­րու մի­ջեւ։ Այ­սօր հայ­րեր իրենց որ­դի­ներէն, պա­պեր իրենց թոռ­նե­րէն կը սեր­տէն հա­մակարգչի կամ բջջա­յին հե­ռախօ­սի գաղտնիք­նե­րը։

Գի­տու­թիւնը, յատ­կա­պէս ճար­տա­րագի­տու­թիւնը իրենց զգլխե­ցու­ցիչ նուաճումնե­րով ոչ միայն մեր կեն­ցա­ղը կը ձե­ւաւո­րէն, այլ մտա­ծելա­կեր­պը նաեւ։ Միտ­քով եւս կը հա­մակեր­պինք նոր ժա­մանակ­նե­րու թե­լադ­րանքին։ Առտնի նիստ ու կա­ցէն սկսե­լով մին­չեւ ծննդա­բերու­թեան հա­մեմա­տու­թիւն, ամէն ինչ անզգա­լաբար կը փո­խուի, կը գտնէ իր նոր ոճը, նոր դրսե­ւորու­մը, նոր ար­տա­յայ­տութիւ­նը։

Այդ բո­լորին մէջ ան­փո­փոխ կը մնայ միայն ու միայն Յա­կոբ Պա­րոնեանի եր­գի­ծան­քին, ծի­ծաղին նիւթ դար­ձող հա­սարա­կական կեան­քը։ Այ­սինքն հա­մայնքի վար­չա­կան գոր­ծընթա­ցը բնաւ չէ ազ­դուած ժա­մանա­կի պար­տադրանքնե­րէն։ Այն ինչ որ իբ­րեւ հաս­կա­ցողու­թիւն, իբ­րեւ հա­մոզում պէտք էր ան­ցեալին մէջ մնար, նոյ­նութեամբ հա­սած է այ­սօ­րուան։

Այս հա­մոզու­մը՝ որ ար­դէն կը գի­տակ­ցէինք դի­տելով մեր շուրջբո­լորը, փաս­տա­ցի ապա­ցոյց մը ըլ­լա­լով եկաւ հա­սաւ մեր սե­ղանին։ «Պաշ­տօ­նական տե­ղեկագ­րութիւն Ազգ. Պատ­րիար­քա­րանի, 1934-1949 տա­րինե­րու ազ­գա­յին եւ եկե­ղեցա­կան ան­ցուդար­ձե­րու վրայ» խո­րագի­րով այդ թղթած­րա­րին էջե­րը թեր­թե­լով զար­մա­նալիօրէն մեր դի­մաց կը մարմնա­ւորուի այ­սօ­րուայ կեր­պարնե­րը։ Օրի­նակի հա­մար կը հան­դի­պինք նշուած տա­րինե­րու Տե­ղապահ Գէորգ Արք. Աս­լա­նեանի անու­նին, եւ կը տա­րուինք մտա­ծել թէ աւե­լի քան եօթա­նասուն տա­րի ետք Գա­րեգին Արք. Պէք­ճեան կը ճա­կատի անոր դի­մադ­րած նոյն խնդիր­նե­րուն հետ։ Կը հան­դի­պինք Պախ­թիարեան ծայ­րա­գոյն վար­դա­պետի կեր­պա­րին, որ միայն չնչին ման­րա­մաս­նութիւննե­րով կը տար­բե­րի ներ­կայ ժա­մանկնե­րու իր փո­խանոր­դէն՝ Արամ Արք. Աթէ­շեանէն։ Հա­պա Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապէ­տը չո՞ւնի իր բնոր­դը։ Ան­շուշտ ու­նի, բայց ան այս ան­գամ քա­հանա­յի փի­լոն հա­գած կը ներ­կա­յանայ տե­ղեկագ­րի էջե­րէն՝ Տէր Թով­մա Աւագ Քա­հանայ Շի­կահերն է որ ան­ցեալին որ­դեգրած է նոյն ազ­գա­կոր­ծան առա­քելու­թիւնը։

Կող­մե­րու մի­ջեւ առ­կայ սրուած տա­րակար­ծութիւ­նը կար­ծես կրկնու­թիւնն է 1934-1949 տա­րեթի­ւերու ան­ցուդար­ձե­րուն։ Այն ատեն ալ օրուան տե­ղապա­հը իրեն ու պատ­րիար­քա­րանի ուղղեալ դա­ւադ­րութիւննե­րուն դի­մաց ճա­րահա­տու­թեան մատ­նուած մերթ կը դի­մեր Իս­թանպու­լի Կու­սա­կալ Լիւթֆի Քըր­տա­րի կամ Վար­չա­պետ Շեմ­սէտտին Կիւ­նալթա­յի, կամ ալ Էջ­միածին՝ Գէորգ Զ. Կա­թողի­կոսին։

Կա­րելի չէ որ տա­րինե­րու ըն­թացքին իր տպագ­րութեան, գրա­շարու­թեան եւ նման դրու­թիւննե­րու իմաս­տով ժա­մանա­կի պա­հանջնե­րուն հա­մակեր­պած եւ ար­դիակա­նացած պոլ­սա­հայ մա­մուլն ալ ան­բա­ժան մնար այդ հին ախ­տը շա­րու­նա­կելու տխուր երե­ւոյ­թէն։ Ար­դա­րեւ տե­ղեկագ­րի տո­ղերուն մէջ բա­զում ան­գամներ կը հան­դի­պինք «Ժա­մանակ» եւ «Մար­մա­րա» օրա­թեր­թե­րու անուննե­րուն, որոնք ան­ցեալէն մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կեն հա­կառակ բե­ւեռ­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու աւան­դոյթը։

Երբ ժա­մանա­կը կը փո­խուի բայց հա­մայնքի վար­չա­մեքե­նան ան­փո­փոխ կը մնայ, ու­րեմն բնա­կան է որ հա­սարա­կու­թիւնն ալ իր հե­տաքրքրու­թեան եւ ու­շադրու­թեան դաշտէն դուրս շպրտէ այսքան էական ազգային խնդիրը։

Պատճառ դարձողներուն վարձքը (ան)կատար թող ըլլայ։



Yazar Hakkında

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ