ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԶԱՐԴ

Մեր բառերուն ամենէն զարդարունը

- Ճշմարտութի՛ւնը, վարդապե՛տ։ Մենք այս եկեղեցին չենք շինած քու բարձրեալ Աստծոյդ հա­մար, ինչպէս որ միշտ կրկներ ես. մի՛ խա­բեր քեզ… Այո՛. Այդ քու եկե­ղեցիդ նուիրուած է ո՛չ թէ Մա­րիամ Աս­տուածած­նին, այլ քու Մա­րիամ իշ­խա­նու­հիիդ։ Ըսէ՛, ճիշդ չէ՞։

Գե­ղար­քունի­քի կա­նան­չա­զարդ լեռ­նե­րու գո­գին մէջ, Սե­ւանայ լի­ճի վրայ, Յու­նիս ամ­սուան ջեր­մացնող յետ­մի­ջօրէի արե­ւուն տակ կը բե­մադ­րենք «Հին Աս­տուած­ներ» թա­տերա­խաղէն տե­սարան մը՝ Մա­րիամ իշ­խա­նու­հիի եւ Յով­հաննէս վա­նահօր եր­կխօ­սու­թիւնը։ Դպրո­ցական սի­րողա­կան ներ­կա­յացում մըն է, որ կը կա­տարենք ճիշդ այնտեղ՝ ուր հա­զար տա­րի առաջ տե­ղի ու­նե­ցեր է այդ պատ­մութիւ­նը- այժմ թե­րացած կղզիի Ս. Մա­րիամ Աս­տուածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ առ­ջեւ։

Բնու­թեան այս կա­տարեալ բե­մայար­դա­րու­թեան մէջ Քրիս­տի­նան եւ Շան­թը, այս տա­րուան «իշ­խա­նու­հին» եւ «վա­նահայ­րը», պատ­շա­ճօրէն յար­դա­րուած են։ Կա­տարուած է վար­սա­յար­դա­րու­մը, մատ­նա­յար­դա­րու­մը, տա­րազ­նե­րուն ար­դուկու­մը։ Բա­ռերու այս ճո­խու­թիւնը կը պար­տինք «արդ» ար­մա­տին։ Ան­շուշտ առան­ձին չէր «արդ»ը երբ կը կա­տարէր այդ բո­լորը։ Անոր կ՚օժան­դա­կէր «յ» մաս­նի­կը։ Մինչ կրքոտ եւ նոյնչափ լա­րուած եր­կխօ­սու­թիւնը կ՚ըն­թա­նայ, այս ան­գամ «զ» տա­ռը կու գայ միանա­լու «արդ»ին ու նոր ուղղու­թիւն կ՚առ­նէ մեր պատ­մութիւ­նը։

- Ո՛չ, հայր սուրբ. Ես չշի­նեցի այս եկե­ղեցին. Մե՛նք շի­նեցինք այդ եկե­ղեցին, մե՛նք՝ ես եւ դուն...

- Չեմ հասկնար՝ ինչ կը խօ­սի իշ­խա­նու­հին...

«Արդ» ար­մա­տի եւ «զ» մաս­նի­կի ամուսնու­թեան անդրա­նիկ պտու­ղը եղաւ «զարդ» գո­յակա­նը։ Եւ այդ օր, մեր մայ­րե­նին դար­ձաւ աշ­խարհի ամե­նէն զար­դա­րուն եւ շռայլ լե­զու­նե­րէն մէ­կը։ Մեր պա­շարին մէջ ու­նինք 150 բառ «զարդ»ով սկսող- զար­դա­բազ­րիք, զար­դա­բանուածք, զար­դա­գիր, զար­դա­գօտի, զար­դա­դաջ, զար­դադրուագ, զար­դազգեստ, զար­դա­խաչ, զար­դա­խօս, զար­դա­պաճոյճ, զար­դա­տառ, զար­դա­փայլ, զար­դա­փեղկ, զար­դա­փետուր ու 305 բառ՝ «զարդ»ով վեր­ջա­ցող- աշ­խարհա­զարդ, առա­քինա­զարդ, աս­տե­ղազարդ, ար­փիազարդ, բող­բո­ջազարդ, բո­ցազարդ, գոր­գա­զարդ, երկնա­զարդ, զամ­բիւղա­զարդ, զի­նազարդ, թա­գազարդ, խո­րանա­զարդ, ծի­րանա­զարդ, կա­հազարդ, կա­մարա­զարդ, ճա­ճան­չա­զարդ, շնոր­հա­զարդ, սիւ­նա­զարդ... Այս բո­լորի շնոր­հիւ մեր գրա­կանու­թիւնը, սկսե­լով Աս­տուածա­շունչի թարգմա­նու­թե­նէն, հարստա­ցաւ զար­դա­րեալ բա­ռերով։ Ս. Գիր­քի մէջ 27 ան­գամ գոր­ծա­ծուած է «զարդ» բա­ռը, ինչպէս նաեւ «զար­դար», «զար­դա­րանք», «զար­դա­րեալ», «զար­դա­րել», «զար­դա­րիչ» եւ «զար­դա­րու­թիւն» բա­ռերը։ Ահա, պատ­ճառնե­րէն մէ­կը, թէ ին­չո՛ւ «Թա­գու­հի թարգմա­նու­թեանց» կո­չուե­ցաւ Ս. Գիր­քի թարգմա­նու­թիւնը... Իր «գե­ղազարդ» լե­զուին հա­մար։

- Բայց ճշմա­րիտն ա՛ն է որ ես ու դուն կը վախ­նանք իրա­րու աչ­քին ու­ղիղ նա­յելու... Ին­չո՞ւ, ի՞նչ յան­ցանք ենք գոր­ծեր։

- Իշ­խա­նու­հին թող ին­ծի նե­րէ, պէտք է մեկ­նիմ։

«Արդ» ար­մա­տին եւ «զ» մաս­նի­կին զա­ւակ­նե­րը ան­մի­ջապէս սկսան բնա­կեց­նել հա­յոց լե­զուի բո­լոր բնա­գաւառ­նե­րը։ Նախ ու­նե­ցանք ձի­թենեաց ճիւ­ղե­րով զար­դա­րուած տօն մը, «Ծաղ­կա­զարդ», որ յայտնի էր նաեւ Ծառ­զարդար եւ Ծռզար­դար անուննե­րով։ Ու­նե­ցանք ար­տա­յայ­տութիւններ. «առ­նուլ զզարդ զան­ձամբ», «զարդ առ­նուլ», «ի զէն եւ ի զարդ վա­ռիլ»։ «Զարդ» բա­ռը բարձրա­ցաւ եր­կինք ու նշա­նակեց «աստղ»- «Զարդք երկնից»։ Յով­հաննէս Երզնկա­ցիի «Զարդք երկնից» տա­ղաչա­փեալ աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ, որ ներ­բո­ղական գո­վեստ մըն է երկնքի, լու­սի­նը մա­րած ան­ցեալն է, արե­գակը՝ Աւե­տարա­նը, իսկ աստղե­րը՝ մար­գա­րէնե­րը։ Ապա բառս վե­րադար­ձաւ Հայ­կա­կան լեռ­նաշխարհ։ Ըստ Հայր Ս. Էփ­րի­կեանի «Պատ­կե­րազարդ Բնաշ­խարհիկ Բա­ռարան»ի, Զար­դա­րիչը գիւղ էր Խար­բերդի մէջ, 60 տուն հայ բնա­կիչով եւ Ս. Խաչ եկե­ղեցիով զար­դա­րուած։ Այդ գիւ­ղի մօտ կար Զար­դա­րիչի վան­քը։ Ամե­նէն պատ­մա­կանը «Զարդ» ամ­րոցն է։ Երբ Ար­տա­շէս Բ. թա­գաւո­րը աւար­տեց Ար­տա­մէտ քա­ղաքի շի­նու­թիւնը, զայն կո­չեց Զարդ, այ­սինքն «Պայ­ծա­ռու­թիւն, ի վե­րայ պայ­ծա­ռայար­դար պատ­րաստու­թեան շի­նուա­ծոյն»։ 15 դա­րուն «զար­դար» բա­ռը ազ­նիւ քայլ մը առաւ ու դար­ձաւ իգա­կան անուն։ Այդպէս կ՚անուանուէին Ծաղ­կա­զար­դի օրը ծնած աղ­ջիկնե­րը։ Ըստ պատ­մա­կան աղ­բիւրնե­րու, առա­ջին «Տի­կին Զար­դար»ը մի ոմն Թու­մա­յի կինն էր, մա­հացած 1410 թուակա­նին։ Այս անձնա­նու­նէն ալ զար­գա­ցաւ Զար­դա­րեան մա­կանու­նը, ան որ մե­զի շնոր­հեց գրա­վաճառ եւ հրա­տարա­կիչ Վա­հան Զար­դա­րեանը, նա­հատակ գրող, թարգմա­նիչ, հա­սարա­կական եւ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ Ռու­բէն Զար­դա­րեանը, բա­նասէր, հրա­տարա­կիչ եւ գրա­վաճառ Պի­մէն Զար­դա­րեանը, դե­րասան Սի­րուն Զար­դա­րեանը, քան­դա­կագոր­ծուհի Այ­ծեմնիկ Զար­դա­րեանը, ինչպէս նաեւ Կար­սի զա­ւակ, նկա­րիչ Յով­հաննէս Զար­դա­րեանը։

- Իշ­խա­նու­հին թող ին­ծի նե­րէ, պէտք է մեկ­նիմ։

- Ո՛չ, ո՛չ, հա՛յր-սուրբ, մի՛ փախ­չիր։ Եւ ի՞նչ օգուտ փա­խուստը. Դուն քու հո­գիէն չես կրնար փախ­չիլ։

«Զարդ»ը մե­զի տուաւ նաեւ բարձրա­րուեստ բառ մը- «զար­դա­քան­դակ»։ Պատ­մութեան չափ հին են հայ­կա­կան զար­դա­քան­դակնե­րը, ար­տա­յայ­տուած՝ «վի­շապա­քար» կո­չուած քա­րակո­թող­նե­րու մի­ջոցով։ Հե­թանո­սական շրջա­նի զար­դա­քան­դա­կի եզա­կի նմոյշ է Գառ­նիի տա­ճարը։ Իսկ քրիս­տո­նէու­թեան հետ խաչ­քա­րերու կեր­պա­րով կրկին մարմնա­ցում գտաւ «զար­դա­քան­դակ» բա­ռը։ Տես­նե­լու հա­մար, թէ ան ի՛նչ ներշնչում տուաւ քան­դա­կագործ հայ ճար­տա­րապե­տին, հա­ճեցէք ճամ­բորդել Նո­րավանք, կանք առ­նել Ս. Ստե­փանոս եկե­ղեց­ւոյ գա­ւիթին առ­ջեւ, վերցնել ձեր աչ­քե­րը ճա­կատա­կալ քա­րերուն ու դի­տել Տի­րամօր, Հայր Աս­տուծոյ, Ադա­մի եւ Քրիս­տո­սի զար­դա­քան­դակնե­րը, ինչպէս նաեւ գի­րերուն միահիւ­սուած տե­րեւ­նե­րու, խա­ղողի որ­թե­րու եւ ծա­ղիկ­նե­րու «զար­դա­նախ­շե­րը»։

Քրիս­տի­նան կը մօ­տենայ «վա­նահօր», ձեռ­քը կը դնէ անոր ու­սին.

- Իմ կեան­քիս գորշ երկնքին՝ դուն ես եղեր լոյ­սի աստղը. Առանց այդ լոյ­սին, այդ մխի­թարու­թեան, ես չեմ գի­տեր՝ ին­չո՛ւ պի­տի ապ­րէի…

- Հե­րի՛ք, հե­րիք է…

Մինչ տա­ղան­դա­ւոր վար­դա­պետ­նե­րը կը բա­րեզար­դէին մեր քա­րէ եր­կի­րը, գրիչ­նե­րը մա­գաղա­թի վրայ կը ստեղ­ծէին լու­սանցա­զար­դեր։ Մեր ժա­մագիր­քե­րը, մաշ­տոցնե­րը եւ ճա­շոց­նե­րը զար­դա­րուած են ճոխ բու­սա­զար­դե­րով եւ կեն­դա­նազար­դե­րով։ Իսկ յոգ­նա­ջան տպագ­րիչնե­րու շնոր­հիւ «զարդ» բա­ռը վա­յել­չօ­րէն գրա­շարուեցաւ գիր­քե­րու վրայ, ինչպէս՝ «Առ ձեռն աշ­խարհագ­րութիւն։ Շատ պատ­կերնե­րով զար­դա­րուած», «Պատ­մութիւն արե­ւելեան պա­տերազ­մին։ Զար­դա­րեալ այ­լե­ւայլ պատ­կե­րօք», «Կեն­դա­նաբա­նու­թիւն։ Զար­դա­րեալ 400 պատ­կե­րօք», «Նոր հան­քա­բանու­թիւն։ Զար­դա­րեալ 131 պատ­կե­րով»։ Ան­շուշտ պի­տի յի­շենք Զար­դա­րեան­նե­րու մէկ հրա­տարա­կու­թիւնը. «Ըն­դարձակ գրա­ցանկ Պի­մէն Զար­դա­րեան գրա­տան», զար­դա­րուած Գէորգ, Վա­հան եւ Պի­մէն Զար­դա­րեանի լուսանկարներով։

- Ի՞նչ կ՚ուզես, կի՛ն, ի՞նչ կ՚ուզես դուն ինձմէ։ Ամբողջ կեանքիս կէսը տառապանք տուիր ինծի, տառապանք ու դառնութիւն...

Վանահայրը արագ դուրս կ՚ելլէ, առանց իշխանուհիին նայելու։ Իսկ Քրիստինան թուլցած՝ կ՚իյնայ աթոռին վրայ.

- Յովհաննէ՛ս, Յովհաննէ՛ս, հայր-սուրբ։

Խաղը կ՚աւարտի։ Կը խոնարհին ու հրաժեշտ կու տան պատանի դերակատարները։ Հրաժեշտ տալ կը պատրաստուի նաեւ արեգակը։ Անոր պայծառութեան փոխարէն «երկնի զարդերը» պիտի լուսաւորեն մեր բեմը եւ անոր զարդարանքները։ Իսկ «զարդ» բառը, կ՚երեւի մշտավառ է ան, պիտի շարունակէ զարդարել հայոց լեզուն եւ բնաշխարհը։