Պէքճեան այցելեց Ֆեներ

Պատրիարքական Տեղապահ Գա­րեգին արք. Պէք­ճեան այ­ցե­լեց Բար­թո­ղիմէոս Ա. Տիեզե­րական Պատ­րիար­քին։ Տե­ղապահ հօր կ՚ըն­կե­րանա­յին Կրօ­նական Ժո­ղովի ատե­նապետ Սա­հակ եպսկ. Մա­շալեան, Յա­րու­թիւն աբղ. Տա­մատեան եւ Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մատեան։ Յոյն ուղղա­փառաց պատ­րիար­քը յայտնեց իր գո­հու­նա­կու­թիւնը Գա­րեգին արք. Պէք­ճեանի այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ եւ իրեն յա­ջողու­թիւն մաղ­թեց տե­ղապա­հի պար­տա­կանու­թեան ըն­թացքին։ Պատ­րիար­քը անդրա­դար­ձաւ Մես­րոպ Բ. պատ­րիար­քի հետ ու­նե­ցած իր մտեր­միկ յա­րաբե­րու­թեան ու նշեց թէ անոր հի­ւան­դութիւ­նը խոր տխրու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ իրեն եւ ան եր­բեմն Ս. Փրկիչ հի­ւան­դա­նոց այ­ցե­լելով կ՚աղօ­թէ անոր սնա­րին։ Հան­դիպման աւար­տին Բար­թո­ղիմէոս Ա. պա­նակէ մը նուիրեց տե­ղապահ հօր։ Բարձրաս­տի­ճան հո­գեւո­րական­ները ապա աղօթեցին նաեւ Ս. Գէորգ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ