Թուրքիոյ օդային գիծերը կը ձեռնակէ դէպի Հայաստան թռիչքներու

Թուրքիոյ օդային գիծերու ընկերութեան վարչութեան պետ Իլքէր Այճը 24 Նոյեմբերին «Անատոլու աժանս» ընկերութեան հաղորդումի ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ յառաջիկայ շրջանին ծրագիրներու մասին։ Այճը յայտնեց, թէ այս տարի նպատակադրած են 69 միլիոն ուղեւորներ փոխադրելու։ «Իսթանպուլի երրորդ օդակայանի բացումով յաղթահարած պիտի ըլլանք տարողութեան խնդիրները եւ դիւրաւ պիտի հասնինք տարեկան հարիւր միլիոն ուղեւորներ փոխադրելու սահմանին։ Յառաջիկայ շրջանին Յորդանանին մէջ Ագապէ, Ռուսական դաշնութեան մէջ Քրասնոտար եւ Սիէրա Լէոնէի մէջ դէպի Ֆրի Թաուն թռիչքներ պիտի կատարուի»։ Այճը այս ցանկին աւելցուց նաեւ դէպի Հայաստան թռիչքները։ Ինտոնեցիոյ արձակուրդի վայր Պալի-Տեն Փասար եւս նախատեսուած ուղեգիծերուն մէջ է։ Ընկերութիւնը այժմ դէպի Ափրիկէի 51 քաղաքներ կը թռչի եւ աշխատութիւններ կը կատարուի այդ թիւը 55-ի բարձրացնելու համար։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ