«Խաղաղութեան երաշխիքը Երուսաղէմին բոլորին պատկանիլն է»

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

ԱՄՆ նախա­գահ Թրամ­­բի Իս­­րա­­­յէլի մօտ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու դես­­պա­­­նատու­­նը Երու­­սա­­­ղէմ փո­­խադ­­րե­­­լու մա­­սին որո­­շու­­մը բո­­ղոքի մեծ ալիք ստեղ­­ծեց հա­­մայն աշ­­խարհի տա­­րած­­քին։ Այս որո­­շու­­մի պատ­­մա­­­կան խոր­­քին մէջ կայ եր­­կու կա­­րեւոր երե­­ւոյթ ըստ առա­­ջինին Իս­­րա­­­յէլի Երու­­սա­­­ղէմը մայ­­րա­­­քաղաք հռչա­­կելու ցան­­կութիւ­­նը բա­­ւական հին է եւ սա­­կայն մին­­չեւ օրս ար­­ձա­­­գանգ չէ գտած որե­­ւէ եր­­կի­­­րէ, քա­­նի որ ՄԱԿ առա­­ջին օրէն իսկ մեր­­ժած էր այդ որո­­շու­­մը պատ­­ճա­­­ռաբա­­նելով, թէ նման զար­­գա­­­ցում մը պի­­տի սպառ­­նայ տա­­րածաշրջա­­նի ար­­դէն բա­­ւական խար­­խուլ հա­­ւասա­­րակշռու­­թիւննե­­րուն։ Սա­­կայն Միացեալ Նա­­հանգներ կը սի­­րէ պա­­հան­­ջեալ հար­­կին ան­­տե­­­սել մի­­ջազ­­գա­­­յին բո­­լոր զգա­­յնու­­թիւննե­­րը եւ գոր­­ծել ինքնա­­կամ։ Այս դէպքն ալ տուաւ նոյն ար­­դիւնքը եւ իս­­կոյն բոր­­բո­­­քեցան բո­­լոր կիր­­քե­­­րը։ Նա­­խագահ Թրամբ ան­­գամ մը եւս յան­­կարծա­­կիի բե­­րաւ ամ­­բողջ աշ­­խարհը իր այս ան­­հե­­­թեթ որո­­շու­­մով։ Ան­­շուշտ որ այս աս­­տի­­­ճանի ծանր հե­­տեւանքներ պա­­րու­­նա­­­կող խնդիր­­նե­­­րը կա­­րելի չէ այս կամ այն նա­­խագա­­հի ինքն իր գլխէն հնա­­րած ըլ­­լա­­­լու վար­­կա­­­ծին։ Վեր­­ջա­­­պէս Միացեալ Նա­­հանգներ հա­­շիւ­­ներ ու­­նի Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի վրայ եւ այս բո­­լորը կա­­րելի է վե­­րագ­­րել այդ տե­­սակի հա­­շիւ­­նե­­­րուն այս կամ այն հանգրուանին գոր­­ծադրու­­թեան հետ։

Որո­­շու­­մէն ար­­դէն քա­­նի մը օր ետք լրա­­տու գոր­­ծա­­­կալու­­թիւններ սկսած են ամե­­նօրեայ հեր­­թա­­­կանու­­թեամբ փո­­խան­­ցել զո­­հուած­­նե­­­րու թի­­ւերը։ Ցա­­ւալի է, որ մար­­դիկ ան­­գամ մը եւս վե­­րածուած են թուան­­շաննե­­րու եւ լրա­­տու գոր­­ծա­­­կալու­­թիւննե­­րը կը խօ­­սին միայն ու միայն զո­­հերու քա­­նակին մա­­սին, առանց նկա­­տի ու­­նե­­­նալու, թէ իրենց իբ­­րեւ թուան­­շան հա­­ղոր­­դածնե­­րը մար­­դիկ են։ Որ­­դի­­­ներ, ամու­­սիններ, եղ­­բայրներ կամ քոյ­­րեր։ Բայց մարդկա­­յին այ­­լա­­­սերու­­մը ճիշդ ալ նման առիթ­­նե­­­րով է, որ կը յայտնուի եւ կը մեր­­ժէ բո­­լոր այս հաս­­կա­­­ցողու­­թիւննե­­րը մեռ­­նողնե­­րը դա­­սելով մե­­րոնք ու մե­­կալոն­­քի ան­­մարդկա­­յին աս­­տի­­­ճանա­­կար­­գին մէջ։

Սա­­կայն մարդկու­­թիւնը ար­­դէն տա­­րինե­­րու փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնով դառն ճա­­շակած է այս սար­­սա­­­փը եւ համ­­բե­­­րու­­թիւն չու­­նի նոյն վայ­­րա­­­գու­­թիւնը կրկին ու կրկին ճա­­շակե­­լու։ Այդ է պատ­­ճա­­­ռը, որ կա­­տարուածին դէմ ընդվզումն ալ աշ­­խարհաս­­փիւռ դար­­ձած է եւ աշ­­խարհի վրայ Եւ­­րո­­­պայէն մին­­չեւ Հա­­րաւա­­յին Ամե­­րիկա կամ Ասիա ամէն կող­­մէ կա­­րելի է լսել բո­­ղոքի ալիք­­ներ ընդդէմ Թրամ­­բի եւ Իս­­րա­­­յէլի յար­­ձա­­­կողա­­կան քա­­ղաքա­­կանու­­թեան։

Այդ կար­­գին Հռո­­մի Փրան­­կիսկոս Պապն ալ մե­­ղադ­­րած է կա­­տարուածը եւ պա­­հան­­ջած է ուշքի գալ խու­­սա­­­փելու հա­­մար նոր բա­­խումնե­­րէ, որոնք միայն ու միայն նոր յու­­զումներ պի­­տի յա­­ռաջաց­­նեն բո­­լորի հա­­մար։

Քա­­նի որ նիւ­­թը կը վե­­րաբե­­րի Երու­­սա­­­ղէմի, քա­­ղաքի բո­­լոր դա­­ւանանքնե­­րը նոյնպէս կը կի­­սեն նոյն մտա­­հոգու­­թիւնը եւ կոչ կ՚ընեն ԱՄՆ նա­­խագա­­հին Երու­­սա­­­ղէմի կրօ­­նական ան­­ձեռնմխե­­լիու­­թիւնը յար­­գե­­­լի առու­­մով։ Հռո­­մի Պա­­պի այս մա­­սին ըրած յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րու կող­­քին Երու­­սա­­­ղէմի քրիս­­տո­­­նեայ եկե­­ղեցի­­ներու պե­­տերն ալ նոյն բնոյ­­թով յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ ըրած եւ մե­­ղադ­­րած են նա­­խագահ Թրամ­­բի վա­­րած խառ­­նա­­­կիչ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը։ Անոնք իրենց կա­­տարած յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն մէջ եւս շեշ­­տած են սուրբ քա­­ղաքի հա­­մերաշ­­խութեան անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը։ Յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը հան­­դէս եկած է նաեւ Մեծի Տանն Կի­­լիկիոյ Արամ Ա. Կա­­թողի­­կոսը։ Կա­­թողի­­կոսի հրա­­տարա­­կած գրու­­թեան մէջ նշուած է, որ որո­­շու­­մը կը սպառ­­նայ գերզգա­­յուն հա­­ւասա­­րակշռու­­թիւննե­­րուն։ Արամ Ա. Սրբա­­զան Լի­­բանա­­նի նա­­խագահ Մի­­շէլ Աու­­նի տուած այ­­ցե­­­լու­­թեան ժա­­մանակ եւս անդրա­­դար­­ձած է Երու­­սա­­­ղէմի իրա­­վիճա­­կին եւ պա­­հան­­ջած է, որ յար­­գանք ցու­­ցա­­­բերուի պա­­ղես­­տինցի­­ներու օրի­­նական իրա­­ւունքնե­­րուն հան­­դէպ։ Երու­­սա­­­ղէմի քրիս­­տո­­­նեայ հա­­մայնքնե­­րը, որոնց կար­­գին է նաեւ Հայ առա­­քելա­­կան եւ Հայ կա­­թողի­­կէ եկե­­ղեցին միատեղ նա­­մակով մը դի­­մած են ԱՄՆ նա­­խագա­­հին։ Հո­­գեւոր պե­­տերու նա­­մակին մէջ գրուած է հե­­տեւեալը՝ «եթէ Երու­­սա­­­ղէմը բո­­լորիս չպատ­­կա­­­նի խա­­ղաղու­­թիւն կեր­­տե­­­լը ան­­կա­­­րելի կը դառ­­նայ»։ Երու­­սա­­­ղէմի պատ­­րիար­­քա­­­րանի մամ­­լոյ բան­­բեր Տէր Կո­­րիւն Պաղ­­տա­­­սարեան «Թերթ.ամ»ին տուած յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ կը յայտնէ տի­­րող մտա­­հոգու­­թեան մա­­սին։

Երբ եկե­­ղեցա­­կան գետ­­նի վրայ այս զար­­գա­­­ցումնե­­րը կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րուին, ան­­դին մի­­ջազ­­գա­­­յին քա­­ղաքա­­կան դաշ­­տը եւս ալե­­կոծուած է այս նոյն խնդրին շուրջ։ Հա­­մաշ­­խարհա­­յին ընդվզու­­մի պա­­րագ­­լուխը ըլ­­լալ կը հա­­մար Թուրքիոյ նա­­խագահ Ռե­­ճեփ Թայ­­յիպ Էր­­տո­­­ղան։ Ան բա­­ւական խիստ եւ սպառ­­նա­­­կան ելոյթնե­­րով կը մե­­ղադ­­րէ Իս­­րա­­­յէլը եւ կը խօ­­սի հա­­ւանա­­կան պատ­­ժա­­­միջոց­­նե­­­րու մա­­սին։ Սա­­կայն Թուրքիոյ նա­­խագա­­հի այս բոր­­բո­­­քած ոճը վեր­­լուծա­­բան­­ներ կը նմա­­նեց­­նեն Թրամ­­բի որո­­շու­­մին, նշե­­լով որ եր­­կուքն ալ կը ձգտին ներ­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թեան մէջ իրենց մատ­­նուած դժուարու­­թիւննե­­րը յաղ­­թա­­­հարել օրա­­կար­­գը դէ­­պի մի­­ջազ­­գա­­­յին քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն շե­­ղելով։ Փո­­խադար­­ձա­­­բար Իս­­րա­­­յէլէ ալ կը հնչեն հա­­կաէր­­տո­­­ղանեան ելոյթներ, որոնք եւս կը սպառ­­նան եր­­կու եր­­կիրնե­­րու դի­­ւանա­­գիտա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն։ Այժմ Իս­­րա­­­յէլի մէջ մա­­նաւանդ ընդդի­­մադիր շրջա­­նակ­­ներ կը փոր­­ձեն օրա­­կար­­գի բե­­րել Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան խնդի­­րը, ինչ որ Թուրքիոյ հա­­մար ան­­հանդուրժե­­լի դաշտ մըն է։ Ան­­շուշտ, որ խնդրին պա­­տահա­­կան բո­­լոր հա­­կաթուրք հո­­սանքնե­­րու ժա­­մանակ վեր­­յի­­­շուիլ եւ որ­­պէս սպառ­­նա­­­կան խա­­ղաքարտ մը սե­­ղան մտնե­­լը վի­­րաւո­­րական է նաեւ հայ ժո­­ղովուրդի հա­­մար։ Իս­­րա­­­յէլի խորհրդա­­րանի ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րէն Եշ Աթի­­թի ղե­­կավար նախ­­կին ելմտա­­կան նա­­խարար Եաիր Լա­­բիտ բա­­ցի Հայ­­կա­­­կան ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը ճա­­նաչե­­լու սպառ­­նա­­­լիքէն խօ­­սած է նաեւ ան­­կախ քրտա­­կան պե­­տու­­թեան մը հիմ­­նարկու­­թեան զօ­­րակ­­ցե­­­լու մա­­սին։ Ան նաեւ առա­­ջար­­կեց չե­­ղեալ հա­­մարել Իս­­րա­­­յէլէն դէ­­պի Թուրքիա բնա­­կան կազ ար­­տադրող կա­­զամու­­ղի մը կա­­ռուցման գա­­ղափա­­րը։

Եաիր Լա­­բիտի այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն ար­­ձա­­­գան­­գող «Տը թայմս օֆ Իս­­րա­­­յէլ» թեր­­թը կը նշէ, թէ Իս­­րա­­­յէլ մին­­չեւ օրս թուրքե­­րու բար­­կութեան տե­­ղի չտա­­լու մտա­­հոգու­­թեամբ խու­­սա­­­փած է Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան խնդրին որե­­ւէ ձե­­ւով մի­­ջամուխ ըլ­­լա­­­լէ։

Ար­­դէն բազ­­մա­­­կող­­մա­­­նի լա­­րուա­­ծու­­թիւննե­­րու թա­­տերա­­բեմ հան­­դի­­­սացող Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի մէջ հա­­ւանա­­կան բա­­խումնե­­րու նե­­րուժ ու­­նե­­­ցող նիւ­­թի մը բոր­­բո­­­քու­­մը ան­­շուշտ, որ մտա­­հոգիչ է բո­­լորին հա­­մար։ Մա­­նաւանդ այն պա­­հուն, երբ ԱՄՆ եւ Դաշ­­նակցա­­յին Ռու­­սիոյ նման գեր­­տէ­­­րու­­թիւններ կ՚ու­­զեն իրենց ազ­­դե­­­ցու­­թեան դաշ­­տը ընդլայ­­նել այս յոգ­­նա­­­տանջ հո­­ղերու վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ