ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՓՈՇԻ

Բառ մը, զոր բոլորս անտեսեցինք (ներառեալ՝ Կոմիտաս վարդապետը)

Պէտք է որ խոստովանինք։ Փոշիի չափ ար­ժէք չտուինք «փո­շի» բա­ռին։ Տան­տիկննե­րէն մին­չեւ լե­զուա­բան­ներ՝ փոր­ձե­ցինք զերծ մնալ ան­կէ։ Սա­կայն, եղան բա­ցառու­թիւններ եւ «փո­շի»ն փայ­լե­ցաւ, ինքզինք կա­րեւո­րուած զգաց, տեղ գտաւ ըն­տիր գրա­կանու­թեան, նոյ­նիսկ ջեր­մե­ռանդ աղօթքնե­րու մէջ։ Այ­սօր մեր խո­շորա­ցոյ­ցը կը մօ­տեց­նենք «փո­շի»ին ու կը տես­նենք, թէ անար­դա­րօրէն ար­ժեզրկուած է ան, հա­կառակ անոր, որ ու­նե­ցեր է գնա­հատե­լի յատ­կութիւններ։

Ծա­գու­մը ան­յայտ է։ Ստու­գա­բան­ներ փոր­ձած են զայն մեկ­նա­բանել «փշուր» եւ «փշրել» բա­ռերու հետ, որոնք իրենց կար­գին, ըստ Հ. Աճա­ռեանի՝ կով­կա­սեան կամ խալ­դեան փո­խառու­թիւններ են։ Սա­կայն, այս փոքր բա­ռը, որ չու­նէր բա­ռարա­նի մէջ «փ»ով սկսող իր հա­րեւան­նե­րուն՝ «փա­թիլ», «փրկիչ», «փունջ», «փե­տուր» կամ «փրփուր» բա­ռերուն փայլն ու փառ­քը, փոր­ձեց փաս­տել, թէ ի՛նքն ալ կրնայ դա­սուիլ անոնց կար­գին։ Ե. դա­րուն յա­ջողե­ցաւ գրա­ւոր հա­յերէն մտնել։ Աս­տուածա­շունչի մէջ 36 ան­գամ գոր­ծա­ծու­թիւն գտաւ, ինչպէս հե­տեւեալ խօս­քը, որ ուղղուած է Երու­սա­ղէմին. «Թօ­թափեա՛ զփո­շիդ, յոտն կաց եւ նիստ, Երու­սա­ղէմ»։ Նոյն դա­րաշրջա­նին գո­յու­թիւն ու­նէին «փո­շոտ», «փո­շոտիլ», «փո­շեջուր», «փո­շետե­սակ» եւ «փո­շիաձեւ» բա­ռերը, ինչպէս նաեւ՝ «ման­րա­մաղ փո­շի» ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Այ­նուհե­տեւ, «փո­շի»ն ոս­տում մը կա­տարեց ու իր շուրջ հա­ւաքեց նո­րանոր մաս­նիկներ եւ ար­մատներ ու շի­նեց պատ­կե­րալից բա­ռեր, ինչպէս՝ փո­շահող, փո­շեզ­գած, փո­շեգոյն, փո­շեզեր­ծել, փո­շեզրկել, փո­շեթաղ, փո­շեծածկ, փո­շեկո­տոր, փո­շեմրրիկ։ Բա­ռը նաեւ յա­ջողե­ցաւ յար­մա­րիլ մե­րօրեայ պա­հանջնե­րուն ու դար­ձաւ ժա­մանա­կակից գոր­ծիք. այ­սօր ամէն մաք­րա­սէր տի­կին ու­նի «փո­շեկուլ» մե­քենայ մը։ Ու­նե­ցանք նաեւ «փո­շի»ով վեր­ջա­ցող բա­ռեր. ած­խա­փոշի, ար­ծա­թափո­շի, դե­ղափո­շի, դի­մափո­շի, եր­կա­թափո­շի, ծաղ­կա­փոշի, կաթ­նա­փոշի, ձիւ­նա­փոշի, ման­րա­փոշի, մե­ղուա­փոշի, նրբա­փոշի, շա­քարա­փոշի, ոսկրա­փոշի, սերմնա­փոշի, վար­դա­փոշի, տե­րեւա­փոշի։ «Փո­շի»ին հա­մար կա­րեւոր էր նաեւ մեծ երե­ւիլ, ուստի վե­րածուեցաւ եր­կա­րաշունչ բա­ռի մը՝ «փո­շետե­սակու­թիւն»։ Երկրէն բարձրա­ցած աննշան «փո­շի»ն, օր մըն ալ հա­սաւ տիեզերք ու դար­ձաւ գի­տական բառ. «տիեզե­րափո­շի»։ Ան մե­զի տուաւ նաեւ ար­տա­յայ­տութիւններ եւ առած­ներ. փո­շի շա­քարի, փո­շի իւ­ղե­փեցաց, փո­շի հե­րաց, ամպ փոշ­ւոյ, փո­շի հրա­ցան, ի փո­շի դար­ձուցա­նել, լնուլ փոշ­ւով, ի փո­շի դառ­նալ, ընդ փո­շի թա­ւալիլ, թօ­թափել զփո­շի։

19-րդ դա­րէն սկսեալ բա­ռը սկսաւ գրա­ւել բա­նաս­տեղծնե­րու ու­շադրու­թիւնը ու հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան պար­գե­ւեց քնա­րական բա­նատո­ղեր. «Մայ­րե­նի լե­զու, բար­բառ սի­րական, արի, բարձրա­ցիր հնու­թեան փո­շուց», Ս. Նա­զարեան, «Ո՜վ մե­ծաս­քանչ դու լե­զու... Թո­թուէ փո­շիդ, խոր մու­թէն», Ն. Մեզ­պուրեան, «Ո՜հ փո­շոտ է ճա­նապարհդ», Մ. Նալ­բանդեան, «Քնքոյշ լուսնի շու­շան-փո­շին», Աւ. Իսա­հակեան, «Դուն ան­վախճա՜ն փո­շիացեալ», Սիաման­թօ, «Արե­գակին ոս­կի ճա­ճանչ լոյս փո­շի մը կը ցա­նէ», Հե­րանոյշ Ար­շա­կեան, «Յոյ­սի վեր­ջին բե­կորն էլ փո­շիացաւ Վա­սակի սրտում», Նաիրի Զա­րեան, «Գի­շերա­յին քա­մին եր­բեմն-եր­բեմն շատ­րուանից ջրա­փոշի էր պո­կում», Ար­տա­շէս Քա­լան­թա­րեան, «Եւ երկրում, ինչպէս բարձրա­նայ փո­շի... Իմ ու­րուակա­նը պի­տի սա­ւառ­նի», Եղի­շէ Չա­րենց։ Չա­րեն­ցի հա­մար փո­շին նաեւ կը նշա­նակէր «հնու­թեան մնա­ցորդ». «Սին տեն­չե­րի փո­շին մեր խո­հերից քե­րենք»։ Իսկ օր մը Մի­սաք Մե­ծարեն­ցը ի՛նքը ու­զեց փո­շի դառ­նալ. «Կաթ­նա­ծաղիկ ու կապ­տե­րակ գի­շերին մէջ, մե­ղեսի­կի փո­շի մշուշն ըլ­լամ սփիւռ»։ Մե­ծարեն­ցը նաեւ բա­նաս­տեղծու­թիւն մը նուիրեց Ռու­բէն Զար­դա­րեանին ու զայն անուանեց՝ «Փո­շին»։ «Փո­շի» բա­ռէն, ըստ երե­ւոյ­թին Դա­նիէլ Վա­րու­ժանն է, որ մեծ ներշնչում գտած է. «Գլուխն իրենց, զոր կ՚հա­կեն առ­ջե­ւը սուրբ խո­րանին, պսա­կուած է միշտ ոս­կի փո­շինե­րովը յար­դին», «կը ջրվէ­ժին ժանտ թոյ­նե­րու փո­շիներ», «Փրփրուն փո­շի մ՛հա­մօրէն կու գայ մեզ», «Թա­ղուե­ցաւ իր ար­շա­ւին ամպրո­պին մէջ փո­շեծով»։ Վա­րու­ժա­նը փո­շի բա­ռին տուաւ նաեւ «փլա­տակ, աւե­րակ» իմաս­տը. «Խօսք մ՛որ ստեղ­ծէ, ներ­դաշնա­կէ, պոռթկա­լով փո­շինե­րէն Անիի»։ Սա­կայն, «Կար­միր հո­ղը» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջն է, որ Վա­րու­ժա­նը բա­ռը բարձրա­ցուց պա­տուոյ պա­տուան­դան։ Նախ տուաւ գրա­կան եր­կու պատ­կեր. «Յաղ­թութեան տաք փո­շի» եւ «Փո­շիներ... հրա­բորբ»։ Ապա հայ ըն­թերցո­ղին նկա­տել տուաւ, թէ հայ­րե­նի հո­ղին մէջ «Հիւ­լէ մը կայ Հայ­կէն, փո­շի մ՛Արա­մէն»։ Այս բա­ռով ստեղ­ծուեցան վե­րացա­կան պատ­կերներ, ինչպէս Անդրա­նիկ Յա­րու­թիւնեանի հե­տեւեալ քա­ռեակը.

«Կ՚ու­զէի մայրս գար ճեր­մակ շո­րերով,

Իր ան­դե­նական ճամ­բա­բաժա­նից,

Եւ օրհնու­թիւնն իր աստղա­փոշու պէս

Հան­դարտիկ մա­ղէր մեր հարսնա­ծէսին»։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, միջ­նա­դարը այն ժա­մանա­կաշրջանն էր, երբ մա­տենա­գիր գրիչ­ներ եւ սուրբեր, ծա­ռայա­սէր խո­նար­հութեամբ յօ­ժարե­ցան նուազիլ որ­պէս «փո­շի». «Ամ­բարտա­ւանե­ցայ փո­շիս շնչա­ւոր», Գրի­գոր Նա­րեկա­ցի, «Ամե­նեցուն ոտից հող եմ եւ փո­շի», Գրի­գոր Տա­թեւա­ցի, «Ձեր ոտիցդ հող եւ փո­շի», Զա­քարիա Երզնկա­ցի, «Որդն եմ եւ փո­շի եւ հող ան­պի­տան», Նա­հապետ Քու­չակ։ Իսկ Վա­հան Թէ­քէեանի «Փո­շի ազգ» հնչեակին մէջ ամ­բողջ ազգ մը՝ հա­յու­թիւնը դար­ձաւ փո­շի. «Այդքան պզտիկ պզտիկ­ցած... Դի­զուէ, փո­շին լոկ այդպէս պի­տի նո­րէն քար ըլ­լայ...»։

Եղան լաւ օրեր եւ «փո­շի»ն դար­ձաւ խա­ղիկ-երգ. «Աւ­լեմ-թա­փեմ փո­շին, ել­նեմ կայ­նեմ շո­շին»։ Ան նաեւ դար­ձաւ ճաշ՝ «փո­շեջուր», որուն հա­մար «Բառ­գիրք արուես­տից եւ գի­տու­թեանց եւ գե­ղեցիկ դպրու­թեանց» աշ­խա­տասի­րու­թիւնը կու տայ հե­տեւեալ բա­ցատ­րութիւ­նը. «ալիւր գար­ւոյ ի ջուր խառ­նեալ»։ Զէյ­թունի այս հա­մեստ ու­տե­լիքը հա­յու­հի­ներ կը պատ­րաստէին Դեկ­տեմբեր 31-ի գի­շերը։

Իսկ Կո­միտաս վար­դա­պետը... Ան բա­ցար­ձա­կապէս չէր սի­րեր փո­շին։ Փա՞ստը։ Հրա­չեայ Աճա­ռեանի «Յու­շեր Կո­միտա­սի մա­սին» յօ­դուա­ծը.. «Կո­միտաս բծախնդիր էր մաք­րութեան։ Անոր թխո­րակ դէմ­քը, սեփ-սեւ մա­զերը մաք­րութեան մէջ միշտ կը փայ­լէին։ Մեծ խնամք կը տա­նէր իր հա­գուստնե­րուն մաք­րութեանը։ Եր­կար ժա­մեր ճամ­բորդե­լէ վերջ, երբ կը վե­րադառ­նա­յինք փո­շեթա­թախ վի­ճակով, ան մին­չեւ բո­լորո­վին չմաք­րուէր՝ չէր կրնար ճա­շել, նոյ­նիսկ ամե­նաքաղ­ցած վի­ճակին մէջ»։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, այ­սօր «փո­շի» բա­ռը պե­ղեցինք պատ­մութեան փո­շինե­րէն։ Այժմ անոր հրա­ժեշտ կու տանք ընտիր բառով մը, որ փայլ տուաւ Գ. Էմինի «Գազել Երեւանին» բանաստեղծութեան՝ «ոսկեփոշի».

Ես սիրո՜ւմ եմ քեզ, Երեւա՛ն,

Եւ չգիտե՜մ ինչի համար.

Ոսկեփոշի՜ն քո մայթերի-

Եւ չգիտեմ ինչի՛ համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ