Բացուած է Փանտորայի տուփը

Քաղաքացիներու գրանցման սենեակը անսպասելի որոշումով մը հասարակութեան շահագործման բացաւ ընտանիքներու անձնագիրները, որ մինչեւ մօտ անցեալ գաղտնապահութեան ենթարկուած էր։ Այդ ծառայութեան գործել սկսելէն այս կողմ բազմաթիւ քաղաքացիներ դիմած են յստակեցնելու համար իրենց տոհմածառը։ Շատեր դէմ հանդիման մնացած են իրենց իսկ զարմանք պատճառող նոր յայտնութիւններով։ Ծառայութեան մեկնարկած առաջին օրերուն կայքէջը չէր կրցած դիմագրաւել կատարուած դիմումները եւ քանի մը ժամուայ ընթացքին կքած էր այդ ծանր բեռան դիմաց։ Սակայն շուտով ուժեղացաւ կայքէջի տարողութիւնը եւ հիմա սովորական ընթացքի մը մէջ քաղաքացիներ դիմելով կը յաջողին իմանալ իրենց ընտանիքի վերաբերեալ ցարդ անծանօթ տեղեկութիւններ։

Նկատի ունենալով, որ երկրի մէջ արհեստականօրէն կառուցուել փորձուած է ազգային միասնութիւն մը, այս տուեալները ահա կը սպառնան այդ կարծեցեալ միասնութեան։

Նոր յայտնութիւններու բնական հետեւանքը եղաւ դէպի «Ակօս» կատարուած անհամար դիմումները, ուր մարդիկ կ՚ուզէին մեր միջոցաւ հասնիլ աւելի ստոյք տեղեկութիւններու։ Շատ անգամ աղաւաղուած ազգանունները կը հարցնէին մեզ՝ յուսալով, թէ մեր փոխանցած տեղեկութիւններով պիտի կրնան ստուգել, թէ այս կամ այն անունը հայերէն է, թէ ոչ։ Նոյնն էր խնդիրը տեղանուններու օրինակին մէջ, մարդիկ այս անգամ ալ կը հարցնէին, թէ տուեալ վայրի բնակիչները ո՞ր ազգին կը պատկանին։

Մեզի համար ալ խիստ ուշագրաւ օրինակներ կը յայտնուէին այս որոնման աշխատութեան մէջ։ Դիտողներէն մէկը կը պատմէր. «Քանի մը տարի առաջ բարեկամի մը յանձնարարութեամբ ընթերցած էի Զապէլ Եսայեանի՝ Աւերակներու Մէջ անուն գիրքը։ Հոն կը կարդայի հօրս ծննդավայր՝ Օսմանիէի եւ մօրս ծննդավայր՝ Մարաշի մէջ պատահածներու մասին։ Այդ ընթերցումներով մտքիս մէջ գոյացած էր ծանր հարցում մը։ Արդեօք մերոնք ի՞նչ ըրած էին այդ դէպքերու ժամանակ։ Արդեօք իրենց հարեւանները պաշտպանեցին, թէ ո՞չ...։ Թէ ոչը երեւակայել իսկ անհնար է։ Ու վերջապէս օր մը մօրս հարցուցի –Մեր ընտանիքի մէջ որբ մը եղած է բնաւ։ Մայրս կտրուկ պատասխանեց «ո՛չ» ըսելով։ Համոզիչ չէր թուացած այդ «ո՛չ»ը։ Պնդեցի, բայց անդրդուելի մնաց։ Հայրս ալ նոյն բանը ըսաւ՝ «ո՛չ»։ Մինչդեռ իմ ընտանիքը երկու կողմէն ալ այս դէպքերու ճիշդ կեդրոնը գտնուած են»։

Թուրքիա անգամ մը եւս բացած կ՚երեւի Փանտորայի տուփի կափարիչը առանց գիտնալու, թէ տակաւին ինչեր կը թափին այդ տուփէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ