Ձեռքբերում մը, որ նոր լուծումներ կը խոստանայ

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ

 

Իսթան­պուլի պատ­մա­կան շի­նու­թիւննե­րէն է Սա­նասա­րեան Խա­նը, որ կա­ռու­ցուած է ազ­գա­յին բա­րերար Մկրտիչ Սա­նասա­րեանի կո­ղէ, Կար­նոյ նոյ­նա­նուն վար­ժա­րանի մա­տակա­րար­ման հա­մար։ Խա­նը հան­րա­պետու­թեան շրջա­նին բռնագ­րա­ւուած էր պե­տու­թեան կող­մէ։ Վեր­ջերս, երբ օրէնքնե­րու բա­րեփո­խու­մով կա­րելի եղաւ յափշտա­կուած կա­լուած­նե­րու վե­րատի­րանալ, պատ­րիար­քա­րանն ալ փոր­ձեց իրա­ւական գետ­նի վրայ Սա­նասա­րեան Խա­նին սե­փակա­նու­թիւնը ստա­նալու աշ­խա­տան­քին։ Այսպէս 2014-ին Իս­թանպուլի 13-րդ Հիմ­նա­կան-Իրա­ւական ատեանի մօտ դա­տական գոր­ծո­ղու­թիւն մեկ­նարկեց։ Դա­տարա­նը 3 Յու­լիս 2014-ին դա­տավա­րու­թիւնը մեր­ժեց իր իրա­ւասու­թեան սահ­մաննե­րէն դուրս մնա­լուն պատ­ճա­ռաւ։ Պատ­րիար­քա­րանը այս ան­գամ դի­մեց Վճռա­բեկ ատեանին։ Երբ այս գոր­ծընթա­ցը կը շա­րու­նա­կուէր Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէնու­թիւնը աճուրդ կազ­մա­կեր­պեց եւ շէն­քը վար­ձեց 20 տա­րի ժամ­կէ­տով։

Վճռա­բեկ ատեանի առա­ջին իրա­ւական բա­ժինը 13 Դեկ­տեմբեր 2017-ին յայ­տա­րարեց իր վճռի պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը։ Մեր­ժեց դա­տը չըն­դունե­լու որո­շու­մը եւ հաս­տա­տեց, որ Սա­նասա­րեան Խա­նի բռնագ­րաւման գոր­ծընթա­ցը ապօ­րէն է։ Աւե­լի կա­րեւո­րը Վճռա­բեկ ատեանը կրկին հաս­տա­տեց Սա­նասա­րեան հիմ­նադրա­մի իրա­ւական հան­գա­ման­քին առ­կա­յու­թիւնը։ Այսպէ­սով վե­րակեն­դա­նացած եղաւ Սա­նասա­րեան հիմ­նադրա­մը։ Վճի­ռին մէջ կը կար­դանք հե­տեւեալ տո­ղերը «խնդրոյ առար­կայ կա­լուա­ծը 24 Մա­յիս 1929 թուակա­նին պաշ­տօ­նապէս գրան­ցուած է Սա­նասա­րեան հիմ­նադրամ անու­նով։ Հիմ­նադրա­մի հիմ­նա­դիրն է հայ ազ­գէն Աղա Մկրտիչ Սա­նասա­րեան։ Հիմ­նարկի նպա­տակը ճշդուած է հայ ազ­գի աղ­քատ երա­խանե­րու ուսման եւ կրթու­թեան կա­րիք­նե­րը հո­գալու ձե­ւով։ Այժմ իրա­ւունք պա­հան­ջող հիմ­նադրա­մը քա­ղաքակրթա­կան օրէն­քի ըն­դունուելէն առաջ հիմ­նուած է եւ ու­նե­ցած է իրա­ւական մարմնի հան­գա­մանք։ Ան այս առու­մով պէտք է հա­մարուի հա­մայնքա­յին հիմ­նադրամ»։

2008 թուակա­նին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու պատ­կա­նող հիմ­նարկնե­րու հա­մար նոր կար­գադրու­թիւններ կա­տարուած էին։ Վճռա­բեկ ատեանը կը յի­շեց­նէ, թէ այդ փո­փոխու­թիւննե­րը նոր իրա­ւունքներ շնոր­հած են այս հաս­տա­տու­թիւննե­րուն։ Այստեղ շատ ու­շագրաւ մի այլ երե­ւոյթ է այն, որ այս դա­տը բա­նալով պատ­րիար­քա­րանը ինքնա­բերա­բար վե­րատի­րացաւ օրի­նական մար­մին մը հա­մարուելու առի­թին։ Ինչպէս ծա­նօթ է ան­ցեալին պե­տու­թիւնը ընդմիշտ կը մեր­ժէր պատ­րիար­քա­րանը իրա­ւական մար­մին մը ըլ­լա­լով ըն­դունիլ։ Երե­ւոյթ մը, որ ընդմիշտ նոր դժուարու­թիւններ կը յա­րու­ցէր այս հաս­տա­տու­թեան դի­մաց։ Սոյն վճի­ռով այդ երե­ւոյթն ալ կը վե­րանայ, քա­նի որ պե­տու­թիւնը դա­տարան­նե­րու առ­ջեւ որ­պէս կողմ դի­տած է Հա­յոց պատ­րիար­քա­րանը։

Այս մա­սին պատ­րիար­քա­րանի իրա­ւապաշտպան Ալի Էլ­պէ­յօղ­լու դի­տել կու տայ, թէ հի­մա ակնկա­լուած է թղթած­րա­րի դար­ձեալ դա­տարան փո­խան­ցուիլն, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ կալուածաթուղթին վերատիրանալ։ Էլպէյօղլու նաեւ կը յայտնէ, թէ այս դատը օրինակ պիտի կրնայ հանդիսանալ բոլոր նման տարակարծութիւններուն եւ այդ իմաստով ալ շատ կարեւոր է գոյացած ձեռքբերումը։

Խանի պատմականը

Զանազան պատճառներով առանձնայատկութիւններ ունեցող կալուած մըն է Սանասարեան Խանը։ Ան նախ եւ առաջ կարեւոր է իր շինարարի անունով։ Արդարեւ այս կարեւոր շէնքի ճարտարապետն էր մեծանուն Յովսէփ Ազնաւուր, որ ծանօթ է այս քաղաքի մէջ իր կառուցած բազմաթիւ կոթողային շինութիւններով։ 1895-ին աւարտած շէնքը Մկրտիչ Սանասարեան գնեց 1899-ին իր իսկ հիմնած Կարնոյ Սանասարեան վարժարանի կարիքները հոգալու նպատակաւ։ Հիմնադրամի կանոնագրութեան մէջ այս խանի եկամուտերուն շահագործումը վստահուած էր օրուայ պատրիարքին։ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն պետութեան կողմէ շահագործուած շէնքի վարչութիւնը 1920-ին վերադարձուեցաւ պատրիարքարանին։ Կալուածի եկամուտէն հիմնականօրէն կ՚օգտուէր Կեդրոնական վարժարանը, որ նաեւ իրաւական ժառանգորդը կը համարուէր Կարնոյ Սանասարեան վարժարանին։ Սակայն պետութիւնը 1928-ին անգամ մը եւս բռնագրաւեց շէնքը եւ այս որոշումին դէմ այդ ժամանակի պատրիարք Նարոյեան դատ բացաւ ազգին իրաւունքները պաշտպանելու համար։ Նարոյեան սրբազան թէեւ յաջողեցաւ այս առաջին դատավարութենէն յաջողութիւնով դուրս ելլել, բայց իշխանութիւնները կարծես որոշած էին վերջնականապէս կուլ տալ այս հայապահպան շէնքը։ Արդարեւ 1935-ին օրինական գայթակղութիւններով անգոյ համարուեցաւ նախ հիմնադրամը եւ անկէ ետք ալ Իսթանպուլի կուսակալութիւնը անգամ մը եւս դատ բանալով իրաւունք պահանջեց խանի սեփականութեան վրայ։

1944-ին խանը փոխանցուեցաւ Ապահովութեան տնօրէնութեան, որ այդ շրջանին նշանաւոր դարձաւ այդտեղ գործադրուած տանջանքներով։ Այդ ոստիկանատան մէջ տանջանքներու ենթարկուած անուններէն են՝ բանաստեղծ Նազըմ Հիքմեթ, Էճէ Այհան, երգիծաբան Ազիզ Նեսին, Թուրքիոյ կոմկուսի անդամներ բժիշկ Հայկ Աչըքկէօզ, Ժաք եւ Վարդան Իհմալեան եղբայրներ, Արամ Փեհլիվանեան, Գորշ գայլերու շարժումի հիմնադիր Ալփասլան Թիւրքեշ եւ դեռ բազմաթիւ անուններ։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ