Ակլատիզ – Պաս Պապիկը

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Մեծ Պա­սը ու­նի իր խորհրդա­ւոր պա­հապա­նը՝ պա­սը հսկող Պաս պա­պը, ով գա­լիս է վռնտե­լու բա­րեկեն­դա­նեան Ու­տիս տա­տին եւ վերջ տա­լու նրա ճոխ ու կուշտ խրախ­ճանքին։

Պաս պա­պը կու գար եւ լո­բաճա­շի շե­րեփով կը հա­րուա­ծէր Ու­տիս տա­տի գլխին, որով­հե­տեւ վեր­ջինս երե­խանե­րին իւ­ղա­լի ու մսե­ղէն կե­րակուրնե­րով կը կե­րակ­րէր եւ հո­գին տկա­րու­թեան մէջ կը պա­հէր։

«Տա­տը գնաց շե­րեփը ձե­ռին

Պա­պը եկաւ չոմ­բախն ու­սին»։

Պաս պա­պին կը ներ­կա­յաց­նեն տիկ­նի­կի տես­քով։ Նա ալե­հեր ծե­րու­նի է՝ եր­կու խա­չուած փայ­տե­րին աւե­լաց­րած ճեր­մակ բեղ մո­րու­սով, պար­զած թե­ւերէն կա­խուած քա­րերով, որոնք պի­տի ընկնէին պա­սը խախ­տողնե­րի գլխին, եւ միակ ոտ­քին կպած սո­խու­կով, որին կամ­րացնէին եօթ փե­տուրներ։ Որոշ վայ­րե­րում Պաս պա­պիկը պար­զա­պէս եր­դի­կէն կա­խուած եօթ փե­տու­րով սո­խու­կի տեսք ու­նէր։

«Ակ­լա­տիզ, չուանը վիզ,

Եկաւ մեզ հիւր՝ կա­խուաւ եր­դիս»։

Տիկ­նի­կը կը կա­խէին եր­դի­կէն եւ ամէն շա­բաթուայ վերջ կը հա­նէին մէ­կական փե­տուր։ Առա­ջին չորս փե­տու­րը սպի­տակ գոյ­նի էին՝ ի նշան ձմրան ճեր­մակ ձիան, մէ­կը՝ խա­տու­տիկ՝ ձնհա­լի պէս, եւ վեր­ջին եր­կուսը սեւ՝ ի նշան գար­նա­նային հո­ղի։ Այլ վայ­րե­րում, օրի­նակ Նոր Նա­խիջե­ւանում, փե­տուրնե­րէն տար­բեր գոյ­նի ժա­պաւէն­ներ կը կա­խէին, որոնք պա­սի իւ­րա­քան­չիւր շա­բաթը կը խորհրդան­շէին առա­ջին չոր­սը սեւ էին, Լու­սա­ւոր­չի­նը՝ սպի­տակ, Ծաղ­կա­զար­դի­նը՝ կա­նաչ, Զա­տիկի­նը՝ կար­միր։

Ամէն ան­գամ փե­տու­րը հա­նելիս մի բան կ՚եր­գէին, վեր­ջում յոգ­նած պի­տի ար­տա­սանէին։

«Յե­տին շա­բաթ քար­քա­շան

Ճժեր հա­լան ու մա­շան»։

Տար­բեր ազ­գա­գաւառ­նե­րում այլ կերպ կա­նուա­նէին Պաս պա­պին՝ Ակ­լա­տիզ, Ախա­լոճ, Ախը­լոճ, Ախ­լոճ, Ախը­լոջ, Ախա­ցել, Ախե­լուծ, Գո­գոռոզ, Խու­խուլիճ, Խու­լուճիկ, Մռմռաս, Մոռ­մո­ռոզ, Պա­պի պու­լուլ, Որոջ­պեկ, Ֆռիկ եւ այլն։

Մեծ պա­սի առա­ջին օրե­րին Ակ­լա­տիզի հետ կա­պուած թա­տերա­կանա­ցուած ներ­կա­յացումներ տե­ղի կ՚ու­նե­նային։ Մի պա­տանի կ՚ընտրէին իբր թէ նա Ախը­լոճն է։ Նրան կը հագցնէին թարս դարձրած քուրք ու գօ­տի կը կա­պէին, գօ­տուց՝ քա­նի մը զան­գակ, ձեռ­քին՝ դա­գանակ մը, դէմ­քը մրո­տած եւ առատ բեղ մո­րու­սով, գլխին՝ բարձր բրդեայ գլխարկ։ Ախը­լոճի գօ­տիէն մի չուան կը կա­պէին, եւ այդ չուանէն մի պա­տանի բռնած, իսկ նրանց ետե­ւէն քա­նի մը պա­տանի տղա­ներ հե­տեւե­լով՝ այդպէս կը շրջէին տնէ տուն։

Ամէն տուն մտնե­լիս տղա­ները պա­րեղա­նակ­ներ կ՚եր­գէին, որից այ­սօր յայտնի է եր­կու տող միայն։

«Օխ­տը շա­բաթը եկաւ,

Փո­րիս փառ­գա­լը պոզ­միշ եղաւ»։

Սա եր­գե­լու պա­հին Ախը­լոճը կը թպրտար եւ ու­շագնաց վայր կ՚ընկնէր՝ ձե­ւաց­նե­լով թէ կը մեռ­նի։ Կը սկսէր սուգ ու շի­ւանը, որ­մէ տան երա­խանե­րը սար­սա­փահար կ՚ըլ­լա­յին։ Ետ­քը Ախը­լոճին հե­տեւող տղա­ները կը սկսէին շփել նրա դէմ­քը, ձեռ­քե­րը, իբր թէ արթնաց­նե­լու հա­մար։

Ախը­լոճն ալ յան­կարծա­կի վեր կը թռնէր, «կ՚արթնա­նար», կը վերցնէր դա­գանա­կը եւ այն ճո­ճելով ան­խօս կը շրջէր տան մէջ, ին­չը էլ աւե­լի կը վա­խեց­նէր տան մա­նուկնե­րուն։ Վեր­ջը տան ան­դամնե­րը ջուր կը սրսկէին Ախը­լոճի վրայ՝ նրան վռնտե­լու հա­մար, իսկ Ախը­լոճը դա­գանա­կով կը հա­րուա­ծէր իրեն ջրող­նե­րին։

Պաս պա­պին կ՚ու­ղեկցէին եր­կու ոգի­ներ՝ Փախ­լա­ճօղ­լին եւ Քե­պապ­չօղլին։ Փախ­լա­ճօղ­լին, այ­սինքն՝ պակ­լայ մշա­կողի որ­դին, կը հսկէր պա­սը լու­ծող երե­խանե­րի վրայ, իսկ Քե­պապ­չօղլին՝ խո­րոված անո­ղի որ­դին, կը հսկէր ու­տի­սի վրայ։

Բա­րեկեն­դա­նի վեր­ջին օրե­րին այս եր­կուսը, ճիշդ Պաս պա­պի եւ Ու­տիս տա­տի պէս, միշտ կռուի մէջ էին։ Բա­րեկեն­դա­նի վեր­ջում կը յաղ­թէր Փախ­լա­ճօղ­լին, իսկ աւագ շա­բաթուայ վերջ՝ Քե­պապ­չօղլին եւ առոյգ Ու­տիս տա­տը՝ իւ­ղոտ շե­րեփը ձեռ­քին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ