Մահ՝ Ալպերթ Մկրտիչեանի

28Փետ­րուարի առա­ւօտուայ ժա­մերուն իր վեր­ջին շունչը աւան­դեց հայ շար­ժանկա­րի անուանի դէմ­քե­րէն Ալ­պերթ Մկրտի­չեան։ Ան կրտսեր եղ­բայրն էր հայ շար­ժանկա­րի մեծ դե­րասան Մհեր Մկրտի­չեանի եւ բե­մադ­րած էր իր եղ­բօր դեր ստանձնած կարգ մը ֆիլ­մե­րը։ Մա­հուան գոյ­ժը հրա­պարա­կուե­ցաւ «Ար­մենփրես» գոր­ծա­կալու­թեան կող­մէ հե­նելով Մհեր Մկրտի­չեան ար­տիստա­կան թատ­րո­նէ հա­սած տե­ղեկու­թեան։ Ալ­պերթ Մու­շե­ղի Մկրտի­չեանը ծնած էր 27 Փետ­րուար 1937-ին Լե­նինա­կանի մէջ։ Հայ­րը Մու­շեղ Մկրտի­չեան ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զապուրծ փրկուած մշե­ցի ըն­տա­նիքի մը զա­ւակն է։

Ալ­պերթ Մկրտի­չեան 1960-ին աւար­տած է Երե­ւանի գե­ղարուես­տա-թա­տերա­կան ինստի­տու­տի դե­րասա­նական բա­ժինը։ Ապա ու­սումը շա­րու­նա­կած եւ 1971-ին ալ շրջա­նաւարտ եղած Մոս­կուայի Կի­նեմա­թոկ­րա­ֆիայի ինստի­տու­տէն։

Երի­տասարդ արուես­տա­գէտը ար­դէն իսկ ստանձնած էր բե­մադ­րի­չի պաշ­տօն հայ­կա­կան հե­ռուստաս­թիւտիայի մէջ։ Իսկ 1971-էն ետք ան պաշ­տօն ստանձնեց Հայ­ֆիլմ սթիւ­տիանե­րու մէջ, իբ­րեւ բե­մադ­րիչ ռե­ժիսոր։

Ժո­ղովուրդի յի­շողու­թեան մէջ իր վաս­տա­կը կ՚ան­մա­հանայ «Մեր ման­կութեան թան­կոն» ֆիլ­մի շնոր­հիւ, ուր յե­տադարձ ակ­նարկ մըն է ման­կութեան տա­րինե­րուն, ապ­րումնե­րուն մէ­ջէն ցո­լաց­նե­լով 1960-ական կամ 70-ական տա­րեթի­ւերու Կիւմրիի ըն­կե­րային կեան­քը։ Մեր ման­կութեան թան­կոն շատ աւե­լի փայլ ստա­ցած էր շնոր­հիւ Տիգ­րան Ման­սուրեանի յա­տուկ այս ֆիլ­մի հա­մար յօ­րինած երաժշտու­թեան։ Ալ­պերթ Մկրտի­չեան բա­ցի իր բե­մադ­րո­ղի եւ սցե­նարի հե­ղինա­կի վաս­տա­կէն եր­կար տա­րիներ նաեւ սե­րունդներ պատ­րաստած է դա­սաւան­դե­լով Կիւմրիի տրա­մաթի­քական դպրո­ցի, Երե­ւանի Մհեր Մկրտի­չեանի անուան երի­տասար­դա­կան թատ­րոննե­րու մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւանի հայկական, պետական, մանկավարժական համալսարանէ ներս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ