Շանլը հրաժարեցաւ Տէր Զաւէն վերադարձաւ

Նախորդ շաբաթը բաւականին փոթորկոտ էր Կե­­տիկ­­փա­­­շայի Սուրբ Յով­­հաննէս եկե­­ղեց­­ւոյ հո­­գեւոր հո­­վիւին, թա­­ղական խոր­­հուրդին եւ թա­­ղեցի­­ներուն հա­­մար։ Պատ­­րիար­­քա­­­կան ընդհա­­նուր փո­­խանորդ Արամ արք. Աթէ­­շեան եկե­­ղեց­­ւոյ եր­­կա­­­րամեայ երէց Տէր Զա­­ւէն քա­­հանայ Պը­­չաք­­ճըն նշա­­նակած էր Ենի­­գաբուի եկե­­ղեց­­ւոյ ծա­­ռայու­­թեան եւ այդ եկե­­ղեց­­ւոյ հո­­վիւ Հայր Եղի­­շէ վար­­դա­­­պետ Ուչքու­­նեանն ալ նշա­­նակած էր Կե­­տիկ­­փա­­­շա։

Փո­­խանորդ սրբա­­զանի այս որո­­շու­­մը մեծ յու­­զում եւ հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռեց եկե­­ղեց­­ւոյ ծու­­խին հա­­մար։ Կի­­րակի օր մեծ բազ­­մութիւն հա­­ւաքուած էր Ս. Պա­­տարա­­գի արա­­րողու­­թեան ըն­­թացքին։ Աւար­­տին յա­­րակից սրա­­հին մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ հիւ­­րա­­­սիրու­­թիւն, ուր Տէր Զա­­ւէն քա­­հանայ հայ­­րը նախ յայտնեց իր հրճուան­­քը, եկե­­ղեց­­ւոյ ժո­­ղովուրդին ան­­ձին դէմ ցու­­ցա­­­բերած հա­­մակ­­րանքին հա­­մար։ Տէր հայ­­րը նշեց թէ եկե­­ղեցին եւ պատ­­րիար­­քա­­­րանը ժո­­ղովուրդին սե­­փակա­­նու­­թիւնն են եւ ժո­­ղովուրդը պէտք է զգոյշ գտնուի այս դժուարին անցման շրջա­­նը բո­­լորե­­լու ժա­­մանակ։ «Եթէ կը նկա­­տէք Արամ սրբա­­զանի այս կամ այն սխա­­լը, մի վա­­րանիք ուղղա­­կի իրեն ըսե­­լու։ Բայց խու­­սա­­­փեցէք ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու վրայ բան­­բա­­­սանքնե­­րէ եւ նա­­խատինքներ շա­­րադ­­րե­­­լէ»։

Այս առ­­թիւ ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ նաեւ եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապետ Յա­­րու­­թիւն Շան­­լը, կոչ ուղղե­­լով պատ­­րիար­­քա­­­րանին մին­­չեւ Եր­­կուշաբ­­թի սրբագ­­րել այս սխալ որո­­շու­­մը եւ չե­­ղեալ հա­­մարել Տէր Զա­­ւէնը Ենի­­գաբու փո­­խադ­­րե­­­լու մա­­սին հրա­­մանա­­գիրը։

Յա­­ջոր­­դող օրե­­րուն բա­­նակ­­ցութիւններ տե­­ղի ու­­նե­­­ցան Աթէ­­շեան սրբա­­զանի, թա­­ղական խոր­­հուրդի եւ կարգ մը բա­­րերար­­նե­­­րու մի­­ջեւ։ Ստա­­ցուած տե­­ղեկու­­թեան հա­­մաձայն Աթէ­­շեան սրբա­­զան յօ­­ժարած է տէր հայ­­րը իր պաշ­­տօ­­­նին վրայ պա­­հելու, պայ­­մա­­­նաւ որ թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապե­­տը հրա­­ժարի իր պաշ­­տօ­­­նէն։

Այս զար­­գա­­­ցումնե­­րէն ետք Կե­­տիկ­­փա­­­շայի եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապե­­տը 28 Փետ­­րուար Չո­­րեք­­շաբթի նո­­տարի մի­­ջոցով հրա­­ժարե­­ցաւ իր պաշ­­տօ­­­նէն յա­­նուն եկե­­ղեց­­ւոյ երէ­­ցին իր պաշ­­տօ­­­նին վրայ մնա­­լուն։

«Ակօս»ի հար­­ցումնե­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նելով Շան­­լը կը յայտնէ, թէ Աթէ­­շեանի ուղղեալ քննա­­դատու­­թիւննե­­րու հե­­տեւան­­քով փոր­­ձուած է ինք եւ եկե­­ղեցին պատ­­ժել։ Տէր Զա­­ւէն այս զար­­գա­­­ցումնե­­րու ըն­­թացքին տրա­­մադիր էր նաեւ իր քա­­հանա­­յական կո­­չու­­մէն հրա­­ժարե­­լու։ «Քա­­հանա­­յին նման որո­­շու­­մը կան­­խե­­­լու հա­­մար ես պատ­­րաստ եղայ հրա­­ժարե­­լու։ Վեր­­ջերս Աթէ­­շեանի կարգ մը լու­­սանկար­­նե­­­րը շրջա­­գայու­­թեան դրուած էին դի­­մատետ­­րի ցան­­ցին վրայ։ Այդ լու­­սանկար­­նե­­­րու հա­­մար իմ կա­­տարած մեկ­­նա­­­բանու­­թիւններս վի­­րաւո­­րած են զինք։ Թե­­րեւս ես ալ հա­­տած ըլ­­լամ պատ­­շա­­­ճու­­թեան սահ­­մաննե­­րը, բայց մի մոռ­­նաք, որ իբ­­րեւ թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապետ ես առան­­ձին եմ Աթէ­­շեանը քննա­­դատե­­լու խնդրին մէջ եւ ան ալ այս քննա­­դատու­­թիւննե­­րը կ՚ըն­­դունի իբ­­րեւ անձնա­­կան պայ­­քար։ Լռե­­լով ոչ մէկ խնդիր կրնանք լու­­ծել, հե­­տեւա­­բար յետ այ­­սու դար­­ձեալ պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կեմ իմ քննա­­դատու­­թիւննե­­րուս»։

Յա­­րու­­թիւն Շան­­լըի հրա­­ժարու­­մէն ետք պատ­­րիար­­քա­­­րանը լու­­սա­­­րարա­­պետ Թա­­թուլ Ծ. Վար­­դա­­­պետ Անու­­շեանի ստո­­րագ­­րութեամբ շրջա­­բերա­­կան մը հրա­­տարա­­կեց, ուր կ՚ըսուէր թէ Տէր Զա­­ւէն քա­­հանան կը շա­­րու­­նա­­­կէ իր պաշ­­տօ­­­նին Կե­­տիկ­­փա­­­շայի Սուրբ Յով­­հաննէս եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։

Միւս կող­­մէ Սա­­հակ եպիս­­կո­­­պոս Մա­­շալեան իր դի­­մատետ­­րի էջին վրայ բա­­ցատ­­րութիւններ տուաւ քա­­հանա­­ներու պաշ­­տօ­­­նավայ­­րե­­­րուն փո­­փոխու­­թեան մա­­սին։ Մա­­շալեան յայտնեց, թէ այս մա­­սին լիազօ­­րու­­թիւնը կը պատ­­կա­­­նի պատ­­րիար­­քին, իսկ պատ­րիար­քի բա­ցակա­յու­թեան այդ աթո­ռը զբա­ղեց­նող փո­խանորդին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ