Մտքի հարթակը ներկայացուց համայնքային վիճակագրութիւնը

«Միտքի հարթակ» խմբակցութիւնը միջոց մը առաջ պոլսահայ հասարակութեան մէջ կատարած էր հարցարան մը, հասարակութեան համայնքային խնդիրներու հանդէպ դիրքաւորումը յստակեցնելու համար։ Այժմ այդ հարցարանը վերարժեւորուած է «Քոնտա» ընկերութեան կողմէ եւ արդիւնքները մեկնաբանուած 25 Ապրիլ չորեքշաբթի երեկոյ Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ։

Հարցաթերթիկներու պատասխանները ներկայացուեցան կրաֆիքներու օգնութեամբ։ Պարզուեցաւ գլխաւոր կարգ մը հաստատումներ, պատրիարքարանի իրավիճակին եւ առաքելութիւններուն վերաբերեալ։ Հարցումներուն պատասխանողներու մէջ կը տեսնուէր, թէ հասարակութեան 43 տոկոսը կ՚ուզէ պատրիարքարանին միայն կրօնական նիւթերով զբաղիլը։ Բայց «պատրիարքի ընտրութեան պահուն թեկնածուներու հասարակութեան ընկերային հարցերու մասին ծրագիրները նկատի ունենալով ձայնս կը ձեւաւորուի» ըսողները կը կազմեն 87 տոկոսի նման բարձր համեմատութիւն մը։

Հարցարանի մեկնաբանութիւնը տարիքներու բաղդատութիւնով ալ իմաստալից տուեալներ կը ներկայացնէ։ Օրինակի համար 17-32 տարիքի հատուածին մէջ գտնուողներու համար համայնքային կարեւորագոյն խնդիրը կրթական հաստատութիւններու բարելաւումն է։ 33-48 տարեկաններու միջեւ գտնուողները կարեւորագոյն հարց ըլլալով կը տեսնեն համայնքային հաստատութիւններու եկամուտին մէկ սնտուկի մէջ հաւաքուելու դրութիւնը։ Իսկ 49 եւ աւելի բարձր տարիք ունեցողներու նախապատուութիւնը կ՚երթայ պատրիարքարանին իրաւական մարմին մը ըլլալով ճանաչման եւ օրինական հանգամանք մը ունենալու խնդրին։

Ուշագրաւ արդիւնքներ ներկայացած են պատրիարքարանի վերագրուած առաքելութիւններու շրջագծով։ Պատրիարքարանի հոգեւորական պատրաստելու առաքելութիւնը մասնակիցներու միայն 1.6-ի կողմէ կը դիտուի իբրեւ գլխաւոր պարտականութիւն։ Նմանապէս միայն 1.7 տոկոսը կարեւորագոյն գործ ըլլալով կը դիտէ հոգեւորականներու ընկերա-տնտեսական բարելաւումը։ Նաեւ բաւական ցած է պատրիարքարանէն հասարակութեան կրօնական զգացումները բարձրացնելը ակնկալողներու համեմատութիւնը՝ 5.9։

Հարցարանի պատասխանողները մեծաւ մասամբ համակարծիք չեն «Թուրքիոյ հայ համայնքի վարիչները մեր բոլորին ապագային վերաբերեալ կարեւոր որոշումները կը կայացնեն հասարակութեան հետ խորհրդակցելով» հաստատումին։ Մասնակիցներու միայն 29 տոկոսը կը բաժնէ այս հաստատումը, իսկ 11 տոկոսը կը մնայ ձեռնպահ։

33-48 տարեկանի միջեւ գտնուողներուն ուղղուած «սա պահուն հայ վարժարան յաճախող զաւակ ունի՞ք» հարցումին 47.7 տոկոսը կը պատասխանէ այո եւ 50.5 տոկոսը ոչ։ Պատասխաններէն կը տեսնենք, թէ հասարակութեան մեծամասնութիւնը (կիներու 78 եւ այրերու 75 տոկոսը) մտահոգ է հայ հասարակութեան մշակութային ու ընկերային ապագայէն։ Այս մասին 17-32 տարեկանի միջեւ գտնուող երիտասարդները աւելի մտահոգ են 84 տոկոսով։

«Կը կատարեմ կրօնին պահանջները» ըսող կիները 71 տոկոս են, իսկ այրերը 57։ Սակայն «հայը պարտաւոր է հաւատացեալ քրիստոնեայ մը ըլլալու» հաստատումին հետ համակարծիք չեն կիներու 54.5 եւ այրերու 61.5 տոկոսը։

Եւս ուշագրաւ հարցում մըն է «պատրիարքի ընտրութեան նիւթով միայն կրօնական գործունէութիւններու կանոնաւոր կերպով հետեւողները կրնան կարծիք յայտնել» հաստատումը։ Այս առաջարկին դէմ արտայայտուողներու տոկոսը կը հասնի 80-ի։ Նմանապէս մասնակիցներու 63 տոկոսը հայ ըլլալու համար պայման չի տեսներ հաւատացեալ քրիստոնեայ մը ըլլալը։

Թրքահայ հասարակութիւնը ներկայացնող հաստատութեան մը կամ իշխանութեան մը կարիքը զգացողներու համեմատութիւնը 86 է։ Նաեւ 78 տոկոսը համոզուած է, որ նման ներկայացուցչութիւն մը կատարող օրինական հաստատութիւն մը կամ իշխանութիւն մը գոյութիւն չունի։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ